Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը բացառիկ նիստ մը գումարեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժողովի միակ օրակարգն էր ընտրել նոր Առաջնորդ մը, որ պիտի յաջորդէր Թեմի անցնող քսան տարիներու Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ․ Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանին։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կը մասնակցէին 62 հոգեւորական եւ աշխարհական երեսփոխաններ։ Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ներկայացուած առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկէն, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 39 ձայնով ընտրեց Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանը, որպէս Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառը՝ Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս, իր 11 Սեպտեմբեր, 2018 թուակիր Հայրապետական նամակով վաւերացուց կատարուած ընտրութիւնը։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին