ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 8-ին, տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը:
Հրապարակուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի ու Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ստորագրուած յուշագիրին բնագիրը: Ծառուկեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը պիտի չառաջադրէ վարչապետի թեկնածու եւ պիտի չաջակցի վարչապետի ոեւէ թեկնածուի:
Հանդիպումի ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան նշեց, որ ինք կ՛աջակցի յեղափոխական շարժումին եւ անոր սկզբունքներուն: