Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երեւանի Աւագանիի Արտակարգ Ընտրութիւններ․- Հ․Յ․Դ․-ի Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

$
0
0


Երեւանի աւագանիի արտակարգ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը տուաւ Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւէն: ՀՅԴ-ի կարգախօսն է «Միասին` Յանուն Երեւանի»:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, որ ըսաւ, թէ այսօր Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 128-ամեակը: Ըստ անոր, այս ընթացքին արձանագրուած են թէ՛ ուրախ ու պայծառ, եւ թէ՛ մութ ու արիւնոտ էջեր: «Այս էջը, զոր կը բանանք, ճակատագրական, բեկումնային պիտի ըլլայ Հայաստանի ու Արցախի համար: Պարտաւոր ենք միացեալ ուժերով լծուիլ այս ծանր աշխատանքին, որպէսզի Երեւանը ըլլայ բոլոր հայերուն հպարտութիւնը, անկախ անկէ` երեւանցի ես, թէ գիւմրեցի, մեր բոլոր հայերուն հպարտութիւնը, սիրտը Երեւանը պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Հ․Յ․Դաշնակցութեան ցանկը գլխաւորող Միքայէլ Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւի մեկնարկի վայրը պատահական կերպով չէ ընտրուած. 1918 թուականին Արամ Մանուկեան կրցաւ համախմբել երեւանցիները, մեր ժողովուրդը եւ յաղթանակ տանիլ Սարդարապատի հերոսամարտին: Այն ժամանակ Երեւանը տակաւին Հայաստանի մայրաքաղաքը չէր, քանի որ Հայաստանը նոյնիսկ անկախ պետութիւն չէր:

«Մենք Արամի տեսակն ենք` պայքարող տեսակ, միաւորող տեսակ», հաստատեց Մանուկեան եւ վստահեցուց, որ ՀՅԴ-ն կրնայ համախմբել երեւանցիները: Ըստ անոր, կ՛ակնկալուի դժուար աշխատանք, եւ ամբողջ խումբով երեւանցիներուն պիտի ներկայացնեն իրենց ծրագիրը` Երեւանի տեսլականը: Դաշնակցութեան թեկնածուն նաեւ տեղեկացուց, որ պիտի այցելեն բոլոր վարչական շրջանները` բակերուն եւ թաղերուն մէջ հանդիպելու քաղաքացիներուն` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ «Միասին` յանուն Երեւանի» կարգախօսով` յանուն ժամանակակից, կանաչ, գեղեցիկ, բարեկարգ, խնամուած Երեւանի, յանուն նոր սերունդի, հոգատար ու արդար, մշակութային ու համահայկական մայրաքաղաքի:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Միքայէլ Մանուկեան նշեց, որ Հ․Յ․Դ․-ի ծրագիրը շատ յաւակնոտ է, 30 օր շարունակ զայն մշակած են բազմաթիւ արհեստավարժ մասնագէտներ բոլոր ոլորտներէն` կանաչապատում, երթեւեկ, ենթակառոյցներու շինարարութիւն, համայնքային կառավարում եւ այլն: «Չկայ ոլորտ մը, որ ներառուած չըլլայ մեր ծրագիրին մէջ, եւ քարոզարշաւի ժամանակ պիտի ներկայացնենք այդ ոլորտները: Կարեւորը խօսիլը չէ, այլ գործելը, եւ ես վստահ եմ, որ միշտ կարելի է նիւթական միջոցներ գտնել` խնդիրներուն սպառիչ լուծում տալու համար: Կարելի է արդիւնաւէտօրէն համագործակցիլ թէ՛ սփիւռքի կառոյցներուն, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ: Կարեւորը արդիւնաւէտ գործելու կամքն է եւ ցանկութիւնը», դիտել տուած է ան:

Մանուկեանի համաձայն, Երեւանը պէտք է կանաչապատ գօտիներ ունենայ, երթեւեկի ոլորտին մէջ` միասնական երթուղային ցանց եւ միասնական տոմսի համակարգ:

Հաւաքին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեանը, որ Հ․Յ․Դ․-ի ցանկին մէջ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ: Ան նշեց, որ բոլորը պէտք է գործեն «յանուն»-ի սկզբունքով` յանուն հայրենիքի, ընդ որում` Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է այդ սկզբունքով: «Երեւանը պէտք է ըլլայ համահայկական մայրաքաղաք, ըլլայ ամէն հայու մայրաքաղաքը: Մենք ունինք փորձառութիւն եւ աշխարհասփիւռ մեր կառոյցին միջոցով բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած ենք, օրինակ` մեր ջանքերով կրցած ենք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ գտնել քոյր քաղաքներ` Սիսիանի, Կապանի, Վանաձորի, Շուշիի համար: Եւ այդ քոյր քաղաքները աջակցութեան ձեռք կը մեկնեն մեր քաղաքներուն», յայտնեց Ալեսիա Բեջանեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles