Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԾԱՂՐԱՆԿԱՐԻՉ ՌԸՆԷ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԹՈՂԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

$
0
0

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
“Ժամանակ”

Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը վերաբերի ֆրանսահայ անմոռանալի ու մեծանուն ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւեանի (Հովիւ) թողած մեծ ժառանգութեան։ Հովիւը սփիւռքահայ եզակի արուեստագէտներէն մին էր եւ իր դիտարկումները այնպէս մը կը նկարէր, որ ժամանակի ընթացքին մաս կազմած են հայոց հաւաքական յիշողութեան։ Երեւնի ցուցահանդէսը կազմակերպուած է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ան իսկապէս խորաթափանց ուսումնասիրութեան մը հիման վրայ, նաեւ Հովիւեան ընտանիքի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ կեանքի կոչած է այս կարեւոր ծրագիրը։ Ցուցահանդէսը զուտ գեղարուեստական նշանակութիւնով չի սահմանափակուիր եւ ունի յիշողութեան վերաբերեալ կարեւոր ծալքեր։ Մինչ այդ, Հովիւի երէկուան ցուցահանդէսի բացումը յաւելեալ առիթ մը եղաւ նորոգ վախճանեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նկատմամբ յարգանք մատուցելու առումով։ Արդարեւ, Հովիւ եւ Ազնաւուր եղած էին ո՛չ միայն ժամանակակիցներ, այլեւ՝ մօտիկ բարեկամներ։ Ուստի, Հովիւի վրձինով պատկերուած Ազնաւուրները երէկուան ձեռնարկին ընթացքին ստացան բացառիկ նշանակութիւն։
Վերջերս իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր։ Անոր մահէն երկու օր յետոյ՝ երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ծրագրուած էր տակաւին շատ կանուխ եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները բնաւ չէին մտածեր, որ Շարլ Ազնաւուր, որու նկարները եւս պիտի ցուցադրուին այդ ցուցահանդէսին, կը մահանայ երկու օր առաջ, խոր սուգի մատնելով ամբողջ հայութիւնը, իսկ այս ցուցահանդէսի մթնոլորտը դարձնելով զգացական: Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր աշխատանքները մէկ այլ նշանաւոր ֆրանսահայու մը՝ ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւի՝ (Ռընէ Խորէն-Հովիւեան), որ եղած է Շարլի մտերիմներէն: Իբրեւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Ռընէ Հովիւ ձեւաւորած է Շարլ Ազնաւուրի համերգներէն շատերու ցուցապաստառները, նկարած է Շարլը՝ երգելու պահուն եւ անոնց մտերմութիւնը, որ եղած է երկու հայու մտերմութիւն, միաժամանակ, երկու ֆրանսացի տաղանդաւոր մարդու մտերմութիւն էր:
Ռընէ Հովիւ կեանքէն հեռացած է 2005 թուականին եւ ինչպէս ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան կ՚ըսէ՝ այդպէս ալ անյայտ մնալով հայաստանցի հանրութեան:
Երեւանի Նորարար փորձարական կեդրոնին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսը փորձ մըն է՝ անոր անունին եւ գործին ծանօթացնելու Հայաստանի բարձրաճաշակ արուեստասէրը: Ցուցահանդէսին յատկապէս Ֆրանսայէն ժամանած էին Ռընէ Հովիւի ֆրանսացի կինը՝ Եոլանտ Հովիւեան, դուստրը՝ Կայիլ Հովիւեան եւ երկու որդիները՝ Ուորէն եւ Քեւըն Հովիւեանները: Անոնք յուզուած էին իրենց հօր երեւանեան ցուցահանդէսի առթիւ, հակառակ որ հայերէն չէին խօսիր, բայց անոնց ֆրանսերէնը սրտառուչ էր եւ կը պատմէր իրենց զգացումներուն մասին: Ռընէ Հովիւ շատ ցուցահանդէսներ ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, բայց անոր Երեւանի առաջին ցուցահանդէսը հարազատներն ու նաեւ ձեռնարկին աջակցողները կարեւոր կը նկատեն: Ցուցադրուած հարիւրաւոր աշխատանքները զանազան նիւթերով եւ ժանրերով էին: Ռընէ Հովիւ ստեղծագործած է ինչպէս Ֆրանսայի մէջ, այնպէս ալ աքսորի տարիներուն, երբ իր ընտանիքը Ֆրանսայէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած էր, ուրկէ ալ աքսորուած է Սիպիրիա: Հոն, կատարելով անտառահատի ծանր գործը՝ ֆրանսահայ նուրբ հոգիի տէր այս արուեստագէտը երբեք չէ մոռցած արուեստի մասին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ նաեւ Ռընէ Հովիւի հօր՝ Վահան Հովիւեանի գիրքը, որ կը պատմէ Սեբաստիայէն Լիբանան, ուրկէ ալ Ֆրանսա, յետոյ Հայաստանէն ու Սիպիրիայէն անցած անոր ոդիսականը: Ներկաները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին նաեւ գիրքին հանդէպ, ուր թերեւս առաջին անգամ ամենայն մանրամասնութեամբ կը ներկայացուի հայրենադարձի մը խոհերը, աքսորի դաժանութիւնը, հայրենիքի երազներով Հայաստան եկածի եւ աքսորուածի մեծ վիշտը:
Ռընէ Հովիւի ցուցահանդէսը կը կրէ «Վերադարձ դէպի Արարատ» խորագիրը եւ Երեւանի մէջ կը շարունակուի եւս տասը օր, այնուհետեւ անոր նկարները կը վերադառնան Ֆրանսա:

ՎԱՀԱՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԹՈՌՆՈՒՀԻԻՆ՝ ԿԱՅԻԼ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ ԳԻՐՔԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հայրս՝ Ռընէ-Խորէն Հովիւեան երգիծանկարիչը, 2005-ին այս աշխարհէն հեռանալէ առաջ, ինծի տուաւ իր հօր՝ իմ մեծ հօրս՝ Վահանի, մօտ 330 էջնոց ձեռագիր յուշերը։ Ես երկար տարիներ «մասունքի» պէս խնամքով պահեցի զանոնք։ Բայց ափսոս ո՛չ ես, ոչ՛ ալ Ֆրանսա ծնած ընտանիքս հայերէն կը խօսինք եւ կը կարդանք։ Հայրենիքէն եկած ծնողքս, հակառակ որ քիչ թէ շատ կը գործածէր մայրենին, բայց մեզի չսորվեցուց։
Յետոյ, հետաքրքրասիրութիւնս զիս ստիպեց իմանալ հօրս երիտասարդութեան կեանքը եւ, իմ ծնունդէն առաջ մահացած մեծ հօրս պատմութիւնը։ Մինչ այդ գիտէի միայն, որ ցեղասպանութենէն փրկուած էր։ Ուրեմն ննջող այս էջերուն արթնացման յոյսը փայփայելով՝ փորձեցի ձեռնարկել վերծանումին ու թարգմանութեան։ Եւ այսպէս՝ մէկ տասնամեակ ձեռագիրը կ՚անցնէր հանգրուանէ հանգրուան, ձեռքէ ձեռք՝ մօտեցնելով հրատարակութեան բաղձալի պահուն։
Նախ պէտք է երախտագիտութիւնս յայտնեմ Ռէյմոն-Յարութիւն Գէորգեանին, որ 2009-ին եղաւ իմ առաջին խօսակիցս եւ այս բնագրի ընթացքին հաւատարիմ ու հաստատուն խորհրդատուն։
Յետոյ մէկը, որուն անունը ինծի անյայտ մնաց, որ 20 հոկտեմբեր 2011-ին Փարիզի Գիրքի ազգային կեդրոնին կազմակերպած «Յիշողութիւն եւ պատմութիւն։ Վկայութիւն եւ վէպ» համաժողովին Փիթըր Պալաքեանի թարգմանիչն էր, մատնացոյց ըրաւ այն մարդը, որ մասնակիցներուն անընդհատ հարցեր տուող եզակիներէն էր։
Այդ մարդը Հայկ Տէր-Յարութիւնեանն էր, որ անմիջապէս ձեռագրին նուիրեալ բարեկամը դարձաւ եւ, խորամուխ ըլլալով անասելի բծախնդրութեամբ ձեռնարկեց զայն ֆրանսերէնի թարգմանելու գործին։ Յատկապէս իրեն շնորհիւ ես առաջին անգամ ծանօթացայ մեծ հօրս պատմութեան եւ գիտցայ, թէ ան ալ փափաքած է, որ օր մը ձեռագիրը հրատարակուի ու թարգմանուի։

2013-ին Հայկը գացած էր Կեմերէկ եւ նկարներ բերած էր, որոնցմով առընչուեցայ իմ ընտանիքիս բնօրրանին, եւ Հայկը ինծի յորդորեց հոն երթալ։

Քանի մը ամիս յետոյ ճամբայ ինկայ, կարելի է ըսել՝ «կուրօրէն», առանձին, մինակ, հետաքրքրութենէն դրդուած՝ տեսնելու, թէ ի՞նչ է Կեմերէկ կոչուած այդ գիւղակը։

Կապադովկիոյ շրջանէն, երեք հանրակառք փոխելով, մօտ 170 մղոն ճամբորդեցի՝ պայուսակիս մէջ ունենալով գիրքին առաջին մօտ տասնհինգ էջի թարգմանութիւնը, ուր գիւղին կեանքն ու կենցաղն է նկարագրուած։ Այնտեղ նստայ ու կարդացի, ապա քննախոյզ թափառեցայ գիւղի փողոցներուն մէջ՝ ակնկալելով հրաշալի յայտնագործում մը:

Բայց՝ ոչ։

Վերադարձին տետրակիս մէջ գրեցի. «Շատ ժամանակ անցած է։ Վահանին բառերուն հնչեղութիւնը անէացած է։ Թշուառ գիւղ։ Չափէն աւելի փոխուած է։ Արիւնը ցամքած է հողին մէջ, սալաքարերուն տակ»։

Գիւղին բնանկարէն զատ՝ ոչինչի հանդիպեցայ:

Գիւղանկարը գծագրեցի, նկարագրեցի, լուսանկարեցի։ Երեւակայեցի, որ բնութեան տեսարանը, ի տարբերութիւն գիւղին, 100 տարուան ընթացքին, գրեթէ չէ փոխուած։ Մեծ հօրս մանուկ աչքերով դիտեցի տեսարանը։ Կ՚ապրէի շրջանի մը մէջ, որ ինծի անապատ կը թուէր, սակայն շատ հիւրընկալ թուրք ընտանիք մը զիս իր տունը հրաւիրեց՝ կարծելով, որ մոլորուած եմ պարտէզներուն մէջ։ Ընդունեց, կերակրեց, փորձեց հաղորդակցիլ։ Ընտանիքիս նկարները ցոյց տուի, ձեռքի շարժումներով եւ համր հայեացքներով մեր միտքերը փոխանակել ջանացինք։

Կէսօրը անց ջերմ շնորհակալութիւններս յայտնելով հրաժեշտ տուի։ Շարունակեցի քալել։ Բլուրի մը վրայ բարձրացայ, որուն գագաթին հօրս աճիւնէն քիչ մը փոշի լեցուցի՝ բաշխելով զայն քամիին։

Տետրակիս մէջ գրեցի. «Շրջակայքին թափառող շուները կը հաջէին եւ անոնց կը ձայնակցէին տնային շուները։ Կկոցած աչքիդ առջեւ՝ տեսարանի լոյսն ու գիծերը կը սփռուէին այնպէս, ինչպէս միայն Ինք կարող էր տեսնել»։

Եկած ճամբովս կրկին վերադարձայ:

2016-ի մարտին, դարձեալ Հայկ Տէր-Յարութիւնեանի ձեռամբ բնագիրը հասաւ Տիգրան Պասկեւիչեանին եւ Սաթենիկ Ֆարամազեանին։ Ծանօթացանք, երբ անոնք Փարիզ եկած էին՝ ներկայացնելու իրենց «Դարձ ի շրջանս իւր» վաւերագրական գեղեցիկ ժապաւէնը, որ կը պատմէր ներգաղթի, Խորհրդային Հայաստանի, Սիպիրիոյ աքսորին մասին։ Բան մը, որ երեխայ ժամանակ հէքեաթի պէս հայրս ալ կը պատմէր՝ մինչ քունս կու գար: «Սառած լիճեր, ձկնորսութիւն, անտառահատութիւն…»։

Խանդավառ ու վճռակամ՝ անոնք դարձան ձեռագրի հրատարակութեան նախաձեռնողները, որուն համար իմ սրտալի ու ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ։

Այս էջերը կը պարունակեն մեծ հօրս՝ Վահանին եւ իր գերդաստանին յուշերը, որ նաեւ պատմութիւնն են դժոխային ժամանակներուն այդ ճամբաներով անցած հազարաւոր անձերու։

Ես յոյսով եմ, որ այս հրատարակութիւնը կը բացայայտէ մեծ հօրս ջանքերը՝ մօրս, եղբայրներուս, Զօհրապ հօրեղբօրս, Ալիս հօրաքրոջս, զարմիկներուս, ինչպէս նաեւ շատերուս համար, որոնք կը փորձեն իրենց կեանքին արձագանգները գտնել մարդկային այս համապարփակ պատմութեան մէջ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles