Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ Մ․Ա․Կ․-Ի ԵՒ «ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ»-Ի ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԷՆ

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Տեսակցութիւններու շարք մը, զրոյցներ, հանդիպումներ, Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն ելոյթ եւ անշուշտ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի «Հայաստան» ցուցահանդէսի բացում․․․ Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բեղուն շաբաթ մը անցուց Նիւ Եորքի մէջ։
Միջազգային գետնի վրայ, Փաշինեանի խօսքը շատ աւելի ընդունելութիւն գտաւ, քան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կիսատ-պռատ եւ անհամակրելի հրովարտակ-զեկուցումը։ Եթէ այս վերջինը Մ․Ա․Կ․-ի սրահին մէջ քմծիծաղի, խնդուքի եւ նոյնիսկ արհամարհանքի արձագանգներու արժանացաւ, պարագան նոյնը չէր վարչապետ Փաշինեանի խօսքերուն։
Անշուշտ, անտեղի է բաղդատել մեծ պետութեան մը ղեկավարն ու իր ծանրութիւնը՝ փոքր պետութեան մը ղեկավարին հետ։ Սակայն, այդ օր, դերերը փոխուած կը թուէին ըլլալ, եւ Միացեալ Նահանգներու նման երկրի մը ղեկավարը իր միջակութեամբ, անտրամաբանութեամբ եւ թեթեւսոլիկութեամբ ծիծաղի առարկայ դարձած էր, առիթ տալով որ այլ մեծ պետութիւններու ղեկավարներ լաւապէս պատասխանեն եւ քննադատեն։
Փաշինեանի եւ այլ բազմաթիւ ղեկավարներու խօսքերը, ուղղակի թէ անուղղակի, պատասխաններ էին Թրամփի աւելորդաբանութեան եւ ապիկարութեան։
Հ․Հ․ վարչապետը նաեւ կապ հաստատեց տարածաջրջանին հետ առնչուած ղեկավարներու հետ, որոնց կարգին Լիբանանի եւ Կիպրոսի նախագահներ Աունի եւ Անասթասիատիսի ու յատկապէս հարաւի դրացի՝ Պարսկաստանի նախագահ Ռուհանիի հետ։
Մեծ պետութիւններու ղեկավարներուն հետ, տեսակցութեան կողքին, նաեւ յիշատակելի էր Ռուանտայի նախագահ Փօլ Քակամէի հետ հանդիպումը, որ կը բացատրուի այն տրամաբանութեամբ, թէ արդի ժամանակաշրջանի առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած երկրին ղեկավարը կը տեսնուէր ութսուն տարի ետք միեւնոյն ճակատագրին ենթարկուած երկրի ղեկավարին հետ։
Յստակ էր Փաշինեանի հաղորդածը Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն։ Ան կը տեղեկացնէր, թէ ինչպէս իշխանութիւնը փոխանցուած էր առանց արեան ո՛չ մէկ կաթիլ թափելու։
Ազգային գետնի վրայ, տեղին է նշել, թէ ամերիկահայութեան հետ տեսակցութեան, ներկայ գաղութը՝ իր զանազան կուսակցութիւններով, միութիւններով, հիմնարկներով եւ հաստատութիւններով, միեւնոյնն էր։ Օրուան խօսք առնող ղեկավարն էր որ փոխուած էր։ Հոն ալ, վարչապետ Փաշինեան ներկայացուց յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան Հայաստանը իր հարցերով, մարտահրաւէրներով եւ ներկայ իրավիճակով։
Յամենայնդէպս, նմանօրինակ այլ հանդիպումներ ամերիկահայ այլ համայնքներու մէջ պիտի շարունակուին եւ շատ աւելի պիտի բացայայտուի Սփիւռք – Հայաստան գործակցութեան որդեգրուելիք աշխատանքը զանազան բնագաւառներու մէջ։
Սակայն, Փաշինեանի այցելութեան զուգադիպող կարեւորագոյն եղելութիւնը, անկասկած, «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի այդ վիթխարի ցուցահանդէսն էր, որ պարզ ու մեկին «Հայաստան» անունը կը կրէ։ Նոյնինքն Փաշինեան հմայուեցաւ երբ ըմբոշխնեց զանազան վայրերէ ժամանած գանձերը, որոնք կ՛ընդգրկեն եկեղեցւոյ մանրակերտեր, ոսկեզօծ մասունքներ, նկարազարդուած ձեռագիրներ, խաչքարեր, տպագիր գիրքեր եւ հազուագիւտ այլ իրեր, բերուած թէ՛ Հայսատանէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles