Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Փարիզի Մէջ․- Հայկական Առաջին Փառատօնը

$
0
0

Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կուժոն փողոցին մէջ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, նախորդ Կիրակի կայացաւ առաջին հայկական փառատօնը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Փողոցին մէջ դադրեցուցած էին երթեւեկութիւնը, եկեղեցւոյ դիմաց տօնական տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն, տարբեր տաղաւարներ եւ, ի հարկէ, հայկական ուտեստներ: Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցւոյ դիմաց ռեհանի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք կատարուեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը` Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ’Օթստեղի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մաքինաճեանի գլխաւորութեամբ:

Թեմի առաջնորդը պատմեց, որ նման փառատօն կազմակերպելու միտքը ինք յղացած է ընթրիքի մը ժամանակ: Երբ խօսած է իր այս նպատակի մասին, իր շրջապատին մէջ կարծած են թէ խօսքը ընդամէնը փոքր հիւրասիրութեան մասին է` «20 քեապապ-լաւաշով», բայց ան ըսած է, որ ինք մեծ ծաւալով ձեռնարկի մասին կը խօսի, խօսքը ոչ թէ 20, այլ` 2 հազար եւ աւելի հիւրի մասին է:

Սրբազանը ըսած է, որ այս փառատօնի իրագործմամբ ցանկացած է նաեւ հայ ժողովուրդի կերպարը ներկայացնել. «Օտար երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդին հիմնականօրէն Ցեղասպանութեան զոհերու հետ կը կապեն, ի հարկէ, մենք պէտք է խօսինք այդ մասին, բայց կ’ուզէի նաեւ, որ մեզի որպէս ուրախ ժողովուրդը ճանչնային, օտարները մեր երգն ու պարը տեսնէին, ծանօթանային մեր մշակոյթին: Եւ ուրախալի է, որ շատ օտարներ կան այսօր այստեղ:

«Դիւրին չէր այս ամէնը ընելը, պէտք էր ամբողջ փողոցի մը երթեւեկութիւնը կանգնեցնել, այն ալ այս «ոսկէ» թաղամասին մէջ: Այս ձեռնարկը իրականացաւ նաեւ մեր նուիրեալներու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ»,- նշեց հոգեւորականը:

Փառատօնի պաշտօնական կազմակերպիչներն են Ֆրանսայի հայոց թեմը եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը:

Աւարտին ներկաները դասական համերգ վայելեցին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles