
Նախարարը յայտնեց, որ Արամ Մանուկեան անհատը իր մնայուն գործունէութեամբ, պետականութեան կորուստէն ետք, կրցած է ստեղծել նոր հայրենիք, որ մեծ դեր խաղցաւ հայութեան համար:
«Բաւական երկար ժամանակ հայութիւնը զրկուած էր անկախութենէն, բայց, ի դէմս Արցախի, Սիւնիքի մելիքութիւններուն, հիւսիս-արեւելեան նահանգներուն մէջ դեռ կը պահպանուէին պետականութեան սաղմերը: Ծնած ըլլալով Շուշի, իբրեւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ՝ Ա. Մանուկեան կրցած է, Վան-Վասպուրականի մէջ, 72 օրուան ընթացքին, ստեղծել պետական կառավարման համակարգ: Այդ տարիներուն փորձը յետագային ան կիրառած է Ներքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատելու տարիներուն»,- եզրակացուց Յովհաննիսեան:
Երուանդ Փամպուքեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ գիրքին մէջ զետեղուած է Արամ Մանուկեանի տասնամեայ նամակագրութիւնը` ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ եւ կ՝ընդգրկէ 1904-1915 թուականները:
Հեղինակը նշեց, որ տպագրուած նամակները նոր շունչ պիտի հաղորդեն ու պիտի վկայեն այն բախտորոշ դերակատարութեան մասին, որ Ա. Մանուկեան ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ՝ յատկապէս յաղթանակով պսակուած Վան-Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:
«Գիրքին մէջ զետեղուած շուրջ 400 նամակները կը վերաբերին Հայ Յեղփոխութեան ամենատագնապալի ու բախտորոշ ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը պայքար կը մղէր իր ապագային համար: Գիրքը հրատարակուած է 10 տարիներու քրտնաջան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք։ Այդ տարիներուն ընթացքին ես մանրակրկիտ ուսումնասիրած եմ այն բոլոր թղթածրարները, ուր հնարաւոր էր գտնել Ա. Մանուկեանի գրիչին պատկանող գրութիւններ: Արամ Մանուկեանի առաջին նամակները թուագրուած են 1904-ի Նոյեմբերին, այն ժամանակ, երբ նախքան Վան անցնիլը՝ ան ժամանակաւորապէս կը մնար Իրանի Ատրպատական նահանգին մէջ: Սովորաբար անոր ձեռագիրներուն ընթերցումը, որոնք մեծ մասամբ կը պահուէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւին մէջ, մասնաւոր դժուարութիւն չէ ներկայացուցած: Դժուար ընթեռնելի եղած են միայն այն ձեռագիրները, որոնք խոնաւութեան պատճառով հինցած ու խամրած են: Գիրքին մէջ հրատարակուած նամակներուն հասցէատէրերուն անուններն ու տեղանունները գրուած են ծածկանուններով»,- շեշտեց հեղինակը:
Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօս, փրոֆէսըր Արարատ Վարդանեան, իր հերթին, տեղեկացուց, որ Ա. Մանուկեան իր յեղափոխական գործունէութիւնը սկսած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ ուսանելու տարիներուն: Ան մեծ հայրենասէր էր, երկրի արժանի զաւակ, ազնիւ, հեռատես քաղաքական գործիչ: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդի պայքարի գործին: