Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՖԼՈՐԻՏԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ի 98-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

$
0
0

Ա․Մ․Ն․ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան 98-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 9-էն մինչեւ Կիրակի, Օգոստոս 12, Ֆլորիտայի Պոքա Ռաթոն շրջանին մէջ, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն «Սօսէ» մասնաճիւղին։
Չորս օրերու վրայ երկարող այս ժողովին քննուեցան կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ տարեշրջանի համար առաջարկներ:
Ժողովը վարեցին Սեդա Ադամեան (Քէյմպրիճ – Մասաչուսէց, «Շուշի» մասնաճիւղ, անգլերէն) եւ Մայտա Մելքոնեան (Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց, «Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղ, հայերէն), իսկ քարտուղարութեան պաշտօն ստանձնած էին Քնարիկ Գիլէճեան (Նիւ Ճըրզի – «Շաքէ», հայերէն). Ֆլորիա Գասպարեան (Նիւ Ճըրզի – «Ակնունի» մասնաճիւղ, հայերէն), Նուէր Օրանճեան (Նիւ Եորք – «Էրեբունի» մասնաճիւղ, անգլերէն) անգլերէն) եւ Անի Զարքարեան (Քէյմպրիճ – Մասաչուսէց, «Շուշի» մասնաճիւղ, անգլերէն):
98-րդ պատգամաւորական ժողովի հիւրերն էին՝ Հէտըր Քրաֆեան եւ Խաչիկ Մուրատեան: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Սիլվա Թագւորեան-Գույումճեան, Հ.Յ.Դ. արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ ժան Աւետիսեան եւ Գանատայի Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Անի Օհանեան։
Խաչիկ Մուրատեան ստացաւ «Ակնունի» շքանշանը, Հ․Օ․Մ․-էն ներս կատարած իր աշխատանքներուն պատճառով։

Խաչիկ Մուրատեան ստացաւ «Ակնունի» շքանշանը

Ժողովը խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Թալին Տաղլեանի եւ Սոնիա Պզտիկեանի, որոնք հետեւողական կերպով աշխատած էին, զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով։
Շրջանային Վարչութեան 2017-2018 տարեշրջանի կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.-
Սանտրա Վարդանեան (Նիւ Եորք, «Էրեբունի» մասնաճիւղ), Ճօանա Չիլինկիրեան (Քէյմպրիճ – «Շուշի» մասնաճիւղ), Հէտըր Քրաֆեան (Քէյմպրիճ, «Շուշի» մասնաճիւղ), Մարալ Նաքքաշեան (Ուաշինկթըն, «Սաթենիկ» մասնաճիւղ), Անի Աթթար (Տիթրոյթ – «Ցոլիկ» մասնաճիւղ), Մարի Անն Անտոնեան (Նիւ Ճըրզի – Պերկըն Քաունթիի մասնաճիւղ) եւ Սիլվա Սաղըրեան (Տիթրոյթ – «Ցոլիկ» մասնաճիւղ):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles