Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Ետ Կը Կանչէ Իր Նախարարները

$
0
0

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Ետ Կը Կանչէ Իր Նախարարները
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2-ին, Ազգային Ժողովի մէկ որոշումը, որ կը միտէր յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները, մեծ փոթորիկ ստեղծեց , որուն արդիւնքվ Բաղրամեան պողոտայի Հ.Հ. Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շէնքի հարթակին մօտ, տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած հանրահաւաքը:
Նկատի ունենալով լարուած մթնոլորտը, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր ներկայացուցիչները ետ կանչեց Հ.Հ. կառավարութենէն։ Այս մասին, արտայայտուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Արսէն Համբարձումեան, աւելցնելով, որ յառաջիկային, Գերագոյն Մարմինը հանդէս պիտի գայ յատուկ պարզաբանումներով ու յայտարարութեամբ։
Իր խօսքին մէջ, Փաշինեան ըսաւ․- ,Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր աջակցած ուժերը, որոնք այդ նախագիծը դրած են շրջանառութեան մէջ ու քուէարկած, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս յայտարարած են հակայեղափոխութիւն: Բայց բոլորս կը տեսնենք, որ ատիկա պիտի չիրականանայ, հակայեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ տեղ չունի, որովհետեւ ժողովուրդը յաղթած է, եւ այդ յաղթանակը ոչ ոք կրնայ խլել: Հ.Հ.Կ.-ը պէտք է արմատախիլ ըլլայ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն: Հայաստանի քաղաքական դաշտէն պէտք է արմատախիլ ըլլան նաեւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք աջակցած են հակայեղափոխութեան»։ Ապա, Փաշինեան իր աշխատակազմին հրահանգեց պատրաստել Հ.Յ.Դ.-ն ու Բ.Հ.Կ.-ը ներկայացնող նախարարները աշխատանքէ զրկելու մասին որոշում:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles