Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ՆՊԱՐԱՎԱՃԱՌԻՆ ՆՈՐԱԾԱԳ ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

 Մակար, ի Գաղիա

            Օգոստոս: Շոգ: Արմենակ եւ Էլպիս եկան այցելութեան: Որթատունկի ստուերին՝ գարեջուրով կը զովանայինք:

            Այս օրերուն, հայեր երբ իրարու հանդիպին կը խօսին թաւշեայ յեղափոխութեան մասին, միշտ յայտնելով այն միտքը, որ յանկարծ թաւիշը չդառնայ խարտոց կամ սղոց, ամբոխը չչարանայ…

            Կեդրոնականցիին կրնան նախանձիլ լրատու գործակալու-թիւնները, հայկական լրատուամիջոցները: Չգրուած եւ չլսուած լուրե-րու շտեմարան է ինք: Նորոյթ է think-tank-ը, ինք զարտուղի մարդոց զարտուղութիւններու թերթէն, ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն չլըս-ուածի tank է: Բնականոն հայկական լրատուութիւնը ողորկ կ’ըլլայ:

            Էլպիս եւ Մակարուհի կը խօսէին պտուղի եւ բանջարեղէնի սղութեան մասին, որ կը դժուարացնէր թոշակառուներու կեանքը: Այդ առիթ եղաւ, որ Արմենակ խօսի իր թաղի նպարավաճառին մասին:

            – Մակա՛րս, մեր թաղի նպարավաճառը ինքզինք հանգստեան կոչեց: Արդէն հարստացած է, ուսումնական զաւակները իր հասութա-բեր գործը պիտի չշարունակեն:

            – Խելօք մարդ ըլլալու է,- ըսի:

            – Այնքա՜ն խելօք, որ հիմա նոր փափաքներ ունի: Կ’ուզէ որ ազ-գը օգտուի իր փորձառութենէն: Սկսած է յօդուած գրել թերթերուն մէջ:

            – Լաւ է, ուրիշներ խաղատուն կ’երթան:

            – Յաճախ կը խօսակցէինք, երբ գնումի կ’երթայի իր քով: Տեղա-կան թերթեր կը կարդար: Ամէն անգամ որ հայութեան կամ հայու մա-սին տող մը գտնէր, մկրատով կը կտրէր եւ կը պահէր:

            – Ազգային մարդ ըլլալու էր:

            – Ճիշդ այդպէս: Հիմա որ դրամ եւ ժամանակ ունի, ունի նաեւ փառասիրութիւն: Եւ քանի որ ոչ երեսփոխան եւ ոչ քաղաքապետ պի-տի ըլլալ, ցանկութիւն ունի թերթին մէջ իր անունը տեսնելու:

            – Թող ճաշկերոյթի եւ պարահանդէսի երթայ, նուիրատուութիւն ընէ, ե՛ւ անունը կը տեսնէ թերթին մէջ ե՛ւ պատկերը,- ըսի:

            – Այդ տեսակ մարդ չէ, քսակը պահել գիտէ: Կ’ուզէ հռչակ ունե-նալ, խելք տալ, յօդուած գրել: Երբեմն խմբագիրը ճաշի կը հրաւիրէ, յօդուածին հետ դրամ կը ղրկէ թերթին:

            – Այդ ալ լաւ է, Արմենա՛կ: Քանի ընթերցողները պակսած են, թող շարունակէ գրել, այդ ձեւով թերթի շարունակման կը նպաստէ:

            – Այդ չէ խմբագրին կարծիքը: Կ’ըսէ, որ մինչեւ սրբագրէ նպա-րավաճառին էջը, երկու նոր էջ կրնայ գրել: Ըսաւ, որ մարդուն փա-ռասիրութիւնը անսահման է, կը խօսի Հայաստանի բարգաւաճման եւ զարգացման մասին, մշակոյթի մասին, երգիչներու, մեծանուններու: Կ’ուզէ նաեւ որ խմբագիրը իր կողմէ յաւելումներ ընէ եւ ճոխացնէ:

            – Լաւ է, թերթը սիրայօժար աշխատող կ’ունենայ, զոհողութիւն՝ որ սովորաբար կը պահանջուի:

            – Թերթին մէջ իր անունը տեսնելով, նոր ցանկութիւններ ունի, կ’ուզէ բեմ ելլել եւ ճառ խօսիլ: Խնդրեց, որ սեպտեմբերի հայկական տօնախմբութեան համար իրեն ճառ մը գրեմ:

            – Արմենակ, բեմ բարձրացողներէն ոչ առաջինը եւ ոչ ալ վեր-ջինը պիտի ըլլայ ուրիշներու գրածը կարդացող եւ փքուող: Մարդիկ կան, որոնք նոյնիսկ լատինատառ գրուած հայերէն ճառ կարդացած են: Ոչ իրենք ամչցած են ոչ ալ զիրենք բեմ հանողները: Գրեցի՞ր ճառը:

            – Ոչ: Մերժեցի, զարմացաւ: Ըսաւ, որ նախագահներ եւ մեծ մար-դիկ ունին իրենց ճառը գրող նեկրեր: Չձգեցի որ խօսքը աւարտէ: Ըսի, որ ինք փառքի նեկր է: Եւ հեռացայ:

            Մտածեցի. օր մը փառքի մեծ եւ պզտիկ նապարավաճառներէն կը փրկուի՞նք…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles