Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Չեղաւ, չպատահեցաւ… չստացուեց:
Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան՝ գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով՝ վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցումի, փոշիի, ձայնի, բաղաձայնի, «բարձրաձայն»-ի, սուր աղմուկի եւ շարունակ գերաղմկալի աղմուկի:
Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՛անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի էր կապուիլ հողին, յատկապէս՝ հայրենի հողին. զայն ջրել, խնամել, մշակել… «դաստիարակել»: Իր սրտին խօսած պարտէզ մը, ուր պիտի աւարտէր իր կեանքը… այդ նոյնինքն սիրտը իրեն դաւաճանած ըլլալուն պատճառով։
Միշտ ալ կարճ տեւողութիւն ունէր Երեւան այցելութիւնս, այնքան մը որ, ըստ Վահէին բացատրութեան եւ սրամտութեան, այն օդանաւով, որ կը ժամանէի, անով ալ կը մեկնէի: Շատ կ’ուզէր, որ երկար ժամանակ ստեղծուէր, եւ այցելէի իր այդ պարտէզը:
Մայիսեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ միեւնոյն օդանաւով պիտի չվերադառնայի ու գրեթէ շաբաթ մը մնայի եւ կը կարծէի, որ այս անգամ ի վերջոյ առիթ պիտի ունենայի Վահէին մշակած պարտէզը այցելելու: Սակայն չեղա՜ւ: Անգամ մը եւս առիթ չեղաւ անոր ջրած պարտէզը ըմբոշխնելու:
***
Ընդդիմատետրի ընկերս էր, շատ մօտիկ ընկերս՝
Վահէն:
Ինքը…ՀՈՆ իր հանգչած տեղէն, փոքր ժպիտ մը դէմքին … շուտով հասկցաւ ըսածս, սակայն կարդացողին համար հաւանաբար կարճ բացատրողական մը աւելի յստակացնէ թուղթին յանձնուած այս քանի մը տողերը:
Միշտ ալ կըկատակէի Վահէին հետ, թէ այնքան ատեն որ անգործ չեմ, ամուսնալուծուած չեմ, հիւանդ չեմ եւ …դեռ ողջ եմ, պիտի չունենամ Ֆէյսպուք՝ Դիմատետր, այսինքն պիտի ունենամ ընդդիմատետր:
Եւ հակառակ այս գոյավիճակին՝ կարծես օրական կապ կը հաստատէինք: Աւելի զարմացնեմ ընթերցողն ու անմիջական ծանօթներն ու պարագաները, ե-նամակով ալ հետեւողական կերպով կապ չէինք հաստատեր, նոյնիսկ ընկալուչն ալ սակաւաթիւ անգամներ կը վերցնէինք, սակայն երբ որ հանդիպէինք, կարծես դեռ երէկ իրարու հետ երկար զրուցած էինք:
***
Շատեր պիտի գրեն հաւատաւոր կուսակցական, ազգային տիպար Վահէին մասին: Պիտի անդրադառնամ իր անձին մասին, շատ աւելի դժուար պարտականութիւն մը, մանաւանդ որ մօտէն ծանօթ ըլլալով իր նկարագիրին, ան միշտ ալ լռիկ-մնջիկ տիպար մը եղած է եւ խուսափած՝ երեւելու տենդէն:
Եօթանասունականներու վերջերուն, Պարսկաստանէն ժամանած էր ան՝ տասնեակ մը ընկերներու հետ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին մէջ մասնագիտանալու: Քաղաքական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ Վահէին բերած օդանաւը զինք Լիբանան փոխադրէ եւ հոն ալ ձգէ: Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ հետագային շատ աւելի խորացաւ «Ազդակ»-ի երդիքին տակ եւ արեւմտեան Պէյրութի մէջ:
Ընկերային միջավայր մը ստեղծած էինք: Տարբեր ձիրքեր, զբաղումներ ու հետաքրքրութիւններ: Թուղթ խաղալ, ժամեր շարունակ ուտել, խմել ու ճառախօսել… այս բոլորը չէինք սիրեր:
Կը նախընտրէինք դիտել եւ ո՛չ դիտուիլ, նաեւ՝ ունկնդրել եւ ո՛չ ունկնդրուիլ, կարդալ ու կարդալ… Եւ այսպէս միասին կ’ունկնդրէինք երաժշտութիւն եւ բազմիցս կ’ուղղուէինք շարժապատկերի սրահ՝ ըմբոշխնելու համար ոչ հոլիվուտեան աւելորդաբանութիւններ:
Մեր նախասիրած շարժապատկերի սրահը «Քլեմանսօ»-ն (այժմ փակուած) էր, ուր բացի ցուցադրուող ժապաւէններէն՝ ամէն բան լքուած, փոշով ծածկուած եւ ապականած էր: Ի դէպ, ցուցադրուող ժապաւէններն ալ նոր պատրաստութիւններ չէին, բայց մակարդակ ունեցող գործեր էին, որոնք կրկին անգամ կը ցուցադրուէին: Իսկ ամէնէն կարեւորը, միշտ ալ պարապ էր այդ սրահը՝ մեր օրերու «Cinema Paradiso»-ն, ուր պաստառը լուսաւորող ոսպնեակին խշրտոցը շատ աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր: Այսպէս, լաւապէս բազմած եւ իրարմէ հեռու կ’ըմբոշխնէինք ցուցադրուող ժապաւէնը: Հոն, Չեփլինը կարծես գետին ինկած ծաղիկը, կոյր աղջկան յանձնելու ժամանակ մեզ ալ կըդիտէր եւ համակրելի պեխին փոքր շարժում մը տալով, կը ժպտար` այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ, միացէ՛ք ինծի եւ դուք ալօգնեցէ՛ք այսդ ժբախտ աղջկան: Իսկ Նիւ Եորքի թաքսիի խենթուկ վարորդ Ռապըրթ Տը Նիրոն, հայելիի ընդմէջէն իր զայրոյթը մեզի ալ կը յայտնէր՝ «Are you talking to me?» մը հարցադրելով եւ ատրճանակով սպառնալով:
***
Տարիներ ետք… գործ, ամուսնութիւն, ընտանեկան կեանք… փոխուած էր Վահէին շաբաթավերջի զբաղումը։
Այսպէս, իր բոլոր հոգերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած, յատկապէս կիրակի օրերը մշակ-բանուոր Վահէն կը ջրէր ու կը մշակէր իր պարտէզը: 17-րդ դարաշրջանէն «Վոլթէր»-եան պարզ փիլիսոփայական «Մշակենք մեր պարտէզը» («Քանտիտ») հասկացողութիւն մը, որ ան կը կիրարկէր…դարեր ետք:
Զանազան տեսակի բոյսեր, պտուղներու թուփեր կը մշակէր ան: Ու կը ջրէր, շարունակ կը ջրէր: Ան լաւապէս հոգ կը տանէր հողին՝ զայն խնամելով եւ արգասաբեր դարձնելով: Հողը թեթեւցած էր եւ այդպէս ալպիտի ըլլայ Վահէին համար: Կարիք չկայ հողին թեթեւութեան մասին ակնարկելու: Երկու խօսք ալ՝ հոն ծիլ առած ծաղիկներուն ու պտուղներուն մասին։ Անոնք երբեք որդնոտած չէին… թարմ ու համեղ էին: Կը կատակէի իրեն հետ, թէ՝ Արտամետի խնձորի հունտերը իր պարտէզին մէջ տեղ ունէին, շարունակ մատնանշելով միայն հունտերը եւ ո՛չ թէ՝ որդերը:
***
Աւա՜ղ։ Միասնաբար ծրագիրներ ունէինք, որոնք բոլորն ալ ջուրը ինկան։ Այսպէս, մեր Bucket list-ին (կատարելիքներ՝ նախքան անդենական մեկնիլը) մէջն էր միասնաբար Արեւմտահայաստան երթալ… Անի, Վան, Համշէն: Շատ կը փափաքէի, որ միասնաբար ըմբոշխնենք դաշնակահար Պրետ Մելտաուն՝ իր բնութեան յար եւ նման երաժիշտ մը: … Ի վերջոյ նաեւ այդ կատարելիքներու ցանկին մէջ էր պարտէզ այցելութիւնս:
Դժուար եղաւ այս քանի մը մտածումներն ու յուշերը թուղթին յանձնելս: Բայց վստահ եմ՝ ան գոհ պիտի մնայ:
Կարմիր գիծը չանցայ:
Փափաքածն ալ կատարեցի: Ոչ մէկ յիշատակելի յատու կանուն կամ մանրամասն նկարագրականով դէպք:
Դժուար օրեր անցուցած ենք, անբացատրելի զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ վայրկեաններ, սակայն ամէնէն ահաւորը եղաւ այն օրը, երբ ստիպուած եղանք միասնաբար թուղթին յանձնել մեր մօտ մահացած ընկերոջ մասին մահագրութիւն մը: Ի՜նչ սարսափելի եւ ընկճելի ակնթարթներ էին:
Հիմա ալ առանձնացած, Վահէին մասին մահագրութիւն… ի՜նչ ճակատագիր: