Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ․- “ՀՐԱՇԱՓԱՌ”-Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր, 2018, կէսօրէ ետք ժամը 5։00ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ “Հրաշափառ”-ի արարողութիւն, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի նորընտիր Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի պաշտօնակալութեան առթիւ։ Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, նախկին Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Օշական Արք․ Չօլոյեան, առաջնորդական “ասա”-ն փոխանցեց Նորընտիր Առաջնորդին եւ այդ առթիւ իր սրտի խօսքը ուղղեց անոր եւ ժողովուրդին։

Ապա Անուշաւան Եպիսկոպոս իր կարգին ուղղեց իր անդրանիկ պատգամը։

Սրբազան հայրերու խօսքը տեսնել ստորեւ,-

Գերաշնորհ Սրբազան Եղբայր

 Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին,

Հոգեւոր եղբայրներ,

Սիրելի, հաւատարիմ ժողովուրդ,

Երկու շաբաթ առաջ, Ճիշդ այս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Առաջնորդի ընտրութիւնը, եւ մեր երեսփոխանները՝ ձեր ներկայացուցիչները քուէարկեցին ի նպաստ Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանին։ Այսօր ահաւասիկ ինք այստեղ է, եւ կ՛ուզեմ երկու հիմնական մտածում, ժողովէն բղխած՝ արտայայտել․

Առաջինը՝ Սր։րբազան Հայրը ձեր վստահութիւնը ունի, եւ այդ վստահութեամբ է որ ինք իր առաջնորդական պաշտօնը պիտի կատարէ լրիւ նուիրումով, հաւատարմութեամբ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն եւ հեղինակութեան, բայց միւս կողմէ դուք ալ, որ վկայեցիք եւ ընտրեցիք զինք, դուք ալ պարտականութիւնը ունիք հաւատարմօրէն աջակցելու, մասնակցելու, եւ ոչ թէ միմիայն ներկայ գտնուելու։ Այս թեմին յառաջդիմութեան համար մեր հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանները, հոգաբարձուները, հաւատացեալ ժողովուրդը պարտաւորութիւնը ունին ամէն ձեւով օժանդակել, նպաստել Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծառայութեան։

Սիրելի Առաջնորդ Սրբազան Եղբայր,

Այս պաշտօնը, որ մեր ժողովուրդը ձեզի վստահեցաւ  պատասխանատու պաշտօն է։ Առաջնորդը տիտղոս չէ, Առաջնորդը առաջնորդողի, ղեկավարողի եւ ժողովուրդը Աստուծոյ տանելու զօրութիւնը եւ պարտականութիւնը ունի։

Երբ ձեռնադրուեցաք որպէս Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորական, այն ատենուընէ մինչեւ այսօր, բոլոր հոգեւորականներուս պարտաւորութիւնը եւ կոչումը կը մնայ նոյնը՝ ծառայել մեր եկեղեցիին եւ եկեղեցւոյ ճամբով՝ մեր ազգին։

Առաջնորդին պարտականութիւնը բազմերես է․ հոգեւոր, կրօնական, ազգային, դաստիարակչական, յարաբերական եւ նման ծանր պաշտօններ, որոնք այսօր ձեր ուսերուն կը դրուին, որպէսզի կարենաք այս ժողովուրդը հովուել եւ Քրիստոսի խօսքով այդ ծառայութիւնը ըլլայ քաղցր եւ բեռը ըլլայ թեթեւ։

Ինծի համար սրտի ուրախութիւն է այս պահուն իմ առաջնորդական “ասա”ն՝ գաւազանը, փոխանցելու  ձեզի որպէսզի դուք ալ մեր ժողովուրդը առաջնորդէք դէպի դալար մարգագետիններ եւ ձեր առաքելութիւնը ըլլայ Աստուածահաճոյ եւ մեր ժողովուրդին կողմէ ընդունելի։

Շնորհաւորութիւններ, Սրբազան Եղբայր։

«Առաջնորդ կենաց եւ պարգեւիչ ողորմութեան Քրիստոս Աստուած մեր»

 

Ամերիկայի Արեւելեան Ազգային Առաջնորդարանի հաւատարիմ – սիրելի ծխականներ, եւ թանկագին բարեկամներ։

Փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ տնօրինութեան, որով Շաբաթ, ութը Սեպտեմբերին,  Ազգային Երեսփոխանական Արտակարգ ժողովը ընտրեց Թեմիս հինգերորդ առաջնորդը՝ յանձին հող եւ մոխիր ծառայիս, որ իր կեանքին վերջին երեսուն չորս տարիները ծառայելէ ետք այս Թեմէն ներս՝ որպէս քարոզիչ, հովիւ ու Առաջնորդական փոխանորդ, այժմ կը հրաւիրուի ծանրագոյն լուծով իր համեստ լուման թողելու մեր բազմադարեան Ազգին եւ Եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ։

 

Առաջին հերթին որդիական խորին ակնածանօք իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին, իր տածած վստահութեան համար անձիս հանդէպ։

 

Շնորհակալութեան երկրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ նախորդ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ․ Օշական Ս․ Արքեպիսկոպոսին, որուն եղբայրական խնամքը վայելած եմ  Դպրեվանքէն ներս որպէս աւագ եղբայր, ապա որպէս միաբանակից, աւելի ուշ Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ որպէս գործակից, եւ իր Առաջնորդական փոխանորդը։

Շնորհակալութեան երրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ մեր համայնքները ներկայացնող Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն, որոնք կրկնակի զոհողութիւն յանձն առնելով, նուիրական իրենց պարտականութիւնը կատարեցին։

Նաեւ՝ խունկ եւ աղօթք Երանաշնորհ Տ.Տ. Զարեհ Ա․ եւ Խորէն Ա․ կաթողիկոսներու հոգիներուն, որոնք իրենց հայրական հովանիին տակ առին եւ կազմակերպեցին բարեխնամ այս Թեմը, ինչպէս նաեւ հոգելոյս Տ.Տ. Հրանդ Արքեպիսկոպոսի, Տ.Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոսի, ապա Հայրապետի, եւ Տ․Տ․ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի հոգիներուն, որոնք որպէս մշակ առանց ամօթոյ՝ գործեցին այս Թեմին մէջ ու անցան։

 

 

Սիրելիներ,

Առաջնորդական ընտրութեան կապակցաբար, թոյլ տուէք որ իմ համոզումս բաժնեմ ձեր բոլորին հետ։ Հայ ժողովուրդը երկու հազար տարիներ առաջ ընտրած է իր մէկ եւ միակ Առաջնորդը՝ տիեզերքի արարիչ Հայր Աստուածը, որ լիապէս յայտնուեցաւ իր Միածին Որդւոյն եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսով եւ կը գործէ Սուրբ Հոգիով Հոգեգալուստէն մինչեւ երկրորդ գալուստ, եւ յաւիտեաններուն մէջ։ Այդ Առաջնորդին հետեւող՝ Հայ իրականութեան խոնարհագոյնէն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ապրող հաւատացեալները, որպէս “անձինք նուիրեալք”  ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով կերտեցին Հայ կեանքը՝ Հայոց պատմութիւնը, որուն ժառանգորդն է ներկայ սերունդը, եւ որ հրաւիրուած է նոյն գիտակից պատասխանատուութեամբ ապրելու եւ փառապանծ այս ժառանգը փոխանցելու յաջորդ սերունդին։

Այս հասկացողութեամբ,  Ազգ․ Երեսփոխանական Ժողովը ինչպէս անցնող 60 տարիներուն, այսօր եւս իր ուխտը նորոգեց կեանքի Առաջնորդ եւ ողորմութեան պարգեւիչ Քրիստոս Աստուծոյ հետ, ընտրելով անոր խոնարհ ծառան որպէս հոգեւոր վերատեսուչ, Ս․ Պատարագի ընթացքին արտասանուած մաղթանք/աղօթքին համաձայն “ընդ երկայն աւուրս ուղիղ վարդապետութեամբ” տնտեսելու Տիրոջ այգիին մէջ։

Այո՛, սիրելի հաւատացեալներ, ինչպէս կեանքի առհասարակ բոլոր բնագաւառներուն, նոյնքան եւ աւելի հոգեւոր կեանքի մէջ՝ մեծ կամ փոքր որեւէ պաշտօն կ՛ենթադրէ հեզութեան եւ խոնարհութեան ոգիով պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ ամբողջական յանձնառութիւն: Մանաւանդ՝ հոգեւոր Վերատեսուչի պարագային, կ՛ակնկալուի սրտի իւրաքանչիւր զարկի նման, ըստ կարելւոյն, մշտարթուն կերպով նորոգուիլ եւ նորոգել, ապրիլ եւ բաժնել ամէն մէկ գաղութի մտահոգութիւններն ու յաջողութիւնները։

Գիտակից եմ որ հոգեւորականի լուծը ծանր է ընդհանրապէս, իսկ Հայ եկեղեցականի լուծը՝ կրկնակի ծանր, որովհետեւ կ՛ընդգրկէ  տարբեր  պարտաւորութիւններ, որոնք յատուկ են միայն Հայ եկեղեցւոյ սպասաւորին, Գրիգոր Լուսաւորիչէն, Մեսրոպ Մաշտոց-Սահակ հայրապետէն եւ  Ղեւոնդ Երէցէն մինչեւ օրս, եւ անկէ անդին։ Կը հաւատանք որ Քրիստոսաւանդ պատգամով, թէ “Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ”, աստուածային իմաստութեամբ եւ սիրով առաջնորդուած, որպէս Տիրոջ այգիին մէջ գործող այգեպան, արդար ջրաբաշխում կը կատարենք՝ լաւագոյն հունձքի ակնկալութեամբ, ի խնդիր Ազգին եւ Եկեղեցւոյ հզօրացման եւ բարգաւաճման։

Այս պրիսմակէն դիտելով ներկայ պաշտօնը կը ստանձնենք՝ միշտ աշակերտելով մեր Առաջնորդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին եւ իր Աւետարանով ընթացած մեր Հայրերու իմաստութեան, որոնք Արարատեան աշխարհի  որդիներու  հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական ու մշակութային կեանքին մէջ ունեցան իրենց որոշադրիչ դերը։

Եւ այսօր, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ազգովին ոգեկոչելէ եւ նահատակները սրբադասելէ ետք՝ Հայ ժողովուրդի Յարութեան լաւագոյն երաշխիք հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը կը տօնախմբենք ամբողջ տարուայ տեւողութեան, երբ  մեր աչքերը կը սեւեռենք դէպի խոստմնալից ապագան՝ յուսով եմ որ «Հրաշափառ»ով սկսող այս նոր ծառայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին անցնող վաթսունամեայ առաքելութիւնը ապագային միացնող աստուածահաճոյ օղակ մը կը դառնայ, որուն համար ձեր բոլորին աջակցութիւնը հայցելով, կ՛եզրափակեմ Դպրեվանքեան մեր քայլերգի բառերով․-

Սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն,

բարձած խաչն ուխտի մեր բեռն,

ընթանանք յառաջ եղբարք.

նահանջելն է գործ անարգ,

վազենք հոգւով ակընդէտ,

նպատակին մեր ի կէտ։

 

Կրօնի հուրn եւ ազգի սէր,

զուգեակ իղձեր սերտ եւ սեռն,

ներշնչումի մեր հոգւոց.

թող լինի ոհ անբիծ բոց,

երկուքն ի մի անբաժան,

մեր սրտերու սրբարան։

 

Այո՛ Դպրեվանքի քայլերգը եւ անոր բառերու ոգին՝ ուսուցուած եկեղեցական ու աշխարհական մեր դաստիարակներու կողմէ, կաղապարեցին մեր միտքն ու հոգին եւ իրենց անջնջելի դրոշմը ձգեցին մեր անհատականութեան ու նկարագրի կերտման մէջ,

— Միշտ գործելու սիրտ սրտի եւ ձեռք ձեռքի,

— Միշտ յառելու Սուրբ Խաչին եւ նորոգուելու անկէ ճառագայթող անսակարկ զոհողութեան ոգիով ու յարութեան յոյսով,

— Միշտ ներշնչուելու անժամանցելի արժէքներով, ինչպիսին են կրօնի հուրը եւ ազգի սէրը,

եւ միախառնելու երկնապարգեւ կրօնի օրհնութիւնը երկրապարգեւ ազգին,

առանց բաժնելու իրարմէ, բայց նաեւ առանց շփոթելու մէկը միւսին հետ։

— Եւ վերջապէս՝ միշտ առանց տկարանալու ընթանալ նպատակակէտին։

Ա՛յս տեսլականով կը ստանձնեմ տկարիս վստահուած այս նոր պատասխանատուութիւնը, աղօթքի բառերը արտասանելով՝ “Առաջնորդ կենաց եւ պարգեւիչ ողորմութեան Քրիստոս Աստուած մեր”, քու ընտրեալ Հայ ժողովուրդդ որ ազգովին քեզ դաւանեց, ազգովին ողջակիզուեցաւ քու զոհասեղանիդ վրայ, պահէ ու պահպանէ առաջնորդելով մինչեւ յաւիտեանները: Ամէն։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles