Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի Այցելութիւնը՝ Հայաստան

$
0
0


ԵՐԵՒԱՆ․- Անցեալ շաբաթավերջին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ պաշտօնական պատուիրակութեան մը հետ, այցելեց Հայաստան։ Վրաստան կատարած այցելութենէն ետք, ան ժամանեց Երեւան:
Ողջունելով վարչապետ Անկելա Մերքէլն ու գերմանական պատուիրակութիւնը` նախագահ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ այս պատմական այցելութիւնը նոր հորիզոններ պիտի բանայ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման համար:
«Կ՛ուզեմ գոհունակութեամբ նշել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են փոխըմբռնման եւ խոր վստահութեան վրայ: Գերմանիան Հայաստանի համար շատ կարեւոր գործընկեր է, բայց մեր համագործակցութիւնը կարելիութիւն ունի շատ աւելի ընդլայնուելու տարբեր մարզերու մէջ: Եւ, վստահաբար, չեմ կրնար գոհունակութիւնս չյայտնել Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու նաեւ այն քաղաքական աջակցութեան համար, որ կը զգանք Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութեան ընթացքին, քանի որ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին մեզի համար», յայտեց նախագահ Սարգսեան:
Անկելա Մերքէլ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ հիւրընկալուելու համար. «Համամիտ եմ ձեզի հետ այն առումով, որ մեր յարաբերութիւնները ունին չօգտագործուած ներուժ, որ պէտք է օգտագործուի քաղաքական, տնտեսական, գիտահետազօտական եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ: Մենք կ՛ուզենք մեր մասնակցութիւնը ունենալ Հայաստանի կողմէ յայտարարուած բարեփոխումներուն, ուշադրութեամբ կը հետեւէինք գարնան ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ գործընթացներուն: Պատրաստ ենք համագործակցութիւնը շարունակելու այս թերեւս դժուարին, բայց կարեւոր ճամբուն վրայ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Մերքէլի հետ, ապա տեղի ունեցած է երկու երկիրներու վարչապետներու միացեալ մամլոյ ասուլիսը:
«Մենք կը գիտակցինք, թէ 1915-ին ինչ սարսափելի իրադարձութիւն տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, այս փաստը պէտք չէ մոռցուի, եւ մենք մեր ներդրումը պէտք է ունենանք այս յիշողութեան պատմութեան մէջ», յայտնեց Մերքէլ:
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին, խօսք առնելով, ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ շատ մը հարցերու վերաբերեալ մեր տեսակէտները կը նոյնանան, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հսկայական ներուժ ունին: Գերմանիան առեւտրական եւ տնտեսական շրջանառութեան ծաւալով աշխարհի երրորդ գործընկեր երկիրը կը հանդիսանայ Հայաստանի համար, իսկ Եւրոպայի մէջ` առաջին երկիրը: Այս այցելութեան հիման վրայ մենք պիտի ունենանք միացեալ յստակ գործողութիւններու օրակարգ, որ կը վերաբերի զանազան մարզերու»:
Մերքէլ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին` ըսելով, որ Գերմանիան պատրաստ է ջանքեր ներդնելու Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման մէջ:

Մերքէլ այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։ Ան ծաղիկներ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Նաեւ, Գերմանիոյ վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկած է: Նշենք թէ, Յունիս 2, 2016-ին Գերմանիոյ Պունտըսթակը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:
Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս, Մերքէլ իր այցելութիւնը աւարտեց, այցելելով Ատրպէյճան։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles