Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Միքայէլ Մանուկեանը` Հ․Յ․Դ․-ի Քաղաքապետի Թեկնածու

$
0
0

Երեւանի աւագանիի` Սեպտեմբեր 23-ին նախատեսուած  արտահերթ ընտրութիւններուն Հ․Յ․Դ․-ի համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Անտառային  կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեանը: Լուրը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Հ․Յ․Դ․-ի կարգախօսը պիտի ըլլայ` «Միասին` Յանուն Երեւանի»:

Նշենք, որ երկար տարիներ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան նախապէս եղած է Ազգային ժողովի  պատգամաւոր: Ունեցած է կուսակցական աշխուժ աշխատանք` համակարգելով Հ․Յ․Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը:Տակաւին երիտասարդ տարիներուն Միքայէլ Մանուկեան զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա` Հ․Յ․Դ․-ի նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած է, ապա` արդարացուած:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles