Յ. Պալեան
Դեռ երէկ ի՞նչ ըսած են եւ ի՞նչ կ’ըսէին Եւրոպայի միլեառներու հետամուտ չեղող մեծ զաւակները հարիւր տարի առաջ: Պատմութեան համար հարիւր տարին երէկ է:
Ապրիլ 9, 1916ին, աւելի քան հարիւր տարի առաջ, Փարիզ, Սորպոն համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է հանրահաւաք մը. «ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»: Այն օրերուն պետութիւն չունէինք, բայց հանրային յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ Հայաստան կար: Ֆրանսացի մեծ գրող Անատոլ Ֆրանս հանրահաւաքին արտասանած է ճառ մը: Խօսած են նաեւ յայտնի այլ մտաւորականներ:
Այսօր հակեցայ Անատոլ Ֆրանսի խօսքին վրայ եւ անոր լոյսին տակ դիտեցի երէկի եւ ներկայի քաղաքակիրթ Եւրոպան եւ ընդհանրապէս արդարութեան կարգախօսով հրապարակ եկող մեծերը եւ փոքրերը, մեծանուն ժողովները եւ ատեանները: Անատոլ Ֆրանս խօսած է 1915ին սկսած եւ դեռ տարի մը ետք շարունակուող հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Անատոլ Ֆրանսի խօսքը կ’ուղղուէր Ֆրանսայի եւ անկէ անդին՝ աշխարհի:
Ֆրանսայի բոլոր գոյնի ղեկավարները եւ աշխարհին խելք բաժնող մտաւորականները որքա՜ն վաւերական կ’ըլլան, կ’ըլլան իրատես եւ իմաստուն, կը յարգեն իրենք զիրենք, եթէ լսեն մեծ եւ քաջ Անատոլ Ֆրանսը: Թերեւս կը հանեն իրենց աչքի կապանքները, երբ Թուրքիոյ մասին կամ անոր հետ կը խօսին, կը սակարկեն, մէջք կը ծռեն, սալամ ալէք կ’ընեն, հաւկուրութեամբ պատրաստելով վաղուան աղէտները:
Պէտք է լսել Անատոլ Ֆրանսի խօսքը, հասկնալու համար որ անցեալը այդքան ալ անցած չէ, սոսկ էջի մը վրայ արձանագրութիւն չէ, կը շարունակուի: Կը շարունակուին խարխափումներու հետեւանք չարիքները: Անցեալի ազնիւ եւ ազնուական մտաւորականութիւնը պէտք է բաղդատել ներկայի հետ: Ինչո՞ւ հայերէնով եւ օտար լեզուներով, ներածական մը կցելով, չենք հրապարակեր Անատոլ Ֆրանսի ճառը:
Անատոլ Ֆրանսի ճառը Հայկական Հարցի, եթէ կ’ուզէք՝ Հայ Դատի, հետապնդման ծրագիր մըն է, հետապնդուող եւ գոհունակութիւն պատճառող placebo ճանաչումներէն անդին:
Հետեւինք.
«Քսան տարի առաջ, երբ սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրահանգած ջարդերը արիւնաթաթախ ըրին Հայաստանը, Եւրոպայի մէջ միայն քանի մը ձայներ, քանի մը ընդվզած ձայներ բողոքեցին ժողովուրդի մը մորթուելուն դէմ: Ֆրանսայի մէջ, քիչեր, իրարու դէմ ծայրայեղօրէն հակադրուողներ միացան, պահանջելով մեծապէս վիրաւորուած մարդկութեան իրաւունքը»:
Անատոլ Ֆրանս կը թուէ Ֆրանսայի կարգ մը ականաւոր դէմքերու անունները: Եւ կ’աւելցնէ. «Միւսները համր մնացին»:
Խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ պատասխանատուութենէ, երէկ ինչպէս այսօր, Անատոլ Ֆրանսի բանաձեւումով, «ոմանք դահիճներու պաշտպանութիւնը ստանձնելով, զանոնք ցոյց կու տային որպէս խռովարարները պատժող կամ որպէս վրիժառուները քրիստոնեայ վաշխառուներու կողմէ տնտեսապէս քայքայուած թուրք բնակչութեան: Վերջապէս ուրիշներ այդ նախճիրին մէջ կը տեսնէին Անգլիոյ կամ Ռուսիոյ ձեռքը»:
Այս քաղաքական ճապկումները, ի հարկէ, կը թաքցնէին շահախնդրութիւնները, տնտեսական եւ գաղութարարական, որոնց դէմ կրնային երթալ միջամտութիւնները: Ինչպէս այսօր, եթէ ըսուի, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար, այդ կրնայ համարուիլ casus belli, եւ ոչ ոք բարեսիրութեան, համակրանքի կամ արդարութիւն վերականգնելու համար պատերազմ չի յայտարարէր Թուրքիոյ դէմ: Փաստ է, որ ազատ աշխարհը կը կաշառուի տնտեսական շահերու պատճառով, եւ այդ պատճառով ալ միշտ խուլ եւ կոյր եղած է Թուրքիոյ տարածուելու անզսպելի միտումներուն դիմաց: Այսինքն, միշտ ունեցած է հեռատեսութեան պակաս՝ անմիջական շահերու հետամուտ ըլլալով:
Օրին, Անատոլ Ֆրանս հասկցած էր Թուրքիոյ կայսերական քաղաքական վարքագիծը, հակառակ մինչեւ այսօր տեւող աշխարհիկ կարգեր հատատելու թատրոնի կամ ժողովրդավարական դիմակահանդէսներու, քանի որ թուրքը գիտէ, որ ինք գրաւող օտար ուժ է աշխարհի այն շրջանին մէջ, որ այսօր Թուրքիա կը կոչուի, նոյնիսկ երբ փերեզակային հաշիւներով իրաւազրկուածները այդ կը մոռնան:
Անատոլ Ֆրանս նշած է, որ «հակառակ հայասէրներու բողոքներուն եւ կարգ մը մեծ տէրւթիւններու երկչոտ նկատողութիւններուն, հակառակ թուրք կառավարութեան խոստումներուն, հալածանքները, երբեմն խեղդուած եւ շղարշուած, չէին դադրեր: Պալատական յեղափոխութիւն մը ի զուր փոխեց կայսրութեան պետերը: Իշխանութեան տիրացած Երիտթուրքերը գազանութեամբ գերազանցեցին Ապտիւլ Համիտը, Ատանայի ջարդերու կազմակերպութեամբ»:
Ուրեմն Եւրոպան այն օրերուն, ինչպէս այսօր, գիտէ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը, բայց գիտնալը կրնա՞յ արգելք ըլլալ վաճառաշահ համաձայնութիւններու, եթէ դեռ անոնք գէթ այդպէս ալ ըլլային:
Անատոլ Ֆրանսի խօսքը քաղաքական մեծ իմաստութիւն էր, բայց Վեհաժողովներու մասնակցողները, մանաւանդ երբ պատերազմը աւարտած էր, մոռնալով թէ ինչո՞ւ պատերազմած էին, անձնատուր եղած էին:
Անատոլ Ֆրանս ըսած էր. «Մեծ պատերազմը պայթեցաւ: Թուրքիան գործեց որպէս Գերմանիոյ ճորտը: Եւ յանկարծ յստակ դարձան Հայաստանի ոգին եւ անոր մարտիրոսացման պատճառները: Հասկցանք, որ երկարատեւ եւ անհաւասար պայքարը ճնշող թուրքին եւ հայուն միջեւ, ճիշդ ըմբռնելով, բռնատիրութեան կռիւն էր, բարբարոսութեան կռիւը ընդդէմ արդարութեան եւ ազատութեան ոգիին…. Այդ եղաւ իր (Հայաստանի, Յ.Պ.) անքաւելի ոճիրը»:
Երբ այսօր կը կարդանք Անատոլ Ֆրանսի տողերը, լրացուցիչ երկու հարցումներու առջեւ կը կանգնինք. ինչո՞ւ անցեալի եւ ներկայի Թուրքիոյ պասքիւլի խաղին զոհ էին, եւ են, Արեւելքը եւ Արեւմուտքը, զոհ՝ նաեւ այսօր: Ի՞նչ են կուրացման պատճառները:
Անատոլ Ֆրանս հասկցած էր եւ բարձրաղաղակ ըսած, որ հայոց դէմ գործուած ոճիրը պետական որոշում էր, այսինքն՝ ցեղասպանութիւն: Անատոլ Ֆրանս կ’ըսէ. «Վերջին հաշուով, աւերումը այս ժողովուրդին, որ մեզ կը սիրէ, կայացուած էր թուրք կառավարութեան ժողովներուն մէջ: Անոնք որոնք կային, Սամսոնէն Տիարպէքիր, երիտասարդ մարդիկ, ծերեր, կիներ, մանուկներ, սպանութեամբ կորսուեցան՝ սուլթանի հրամանով, Գերմանիոյ մեղսակցութեամբ»:
Բայց այդ ոճիրին համար յաղթական Արեւմուտքը չըրաւ այն ինչ որ պիտի ընէր երեսուն տարի ետք հրէական ցեղասպանութեան համար, չկազմակերպեց Նիւրեմպերկի դատավարութիւն մը: Ընդհակառակն. Սեւրի դաշնագրի տակ դրուած իր ստորագրութիւնները դրժեց, եւ անոր փոխարէն ստորագրեց զոհը կրկին իրաւազրկող անարգ Լոզանի դաշնագիրը: Այսօր ալ ինչպէ՞ս պէտք է որակել այս նահանջը, այդ որակումով կը ներկայանա՞նք միջազգային հանրային կարծիքին, նաեւ այսօր: Երբ այս կամ այն երկրի ղեկավարին կը ներկայանանք, ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրանքէն անդին, կը յիշեցնենք իրենց երկրի ուղղակի կամ անուղղակի մեղսակցութիւնը, լռութեամբ, շահախնդրութեամբ:
Պատմութեան լոյսին տակ կը դիտուի՞ն ժամանակակից Թուրքիան, անոր նախագահին քաղաքականութիւնը եւ սանձարձակ սպառնալիքները:
Թուրքիոյ հետ ճապկումներով բանակցիլ կը նշանակէ կանխաւ ընդունիլ պարտութիւնը, բանակցողը ըլլայ Հայաստանը, Ռուսիան, Ամերիկան, Եւրոպան թէ արաբական աշխարհը: Բանակցելու համար պէտք է ունենալ նոյն օրէնքները եւ արժէքները, եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ կ’ըսէ պատմութիւնը, ի՞նչ կ’ըսէ անմիջական ներկան:
Մեր իրաւ կամ կարծեցեալ բարեկամներուն այսքանը պէտք է ըսենք, նաեւ իրենց իսկ շահերու պաշտպանութեան համար:
Կ’ըսե՞նք, ընտրութիւններու նախօրեակին կամ մեզի հաճոյք պատճառող մեծերու յարգանքի տուրք տուող ճաշկերոյթներու ընթացքին: