
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1 Հոկտեմբեր 2018
Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Շարլ Ազնաւուրի մահուան բօթը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս եւ սուգի մատնեց աշխարհը, ո՛չ միայն արուեստի, այլ նաեւ երգիչին համակիրներու աշխարհը։ Ցաւակցական հեռագիրներ իրարու յաջորդեցին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս՝ անոր անունը կրող հրապարակին վրայ, իսկ մամուլն ու լրատու աղբիւրներ իրարու հետ մրցումի ելան, բանալու համար 94-ամեայ երգահան-երգիչին ասպարէզին տարբեր ծալքերը, յիշեցնելու՝ որ ան նաեւ յաջող դերասան էր ու մինչեւ վերջին շունչը մնաց բեմի վրայ, վայր մը, որ իրեն հարազատ եղած էր 1950-ական տարիներէն ի վեր։
Ազնաւուրի մասին շատ բան գրուած է ողջուցը, վաղն ալ պիտի գրուի երկար։ Պիտի բացուին այն էջերը, որոնք կը պատմեն հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ իբրեւ երգեցիկ դպիր՝ երգի աշխարհ անոր մուտքը, յետոյ՝ Էտիթ Փիաֆի նման հռչակաւոր երգչուհիի մը «պաշտպանեալ»-գործակիցի հանգամանքը, Ֆրանսայի երգարուեստի աշխարհը նուաճելը, որուն չափանիշն էր «Օլիմպիա» հռչակաւոր սրահին մէջ անվերապահ ծափահարուիլը, ապա, այդ բեմէն դէպի աշխարհի այլ բարձունքներ ոստումն ու իր բառին ու երաժշտական յօրինումներուն տարածումը աշխարհով մէկ։
Յիշուեցաւ ու պիտի յիշեցուի, որ ան հրապարակած է աւելի քան հազար երգ, սպառած է շուրջ 180 միլիոն ձայնասկաւառակ, գործակցած է բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ։ Մենք պիտի չմոռնանք նաեւ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, հսկայական ծառայութիւն մատուցեց մեր հայրենիքին ու իրաւամբ կոչուեցաւ միաժամանակ հայ ու ֆրանսացի, զոյգ պատկանելիութիւններէն մէկն ու միւսը հաւասարապէս ի սպաս դնելով երկուքին։ Այս բոլորը բաւարար երաշխիք են, որպէսզի անոր անունը արձանագրուի անմահներու շարքին եւ անոր արուեստի ժառանգութիւնը, իւրայատուկ դասականութեամբ, ապրի մարդոց յիշողութեան ու հոգիներուն մէջ։
Հայութեան դիտանկիւնէն, Ազնաւուր ամէն բանէ առաջ ու աւելի՝ յանձնառու արուեստագէտ մը եղաւ ու այդպէս ալ պիտի յիշենք զինք, նորերուն պիտի փոխանցուի յանձնառութեան այդ աւանդը։ Ան եղաւ Ցեղասպանութեան մասին արուեստի յուշակոթող կանգնող մը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժէն ետք ի նպաստ մայր հայրենիքին արուեստագէտներու «բանակ» մը համախմբողը։ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած «Անոնք ինկան» երգը, իսկ երկրաշարժին առիթով՝ «Քեզի համար, Հայաստան»ը իր անունը արձանագրեցին հայութեան իրաւուքներուն եւ Հայաստանի ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովող դրօշակիրներու շարքին։ Ան գործնապէս ցոյց տուաւ, որ արուեստը կարելի է եւ պէ՛տք է ծառայեցնել արդար դատերու, անոնք ըլլան պատմաքաղաքական խորքով թէ մարդասիրական մօտեցումներով։ Այս իմաստով, ան եղաւ ռահվիրաներէն մէկը։ (Բնականաբար կարելի չէ մոռնալ Աշոտ Մալաքեանի – Անրի Վեռնէօյ – նման խրամատակիցներ)։
Ահա թէ ինչպիսի՛ աւանդ մը կը թողու Շարլ Ազնաւուր՝ աշխարհով մէկ տարածուած հայ արուեստագէտներուն, ի՛նչ կալուածի մէջ ալ որ ստեղծագործեն անոնք։ Ու պէտք է ըսել, որ անոր քայլերուն հետեւորդներ չեն պակսիր, նորեր ի յայտ կու գան տարուէ տարի։ Այդ աւանդը կը կոչուի յանձնառութիւն մեր Դատին ու հայրենիքին նկատմամբ։
***

Ազնաւուրի մահուան գոյժը եւ անոր անմիջական արձագանգները առինք ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանի մը լրատուական յայտագիրէն։ Խօսնակը ըստ բաւականին պատշած ու լիարժէք գնահատական մը կատարեց մեկնող ֆրանսահայ արուեստագէտին մասին, յետոյ, կարճ հարցազրոյցներ ունեցաւ զայն ճանչցողներու հետ։ Մեր նպատակը այդ լրատուութեան թղթակցութիւնը արձանագրել չէ, այլ կþուզենք առանձնացնել երկու պարագայ, բացատրելու համար, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ Ազնաւուրի յանձնառութեան աւանդապահը ըլլալու հրաւէրով։
Խօսնակը հեռակայ կարգով զրուցեց լիբանանահայ երգչուհիի մը (որուն անունը մեզի ծանօթ չէր) եւ ֆրանսացի ծերակուտական տիկնոջ մը հետ։ Առաջինին ուղղուած հարցումներէն մէկն ալ այն էր, որ արդեօք Ազնաւուրի ո՞ր երգը իր նախասիրածն է։ Մտածեցինք. խօսնակը ափսէի վրայ առիթ մը կþընծայէ հայուհիին, որպէսզի պատասխանէ, թէ նախասիրած երգը «Իլ Սոն Թոմպէ»ն է, Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած վերոյիշեալ երգը, եւ քանի մը բառով ալ բացատրէ երգին շարժառիթը։ Յուսախաբ եղանք, երբ ան բոլորովին այլ ոլորտի մը մասին արտայայտուեցաւ։ Քանի մը ակնթարթ ետք, ֆրանսուհին առանց բառերը ծամծմելու խօսեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու ծանօթացման ճամբուն Ազնաւուրի ազդու դերին մասին, պատմելով սկզբնապէս անախորժ միջադէպ մը, որ սակայն շուտով դարմանուած է ու երկուքը վերածած է լաւ բարեկամներու։
Յաւելեալ մեկնաբանութիւն պէ՞տք է…։