Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱԿԱԹՈՒՐՔ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ

$
0
0

Ա․Ա․

Եւրոպայի տարածքին փոփուլիստներու շարժումը սկսած է լուրջ մարտահրաւէր մը համարուիլ՝ աւանդական Եւրոպական Միութեան հիմերուն, որոնք որոշ ժամանակէ մը ի վեր խարխլելու եւ հուսկ փուլ գալու վտանգներ կը դիմագրաւեն։
Զանգուածներու ընկերատնտեսական եւ քաղաքական պահանջները նկատի ունեցող եւ անոնց ընդառաջ գացող՝ փոփուլիստներու քաղաքական հեղինակութեան չհաւատացող կեդրոն աջ թէ կեդրոն ձախ հոսանքներու ներկայացուցիչները նախապէս կը հաւատային, որ եւրոպական ցամաքամասին մէջ ելեւմտատնտեսական տագնապին լուծումը այս հոսանքը պիտի տկարացնէ եւ ի վերջոյ պիտի մարին ազգայնական խմորումներ ունեցող կուսակցութիւնները։
Այդպէս չեղաւ։
Երբ Ֆրանսայի մէջ Էմանուէլ Մաքրոն յաղթեց եւ ծայրայեղ աջակողմեան Մարին Լը Փենի Ազգային Ճակատը պարտութեան մատնուեցաւ, քաղաքական մեկնաբաններ առաւել շեշտեցին փոփուլիստներու, այլ խօսքով ժողովրդականութեան հոսանքին ներկայացուցիչներուն մօտալուտ պարտութիւնը եւ չէզոքացումը՝ յայտարարելով,որ հոսանքը ի վերջոյ կորսնցուցած է իր ուժը։
Սակայն լաւատեսութիւնը երկար չտեւեց։ Սեպտեմբեր 2017-ին Գերմանիոյ Համար Այլընտրանք կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն շահեցաւ քուէներուն 12.6 առ հարիւրը եւ 94 երեսփոխաններով Պունտըսթակ մուտք գործեց։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին Անտրէ Պապիս իր ԱՆՕ կուսակցութիւնը Չեխիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէպի յաղթանակ առաջնորդեց եւ հասաւ վարչապետի պաշտօնին՝ ընտրական արշաւին ընթացքին կտրականապէս մերժելով գաղթականներու հոսքը։ Ան հռչակաւոր է իր ծայրայեղ ազգայնական գաղափարներուն համար։ Նոյնպէս Հոկտեմբեր 2017-ին Աւստրիոյ Ազատութիւն կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տիրացաւ քուէներուն 26 առ հարիւրին եւ քոալիսիոնին մաս կազմեց։ Այս տարուան Յունուարին Չեխիոյ նախագահ ընտրուեցաւ Միլոս Զեման, որ թունդ կերպով կ՛ընդդիմանայ գաղթականներու հոսքին՝ դէպի Եւրոպա։ Իսկ Մարտին Իտալիոյ Ֆայվ Սթար շարժումը, որ Եւրոպական Միութեան ներկայ դրուածքը կտրականապէս կը մերժէ, արձանագրեց նշանակալից յաղթանակ մը եւ վերածուեցաւ Իտալիոյ մեծագոյն կուսակցութեան, մինչ գաղթականներու ընդունումը արմատապէս մերժող Հիւսիսային Լիկա կուսակցութիւնը՝ նախկին ութ առ հարիւրին փոխարէն, ստացաւ քուէներուն նշանակալից տասնութ առ հարիւրը եւ կուսակցութեան առաջնորդ Մաթէօ Սալվինի յաջողեցաւ քաղաքական սակարկութեան մէջ մտնել յաղթական կուսակցութեան հետ եւ կազմել քոալիսիոն մը,որուն ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնեց։
Ինչն է յատկանշական հասարակաց գիծը վերոյիշեալ կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին են նաեւ Մարին Լը Փենի Ազգային Ճակատը, Հոլանտայի Ազատութեան Կուսակցութիւնը, Դանիոյ Դանիացիներու Կուսակցութիւնը, Հունգարիոյ Եոպպիք կուսակցութիւնը, Ֆինլանտայի Ֆիննս կուսակցութիւնը, Յունաստանի Ոսկեայ Արշալոյսը եւ Շուէտի Շուէտական Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը։ Բոլորն ալ ասպարէզ կը կարդան Եւրոպական Միութեան ներկայ կառոյցներուն եւ կը հետապնդեն ազգային շահեր՝ մերժելով Պրիւքսէլի միահեծան իշխանութիւնը եւ միջամտութիւնները, եւրոպական պետութիւններու ազգային եւ ներքին խնդիրներուն։
Այս բոլորին մէջ սակայն կ՛առանձնանայ Մաթէօ Սալվինի։Փոփուլիստ մը, որ արդէն իսկ հրապարակաւ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին մարտավարագէտին՝ Սթիվ Պէնընի գաղափարախօսութիւնն ու աշխարհայեացքը, միանալով անոր հիմնած հակաեւրոպական միութեան Շարժում հոսանքին, որ կը ջանայ Եւրոպական Միութեան ներկայ համակարգը մերժող եւրոպական կուսակցութիւնները համատեղել քաղաքական մէկ ընդհանուր հոսանքի մը մէջ։
Սալվինի այսօր Իտալիոյ թիւ մէկ ղեկավարն է, որուն յայտարարութիւնները, կեցուածքները եւ ընտրանքները կը ծափահարուին եւ կը ջատագովուին բաւական մեծ թիւ մը կազմող իտալացիներու կողմէ։Ո՛չ գաղթականներու, Այո՛ եւ ամէն բանէ առաջ Իտալիոյ։ Այս կարգախօսը արդէն իսկ հող շահած է Իտալիոյ տարածքին եւ բոլոր երեւոյթները եւ տուեալները ցոյց կու տան, որ Սալվինի պիտի յաջողի Եւրոպական Խորհրդարանի գալ տարուան ընտրութիւններուն ընդհանուր պատկերին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ։
Իսկ թէ ինչու Սալվինիի կեցուածքները կարեւոր են յատկապէս Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան արգելակման իմաստով, պէտք է յիշեցնել, թէ Սալվինի թունդ քննադատ մըն է Թուրքիոյ եւ Թուիթըրի իր հաշիւին մէջ նոյնիսկ գրած է, թէ աւելի լաւ է Եւրոպական Միութիւնը լքել եւ դուրս գալ անկէ, եթէ Թուրքիա մաս կազմէ անոր։ Նման կեցուածք դրսեւորող եւրոպացի ականաւոր քաղաքական գործիչի մը հետապնդած ընդհանուր ծրագիրը կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան ներկայ կառոյցները փոխելու եւ ազգային շահերուն առաւել կարեւորութիւն տալու ընտրանքին, որ եթէ կարելի ըլլայ Եւրոպական Խորհրդարանի յաջորդ ընտրութիւններուն կարգախօսին վերածել եւ Եւրոպական այս օրէնսդիր կառոյցին մէջ մեծամասնութիւն դառնալ, ապա Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ամբողջապէս կ՛արգելակուի։ Ասիկա յստակ է, թէկուզ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան՝ առաջնորդուելով տնտեսական շահերէ, զօրակցութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ անդամակցութեան։ Փոփուլիստներու հոսանքը Օրպանն ալ կրնայ սրբել։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles