Շատ տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուած ու այս երկիրը հաստատուելով, երեք եղբայրներով, հազիւ տուն տեղ եղած էինք, յանկարծ ակամայ, պայմաններու բերումով, իրարմէ կը բաժնուէինք: Ամէն մէկս Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգերէ ներս կը սկսէինք շարունակել մեր կեանքը: Յուզումնախառն բաժանումի այդ օրերուն երեքով որոշած էինք, գոնէ տարին անգամ մը եւ յատկապէս երկար շաբաթավերջի մը զուգադիպող արձա-կուրդին, իրարու քով գալ, քանի մը օրերու համրանքով իրարու հետ ըլլալ ու այդ ձեւով իրարու կարօտ առնել: Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով դարձաւ աւանդական: Շինիչ ալ էր ու կարօտով լեցուն:
Ու այս անգիր համաձայնութենէն շատ չանցած, ամէն տարի, այդ ճշդուած արձակուրդին՝ մեր կիներով ու ձագերով մեծ քաղաքի մը պանդոկի մը մէջ կը մեկտեղուէինք ու կարօտի մեր զգացումներուն քիչ մը յուշ, քիչ մըն ալ ապրում խառնելով, կ’անցնէինք մեր ժամերը: Նախ միեւնոյն պանդոկին սենեակներուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, երեկոյեան՝ ճաշարանը իրար կը հանդիպէինք: Առաջին կէս ժամը իրար համբուրելով ու գրկուելով կ’անցնէինք: Աչքերնիս ակամայ կը խոնաւնար ու կամաց կամաց, երբ մենք մեզ զսպած կ’ըլլայինք, կը սկսէինք մեր իրարայաջորդող անհատնում հարցումներուն:
Կեանք ու կարօտ բնորոշող խօսակցութիւն, ու մանաւանդ բոլորիս հաշւոյն երանելի պահեր: Մէկուն տղան դպրոցէն ներս առաջնութիւն շահած էր: Իսկ միւսինը՝ նոր ակռայ հանած եւ կամ «հաքի» խաղցած ժամանակ՝ վիրաւորուած: Իսկ մեր զաւակները, մեզմէ իւրաքանչիւրէն նուէրներ ստացած, իրենց նոր խաղալիքներու աղմուկով կը լեցնէին ճաշարանը: Կարծես նոր տարի ըլլար: Բայց ընդունինք կամ ոչ, այդպէս էր: Նոր տարին յիշեցնող բան մը: Հաճելի ժամերով խառն, յուզիչ, անցեալի տխրութիւնն ու ուրախութիւնը շալկած՝ ժամեր ու ժամեր: Մեր միջեւ, այդ վայրկանին, անկասկած որ կարօտէն անդին ուրիշ բան մըն ալ կար: Անյայտ ներկայութեամբ բաներ մը: Մեր յուշերը: Այդ մեր անջնջելի ու անմոռանալի անցեալի կեանքի պատկերները, որոնք իրարու ետեւէ մեր մտքերուն մէջ առատօրէն կը ծնէին, ակամայ, ու սեղանը շրջապատող մթնոլորտը կարօտէն անդին, տարբեր գոյնով ու ձեւով կը պատէին:
Եկեղեցին շապիկ հագնելնիս, կամ մեզմէ մէկուն, հօրս բարեկամ դերձակի մը խանութը ամառնային աշխատանքը կատարած ըլլալը, կամ մօրս եւ կամ նոյնիսկ մեծ մօրս մեր խօսած մեծ սուտը կամ սուտերը եւ առաւել՝ յատկապէս մեր անպատիժ մնալը եւ տակաւին շատ ուրիշ «բաներ»: Այս բոլորը կը դառնային մեր անհատնում խօսակցութեան հիւսքը, առանց անդրադառնալու, որ յաջորդ տարի անգիտակցաբար նոյն յուշերը պիտի գային դարձեալ կրկնուելու մեր մտքերուն մէջ ու դարձեալ մեր մթնոլորտը ջերմացնելու իրենց նոյն շարքով եւ ուժգնութեամբ:
Ու այդ յուշերն էին, որոնք մեր ձայներուն տարբեր խանդ ու մեր դէմքերուն տարբեր երանգ կու տային ու մեզ անօրինակ երջանկութեան մը գիրկը կը նետէին: Տարուէ տարի, մեզի հետ մեծցող, մեր զաւակներն ալ սկսած էին մօտէն հետեւիլ մեր խօսակցութեան: Կեանքը զիրենք ալ հասնցուցած էր միաժամանակ մեր ներքին հպարտանքին տալով տարբեր կշիռք եւ չափ:
Հապա ետքը, տարիներ վերջ, հապա հիմա՛, երբ այլեւս իրենց խաղալիքները «կըրլ» կամ «պօյ ֆըրէնտ»ներով փոխարինուած էին, իրենց հետաքրքրութիւնն ալ ինքնաբերաբար շեղած ըլլալով, մեզ նետած էր նոր երանութեան մը գիրկը:
Մեր զաւակները մեծցած էին: Կը զգայինք այս մէկը, ու անոր գիտակցութեամբ կ’ապրէինք: Այսպէս կը դատէին մեր մտքերը: Այսպէս կը չափէին մեր տրամաբանութիւնները: Այսպէս էր նաեւ մարդոց կեանքին խաղը: Մարդիկ միշտ փոքր պիտի չմնային: Երանի թէ փոքր մնային. գոնէ իրենց հոգերն ու ցաւերն ալ փոքր կը մնային: Քանի մեր փոքրերը կը մեծնային ու հասակ կը նետէին, իրենց հետ կը մեծնային ու բազմանային նաեւ մեր մտահոգութիւնները:
Ու տակաւին, տարիներու ընթացքին մեր եւ իրենց միջեւ հաղորդակցական լեզուն ինքնա-բերաբար փոխուած էր: Հայերէնը, շատ յաճախ նահանջելով, իր տեղը տուած էր անգլերէնին: Այսպէս է Ամերիկայի կեանքը: Չէինք գիտեր: Երբ նոր հաստատուած էինք այս երկիրը, երբ նման երեւոյթի հանդիպէինք, կ’այպանէինք տեղացի հայերը: Իսկ հիմա, երբ մենք ալ «նոյն բաժակէն եւ նոյն ջուրը խմելու» ակամայ առիթն ու պատեհութիւնը կ’ունենայինք՝ այս անգամ լռելեայն՝ մենք զմեզ կ’այպանէինք:
Սակյն եւ այնպէս այս բոլորին դիմաց, կամաց-կամաց, երբ մեր աչքերը կը կեդրոնանային մեր զաւակներուն վրայ, որոնք պանդոկի հսկայ աւազանը իրենց աղմուկով կը լեցնէին, մեր մտածումները ինքնածին թռիչքով վերլուծումներու մէջ կ’իյնային:Անբացատրելի ու նոր մտմտուքի մը դրան մօտեցած էինք ընտանիքներով, նոյնիսկ ամբողջ մեր էութեամբ: Բայց տակաւին յամառօրէն կը բաղդատէինք, թէ ինչպէս ժամանակին մեր փոքր կամ երիտասարդ տարիքին՝ երեք եղբայրներով, հօր մօր եւ մեծ մօր հետ միասին, եօթը դրացիներով խճողուած բակի մը, մէկ սենեակի մը մէջ մեծցած ու հասակ առած էինք:
Մեր զաւակներուն համար այս մէկը հեքիաթի նմանող բան մըն էր: Նոյնիսկ առասպելական: Կարելի չէր մեր անցեալը իրենց ներկայի աչքերով դիտել եւ չափել եւ կամ հակառակը: Մեր դարը ուրիշ էր: Հիմա պահանջնքները ուրիշ էին, մտածելակերպը՝ տարբեր:
Ակումբ ունէինք: Գայլիկ կամ սկաուտ էինք: Եկեղեցին շապիկ կը հագնէինք: Յաճախ փողոցը, նոյնիսկ մեր ծնողքին ընկերակցութեան, երբ մեր ուսուցիչին հանդիպէինք, շուարումի կը մատնուէինք: Դրացի ունէինք: Գիտէինք լաւ դրացնութեան բոլոր գաղնիքները: Ազգականի մը չափ կը սիրէինք ու յարգէինք ու մեր կեանքի բոլոր հոգերը կը կիսէինք այս դրացի ըսուած անծանօթ ծանօթներուն հետ, հայ կամ արաբ: Հարազատութիւն կար: Կար նաեւ անկեղծու-թիւն, անմեղութիւն, կեանքի պարզութիւն եւ ուրիշ շատ բաներ: Տարին հազիւ մէկ երկու անգամ կը հայհոյէինք եւ անոր երեսէն շատ ծանր կը պատժուէինք: Ու կը պատժուէինք ոչ միայն տնեցիներէն, այլեւ նոյնիսկ դպրոցէն, մեր կնքահայրէն, մեր մօրեղբայրէն, մեր դրացիէն ու ազգականէն:
Իսկ հիմա: Ա~խ.- հիմա դարը ուրիշ էր: Ու միշտ ողորմած մայրս ըսած էր մեզի, որ դարը չէր որ փոխուած էր, այլ՝ ինքը մարդը: Դարը նոյնը է եղած միշտ: Մարդն է, որ իր կենցաղն ու մտածելակերպը փոխած է ու դարձած տարբեր մէկը: Մակերեսային՝ իր բոլոր շարժում-ներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ: : Դարը ի՞նչ յանցանք ունի: Դարը ի՞նչ գիտէ: Մարդն է դարուն տէրը: Մարդն է դարուն գոյն եւ ձեւ ու պատմութիւն տուողը: Ճիշդ էր:
Ու յաճախ կը մտածեմ, որ խեղճ հայրս, նոյնիսկ իր այնքան հոգերուն մէջ, երբեք օր մը իսկ իր մտքէն չէր անցուցած, նոյնիսկ չէր կասկակած մեր ինքնութեան, մեր հայու կերպարին վրայ: Իրեն համար մենք երեքով՝ իսկական հայեր էինք ու այդպէս ալ հայ պիտի մնայինք ու մեծնա-յինք եւ մեզի հետ պիտի շարունակուէր մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:
Երջանիկ էր հայրս: Անկեղծօրէն ինծի համար ծնողքս այն երջանիկներէն էին, որոնց զաւակները իրենց նման մեծցան ու … : Հապա հիմա:
Բայց…հակառակ այս բոլորին , շատ յաճախ մեր հարազատ զաւակներուն հետ իսկ ստիպուած կ’ըլլանք անգլերէնով խօսիլ: Ուրեմն…, ալ ո~ւր մնաց մեր հայութիւնը՝ կը մտածէինք երբեմն: Հապա հարսերը…, հապա մեր գալիք… թոռները….: Է~հ…:
Ու կր հաւատայի, որ «տօմինո»ի քարերու նման իրարու ետեւէ շարուած էին այս մտածումները եւ այն վայրկեանին, երբ քար մը իյնար. իրարու ետեւէ փուլ պիտի գային մեր բոլոր շարած միւս քարերը, մեր յոյսերը, հայու մեր հպարտանքը:
Տխուր իրականութիւն մըն էր խորքին մէջ այս պատկերը, որ երբեմն մտքիս ծայրէն կը սահէր ու զիս նոր մտմտուքի մը մէջ կը նետէր:
Եւ սակայն այս տարի, մեր աւանդական հանդիպման, երբ մեր զաւակները իրենց կիներով եւ ամուսիններով ու զաւակներով, զանազան պատճառներով ու պատրուակներով շուտով մը մեզմէ բաժնուած էին, երեք եղբայրներով լուռ կսկիծով մը, երկար ատեն զիրար դիտած էինք, անխօս ու լուռ:
Իմ կարգիս չէի կրնար անտարբեր մնալ այս նոր երեւոյթին, հետզհետէ մէջս ամբարուող ու կուտակուող այս տխուր իրականութեան դիմաց: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տունը, տոհմական կամ ոչ մեր երեքին զաւակները, անոնց հայութիւնը, անոնց խօսակցական լեզուն, անոնց մտածումը:Անոն հայ մնալն ու հայութիւնը
Այս մասին աւելի մտահոգ օր մը հարց տուի եղաբայրներուս, որոնք ապշահար ու անխօս այդ վայրկեանին երկարօրէն միայն զիս դիտեցին: Յանկարծակի ապտակի մը ազդեցութիւն ունէր հարցումս:Ո՛չ ոք ունէր պատասխան մը: Ո՛չ ոք կրցաւ պատասխանել: Պատասխանը իրենց մօտ չէր: Միայն այն գիտեմ, որ վայրկեանին միայն երեքով ներքնապէս կը գիտակցէինք, որ իսկապէս մեր ծնողները այս հարցին մէջ մէծ երջանիկներէն էին: Անոնք հաստատ գիտէին, որ իրենց ցանած սերմը հայկական արմատներ ունէր …:
***
Անոր համար, երբեմն, նոյնիսկ եղեռն ու սպանդ տեսած ծնողքիս, գաղտնօրէն ու լուռ՝ սկսած էի նախանձիլ: