Նորայր Տատուրեան
“Ակօս”
– Պարոն, ես գօտի չեմ բերած։
– Չե՜ս բերած… Ուշ չէ, դեռ ժամանակ ունինք։ Վէ՛մ, ընկերոջ մը հետ հիմա թաքսի նստէ, գնայ Ֆիրտուսի շուկայ։ Հեռու չէ։ Այո, վարորդը տեղը գիտէ։ Հոն յարմար գօտի կը գտնես։
Գօտիի մը բացակայութիւնը հարց պիտի չըլլար, եթէ յաջորդ օրուայ ուղեգրութեան վրայ գրուած չըլլար՝ «Էջմիածին», ու աշակերտներէն ակնկալած չըլլայինք «պատշաճ արտաքին ունենալ»։ Տղաներու պարագային ան կը նշանակէր՝ երկար թեւով նոր արդուկուած շապիկ, կերպաս տաբատ եւ սեւ կաշի կօշիկ։ Փողկապը պայման չէ, բայց՝ յանձնարարելի։ Վէմն ու Տարօնը կը մեկնին։ Մինչեւ որ վերադառնան, պանդոկի մէջ բաժակ մը թէյ խմելու առիթ կ՚ունենանք։
– Կը ներէք… Սեւ թէյ, երկու հոգիի համար։ Շնորհակալութիւն…։ Պերճուհի՛, այդ գօտին, որ արտադրուած է Չինաստանի մէջ, հասած է Երեւան Պարսկաստանի կամ Վրաստանի ճամբով եւ այժմ կը վաճառուի Ֆիրտուսի փողոցի բաց շուկայի սեղանիկի մը վրայ եւ, որուն համար Վէմը երեք կամ չորս հազար դրամ պիտի վճարէ՝ այդ գօտին ունի իր հասակէն աւելի երկար եւ ոլորապտոյտ պատմութիւն։
– Մենք գօտի չունի՞նք։
– Տեղական արտադրութիւն մը, կասկած չունիմ, թէ կայ։ Սակայն, այնպէս կ՚երեւի, թէ մենք աւելի կարեւորած ենք բառը եւ անոր հետ շինուած դարձուածքներն ու արտայայտութիւնները, քան՝ իսկական առարկան։ Նախ պէտք է յիշել, թէ հայկական առաքելական եկեղեցին Օգոստոսի վերջին շաբաթը պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր գօտիի գիւտը։ Տօն մը, որ 1774-էն ի վեր կը տօնենք։ Սակայն, հայը եւ գօտին իրարու կապուած են շատ աւելի հին դարերէն։ Հայկական յայտնի աւանդազրոյցը կը պատմէ. անյիշելի ժամանակներուն, մեր լեռները յաղթանդամ եւ հսկայ եղբայրներ էին։ Ամէն առտու կ՚ամրացնէին իրենց գօտիները, ապա կը բարեւէին միմեանց. «Բարի լոյս, եղբայր»։ Դարեր անցան։ Անոնք ծերացան։ Օրը մը ուշ արթնցան եւ ծուլացան՝…
– Հասկցայ ի՛նչ եղաւ- չկապեցին իրենց գօտիները։
– Ճի՛շդ այդպէս։ Աստուած տեսաւ, բարկացաւ։ Խախտուած էր ծիսակարգը։ Անոնք քարացան եւ լեռներ դարձան։
– Գօտինե՞րը, հապա։
– Գօտիները դարձան մեր լեռնաշխարհի դաշտերը։ Բանաստեղծ Վահան Գէորգեանը ունեցաւ նման պատկերացում. «Հայաստան աշխարհ յաւիտենական, չորս գետերը քո գօտիդ արծաթեայ»։ Հայ ազգի մտածողութեան մէջ գօտին մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ գործի առջեւ կազմ ու պատրաստ ըլլալու գաղափարը։ Ռափայէլ Պատկանեանը գրեր է.
Ա՜ մարդ, վեր կաց,
սառը ջրով լուացուի՛ր,
Գօտիդ կապէ, գերանդիդ ա՚ռ,
դաշտ հասի՛ր։
Պերճուհի՛, դժբախտաբար, յայտնի չէ «գօտի» բառին ծագումը։ Հրաչեայ Աճառեանը իր առաջարկը ունի, այլ լեզուաբաններ ունին այլ մեկնաբանութիւններ։ Ամենայնդէպս կը յաւակնինք ըսելու, թէ աշխարհի հնագոյն գօտիները Հայաստանի մէջ են, ինչպէս Սանահին գիւղի մէջ, քրմապետի դամբարանէն յայտնաբերուած օրացոյց-գօտին, որուն վրայ արտայայտուած են եղանակները, ամիսը, շաբաթը, ինչպէս նաեւ արեւադարձային եւ լուսնային տարին։ Գօտի բառը Աստուածաշունչի մէջ ունի այսպիսի պատմութիւն մը. «Երբ դուն պատանի էիր, ինքիրմէ՛դ գօտի կը կապէիր, կ՚երթայիր ուր որ կ՚ուզէիր. բայց երբոր ծերանաս՝ ձեռքերդ վեր պիտի բռնես, եւ ուրի՛շը քեզի գօտի պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր որ չես ուզեր»։
– Պարոն, ինծի եւ դասընկերուհիներուս համար գօտին պարզ զարդարանք է։
– Աւելին, «գօտի» բառը հայկական մշակոյթի մէջ կը նոյնանայ ամուսնութեան եւ պտղաբերումի հետ։ Եւ այդ բարակ, կարմիր գօտին՝ համշէնցիի կօդին, հաճընցիի գուդին եւ արցախցիի կէօտէն, իր նախշերով եւ արծաթ ճարմանդով՝ զգլխեց հայ աշուղին ու դարձաւ գեղջկական երգ։ Տաղասաց Դաւիթ Սալաձորցին երգեր է. «Որպէս ակունք զարդարեալ ես, գօտիդ թուլումուլ կապեր ես»։ Կոմիտաս վարդապետը լսեց ժողովուրդական երկու երգեր, սիրեց ու մշակեց զանոնք. «Կարմիր խնձոր գօտիդ եմ, սարին, օ՜, եար ջան, եարին, օ՜, եա՜ր ջան…», «Կապել ես քիրման գօտիկ, վա՜յ, քիրման գօտիկ»։ Որպէս արմատ՝ «գօտի» բառը, հակառակ բարդութիւն կազմող «գօտի-», «գօտ-ե» եւ այլ տարբերակներու, մնաց կարճահասակ։ Անոր հետ կազմուած բառերու թիւը աւելի մեծ չէ, քան՝ գօտիի մը վրայ բացուած ծակտիկներու թիւը։ Կան ուշագրաւ բառեր. գօտեպինդ, գօտելոյծ, գօտեկռիւ, գօտկազարդ, գօտէմարտ, համագօտի, միագօտի, ոսկեգօտի, պարագօտի եւ քաջագօտի։ «Գօտի»ի ամենէն համապարփակ յաջողութիւնը եղաւ իր ստեղծած դարձուածքները։ 80 հատ։ Տպաւորիչ թիւ մը։ Ան շրջանցեց կեանքի բոլոր ոլորտներէն՝ տնտեսական, ռազմական, քաղաքական՝ ու մեզի տուաւ պատկերաւոր արտայայտուելու հնարաւորութիւն։ Երբ նիւթական դժուարութիւն ունեցանք եւ խնայողութիւն պէտք էր ՝ «սեղմեցինք, կամ՝ ամրացուցինք գօտիները», երբ մեր ուժերը պէտք էր հաւաքել՝ «ժրեցինք գօտիները», իսկ երբ շատ կերանք՝ «պնդեցան մեր գօտիները»։ Ունինք նաեւ տեսակաւոր այլ գօտիներ. այրեցեալ, սառուցեալ, անվտանգ, բարեխառն, անմիջուկազէն, առափնեայ, առաջնային, արգիլուած, լռութեան, քայքայման…։
-Ես կը կարծէի, թէ անոնք կաշիէ, մետաքսէ, թաւշէ կամ արծաթէ կ՚ըլլան։
– Աւելին, Երեւանը ունի ծառապատ «Կանանչ գօտի», իսկ մեր բնաշխարհը ունի «լերանց գօտիներ», այսինքն՝ լեռնաշղթաներ։ Հանրապետութեան հարաւային սահմանի մօտ կը գործէ «Տնտեսական ազատ գօտի», իսկ սահմանէն անդին, Պերճուհի, կան գօտիներու ամենէն սարսափելիները. «հակամարտութեան» եւ «մարտական գործողութիւններու» գօտիներ։ Մէկ այլ տխուր տեսարան է Կիւմրի քաղաքը։ Ան կը շարունակէ ունենալ «Աղէտի գօտի»։ Կը զգամ, թէ անհամբեր կը սպասես լսել ամենաերկար գօտիները, տառերու հաշիւով, հարկաւ- «Հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու անսահմանափակ գործողութեան գօտի» եւ «Ռատիոտեղորոշումային կայանի անտեսանելիութեան գօտի»։ Պերճուհի, այս բոլոր պատմութիւններէն ետք երազիդ մէջ գօտի եթէ տեսնես, մի՛ վախնար, ան պարզապէս կը նշանակէ, թէ ամուսնանալ կը փափաքիս, բայց դեռ չես հանդիպած այդ տղուն, որուն պիտի սիրես։ Բայց, եթէ կորսուած է գօտիդ՝ սա վատ նշան է։ Աչալուրջ եղիր։ Թշնամիներդ աշխուժացեր են։
Տղաները կը վերադառնան։
– Պարոն, շատ լաւ գօտի գտայ եւ ալ աժան, չորս հազար դրամ։
– Ուրախ եմ, Վէմ։ Դուն պիտի չքարանաս…։ Պերճուհին հիմա կը բացատրէ քեզի։ Հակառակ իր քաղաքական եւ զինուորական փոթոթութիւններուն, «գօտի» բառը իր ամենապայծառ, եօթնագոյն արտայայտութիւնը գտաւ ծիածանի մէջ, որուն համար մեր մայրենին ունի ի՜նչ-ինչ անուանումներ. գօտի, գօտեկ, գօտիկ, Աստծու գօտի, Յիսուսի գօտի, Աստուածամարու գօտի, Մարիամ մօր գօտի, ծիրանի գօտի, կանաչ-կարմիր գօտի, սուրբ Կարապետի գօտի, Աստուածհայրիգի գօտի, տէրունական գօտի, գօտի Արամազդայ… Աշակերտներ կ՚արժէ այս զրոյցը աւարտել գեղջկական մէկ այլ երգով…։ Կը ներէք, մեր հաշիւը կրնայի՞ք բերել…, այո, երկու թէյ, շնորհակալութիւն։
Թէ ձիւն անի, սարից իջնեմ,
Գօտիս կապեմ, շեմիդ կանգնեմ,
Սաթ ու փիրուզ խալիչաներ
Փռեմ ճամբին, իմ տուն բերեմ։