ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 14-ին, «Էրեբունի-Փլազա» պանդոկին մէջ նախատեսուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը: Խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք պանդոկին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած էին, կրցան մուտք գործել մամլոյ ասուլիսի վայրը եւ արգիլել ասուլիսի կայացումը:
«Մեր նպատակը ասուլիսը խափանելն ու դատարանի որոշումին հանդէպ ժողովուրդի վերաբերումը ցոյց տալն է», ըսին ցուցարարները, նշելով թէ Քոչարեանը իրաւունք չունի մամլոյ ասուլիսով հանդէս գալու, քանի որ ան այս պահուն մեղադրուող կողմ է:
Իսկ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան ըսաւ,- «Յստակ է, որ փորձ կը կատարուի լռեցնելու որեւէ կարծիք, որ հաճելի չէ իշխանութիւններուն: Ասիկա հակաժողովրդավարական դրսեւորում է, որ պէտք է խստօրէն դատապարտուի։ ․․․Անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս շեշտել, որ տեղի ունեցածը, ըստ էութեան, իշխանութեան կողմէ կատարուած ճարահատեալ ու կոպիտ փորձ մըն էր խոչընդոտելու քաղաքական ընդդիմախօսներու ազատ արտայայտուելու եւ հանրութեան հետ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ շփուելու կարելիութիւնը: »:
↧
Ռոպերթ Քոչարեանի Մամլոյ Ասուլիսը Խափանուեցաւ
↧