Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Նիւ Եորքի Մէջ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումները

$
0
0

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան,  Սեպտեմբեր 24-ին Մ․Ա․Կ․-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ծանօթ անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէս, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ Ռուանտայի նախագահ Փօլ Քակամէ:

Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Մ․Ա․Կ․-ի միջեւ սերտ եւ ամուր համագործակցութիւնը` Մ․Ա․Կ․-ի հռչակած արժէքներու պաշտպանութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստէ մեր երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ յոյս յայտնած, որ այդ ծրագիրները ո՛չ միայն կրեն շարունակական բնոյթ, այլեւ ստանան նոր ազդակներ: Վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է Մ․Ա․Կ․-ի ու անոր կառոյցներու աշխատանքներուն մէջ եւ աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ի թիրախային հետագայ աջակցութիւնը Հայաստանին պիտի խթանէ եւ ամրապնդէ Հայաստանի զարգացման ներուժը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին` Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Անթոնիօ Կութիերէս յայտնեց, որ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի եւ զարգանայ: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն` Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու հոլովոյթը փայլուն օրինակ է եւ յոյս յայտնած, որ մեր երկիրը կ՛ընթանայ վերընթաց զարգացման ճամբով` իրականացնելով նորանոր բարեփոխումներ տարբեր ուղղութիւններով:

Կիպրոսի նախագահ Անասթասիատիսի հետ տեսակցութեան ընթացքին, Փաշինեան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու միջեւ կատարուող սերտ գործակցութիւնը, զանազան բնագաւառներէ ներս։ Իսկ Ռուանտայի նախագահ Քակամէի հետ, աւելի խօսուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, յառաջիկայ Հոկտեմբերին։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles