Image may be NSFW.
Clik here to view.
Կիրակի, Օգոստոս 5-ին, յատուկ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Հայր Անտոն Ծայրագոյն Վարդապետ Ադամեանի հրաժեշտը:
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին ներքեւ, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն: Օրուան հանդիսավարն էր Մարսէլ Քարեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեց Մարալ Տէր Թորոսեանը, որ ներկայացուց Հայր Անտոնին կարճ նկարագրականը; Ան յատկապէս նշեց թէ Հայր Անտոն պիտի յիշուի իր բարձր մակարդակի հայերէնով եւ ազգային ոգիով լի քարոզներով: Գաղութէն ներս գործօն հայորդիներ՝ Աւօ Պարմաքեան եւ Ժան Աւետիսեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Հայր Անտոնին։ Խօսք առին նաեւ բանաստեղծ Աւիկ Տերենց, ՝՝Հայրենիք՝՝ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան եւ Միտըլսէքսի շէրիֆ Փիթըր Գութուճեան, որ տարիներ շարունակ եկեղեցւոյ ծառայած է եւ անդամ է հոգաբարձութեան։Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելիլի Աւետիս Պէօյներեանն ալ վեր առաւ Հայր Անտոնի նուիրումը իր եկեղեցւոյ եւ գաղութին։
Գեղարուեստական յայտագրով, դաշնակահար Մարիա Մարգարեան-Քավլաքեան նուագեց երկու գործ, իսկ Հելէն Դաւիթեան ներկայացոից հայկակն մենապար մը։ Օրուան անակնկալն էր երիտասարդ ջութակահար Հայկ Յովսէփեանի ելոյթը, դաշնակի վևայ իր մօր ընկերակցութեամբ։ Այս տարուայ «Պոսթըն Փոփս»ի իբրեւ գլխաւոր երաժիշտ նկատի առնուած, ան նուագեց երկու գործեր։
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան, խօսք առնելով նշեց, թէ փոքր տարիքէն իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Հայր Անտոնը, որուն թելադրանքներուն եւ խորհուրդներուն հետեւած է:
Աւարտին, Հայր Անտոն խօսք առնելով, շեշտեց թէ իր ձայնը կու գայ Տէր Զօրի անապատէն: ՛՛Այդ չարչարուած, տեղահանուած ու ջարդուած ազգէն եկած է իմ հունտս՛՛, ըսաւ ան։
Նշենք թէ, ան պիտի վերադառնայ Միշիկըն, ուր պիտի ծառայէ տեղւոյն հօտին: