Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԹԱՓԱՌԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

$
0
0

Մակար, 23 սեպտեմբեր 2018, Երեւան 

            Կիրակի: Անձրեւէն ետք լուացուած երկինք: Նստած ենք Կոմիտաս փողոցի մայթը գրաւած սրճարան-ճաշարանը: Ամրան վերջն է:

            Ինչո՞ւ հայկական թերթերը, ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը որպէս free lance լրագրող չեն օգտագործեր Կեդրոնականցին, լսելու համար ժողովուրդը:

            Երեւանը կ’եռայ. տօն, ընտրութիւն, ֆրանգօֆոնիա, կոռուպցիական յայտնաբերումներ… Արմենակի աչքով եւ ականջով տեսնել եւ լսել իրատես կը դարձնէ:

            Արմենակ պատմեց:

            – Վերանկախացման տօնի օրը թափառեցայ Երեւանի փողոցները: Կարծէք տօնը երեւանցիին համար չէր: Վաճառատուներ եւ կրպակներ բաց էին, մրգավաճառներու խանութները կը յորդէին սմբուկով, խաղողով, ձմերուկով: Ինքնաշարժի լուացման եւ իւղման իրարու կպած բազմաթիւ գործատեղիները փողոցի վրայ էին եւ հրաշք է որ ամէն օր քանի մը հոգի չեն ճզմուիր անիւներու տակ: Աշտարակ գացինք: Նոյն խառնակ շուկան էր եւ հինցած հանրակառքերը աղմուկով կ’անցնէին: Տօն չկար:

            – Լաւ է, մարդիկ կ’աշխատին,- ըսի:

            – Թափառելէ յոգնած եւ ծարաւ, իւղման կէտի մը կողքի քանի մը տախտակով կպցրած կրպակը մտայ թան խմելու: Մարդուն ծանօթ էի: Հարցուցի թէ ինչո՞ւ, անկախութեան տօնին, քաղաքը ամէն օրուան պէս է: Երիտասարդ մարդ էր: Գլուխը օրօրեց. «Ի՜նչ անկախութեան տօն, ըսէ՛ք անտիրութեան օր»:

            – Կը զարմանա՞ս: Հարցո՛ւր թոշակառուներուն, առանձին մնացած եւ զաւակ մեծցնող կիներուն: Սովետի կարօտ կայ:

            – Մակա՛ր, այսօր Երեւան աւագանի կ’ընտրէ: Ի՞նչ պիտի ընեն եւ ըսեն մէկ միլիոն երեւանցիները: Կեդրոնի մը քովէն անցայ, դպրոց մը, բակը ամայի էր, քուէարկողները զիրար չէին հրմշտկեր:

            – Անցեալին ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը գեղեցիկ տարազ մը ունէր իշխանութեան գլուխը զիրար փոխարինողներուն մասին, կ’ըսէր. blanc bonnet, bonnet blanc… սպիտակ գդակ, գդակ սպիտակ… Երեւանցիին համար միեւնոյնն է, մին կ’երթայ միւսը կու գայ, խոստումները կը մնան նոյնը, նոյնը կը մնայ չնչին աշխատավարձով եւ թոշակով ապրողներուն վիճակը: Յեղափոխութիւն, թաւշեայ կամ բիրտ,  փոր չի կշտացներ: Կողոպտուածի վերադարձը տեսական բան պիտի ըլլայ, իրենց առօրեան պիտի չփոխուի:

            – Յոռետես ես, Մակա՛ր, տե՛ս ուրախ տուրիստները: Անկախ ենք:

            – Տուրիստը քաղաքացի չէ, կու գայ, կ’երթայ: Սպասէ արդիւնքը: Եթէ երեւանցին վստահութիւն ունի, միլիոնով կը քուէարկէ:

            – Ճիշդ ես, եթէ չքուէարկեն, հոս ալ կրնան ըսել blanc bonnet, bonnet blanc…, գդակներու խաղ:

            Սրտմաշուք խօսքերէ ետք բաժնուեցանք: Ըսինք՝ կը հանդիպինք երեկոյեան, մեր տունը:

            Արմենակ եւ Էլպիս հասան ժամը ութին: Լուրերու ժամն էր:

            – Արմենակ,- ըսի,- ոչ մէկ ընտրական շրջանի մէջ քուէարկողներու տոկոսը 50%ի չէ հասած: Տարուբերած է 43%ի շուրջ:

            – Շատ խօսուեցաւ լեգիդիմութեան մասին: Տասնէ աւելի ցանկերու վրայ եթէ բաժնենք 43%ը, ի՞նչ կը մնայ իւրաքանչիւրին: Դժգոհութիւնը շահած է, լեգիդիմութիւն չտալով ոչ ոքի:

            Մտածեցի. ի՞նչպէս պիտի յաղթէ մէկը կամ միւսը երբ Երեւանցիները ոչ ըսած են: Կէսէն պակասով լեգիդիմութիւն կ’ըլլա՞յ. blanc bonnet, bonnet blanc:

            Մակարուհին սառը ձմերուկ բերաւ եւ կտրեց մտածումիս թելը:

            Հեռատեսիլը դարձուց էջը, ես ալ անջատեցի կապը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles