
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Երկար տարիներու ծանր եւ լուրջ աշխատանքէ ետք եւ ստանալէ առաջ իր վկայականը, բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը գիտակցաբար եւ համոզումով կը կատարէ բժշկութեան ամենամեծ վարպետի՝ Հիփոկրատի ուխտը, որ կ՚ըսէ՝
«Կը խոստանամ երկիւղածութեամբ, Աստուծոյ առաջ ըլլալ ճշմարիտ հետեւեալ յայտարարութեանս՝
-Պիտի ըլլամ հաւատարիմ բժշկական ասպարէզին, կոչումին, իտէալներուն եւ մարդկութեան ծառայելու անոր առաքելութեան.
-Պիտի որդեգրեմ դարմանումի այն ձեւերը, զորս կը նկատեմ օգտակար իմ հիւանդներուս համար, իմ կարողութեանս եւ դատողութեանս համաձայն.
-Պիտի մնամ հեռու ամէն արարքէ, որ մահացու եւ վնասակար է: Պիտի մնամ հեռու չարագործութենէ.
-Պիտի չտամ մահացու դեղ ոեւէ անձի, նոյնիսկ եթէ պահանջուի.
-Պիտի չկատարեմ վիժում եւ կամ վիրաբուժական այլ գործողութիւն՝ ոճրային նպատակով.
-Համաճարակներու ընթացքին եւ այլ վտանգաւոր կացութիւններու ընթացքին պիտի կատարեմ իմ պարտականութիւններս՝ իբրեւ բժիշկ, մոռնալով անձս.
-Պիտի ըլլամ գաղտնապահ՝ ի շահ հիւանդին. Ինծի պիտի վերապահեմ ինչ որ կը տեսնեմ եւ ինչ որ կը լսեմ.
-Պիտի մնամ հեռու՝ որեւէ քանդիչ արարքէ, երբ մտնեմ հիւանդի մը բնակարանը. իմ առաքելութիւնս պիտի ըլլայ օգնել անոր.
-Պիտի ապրիմ կեանքս՝ գործելով իմ ասպարէզիս մէջ ճշմարտութեամբ, խաղաղութեամբ, մաքրութեամբ.
-Պիտի պահեմ այս երդումը անխախտ: Ուստի, թող շնորհուի ինծի՝ վայելել կեանքը եւ ծառայել իմ ասպարէզիս, այն ասպարէզին, որ յարգուած էր ամբողջ մարդկութեան կողմէ դարերէ ի վեր»:
Այժմ կը յիշեմ այն վայրկեանները, որ ես ալ պատիւը եւ առանձնաշնորհումը ունեցայ կատարելու Հիփոկրատի բժշկական այս վեհանձն «Ուխտ»-ը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներու հանդէսին: Այդ հրապարակային հանդիսութեան վերջաւորութեան, մեր աւագ բժիշկ ուսուցիչներէն՝ լուրջ, համեստ եւ խոհեմ տոքթ. Արամ Պաղտասարեան մեծ պահարան մը յանձնեց բոլոր նորափթիթ բժիշկներուն: Տեղւոյն վրայ բոլորիս համար գաղտնի մնաց այդ պահարանին պարունակութիւնը: Սակայն տուն վերադառնալէ ետք առաջին պարտականութիւնս սեպեցի բանալ այդ խորհրդաւոր պահարանը, որ կը պարունակէր անգլերէն լեզուով պատրաստուած գրութիւն մը՝ “I WILL” խորագիրով, հրատարակուած տոքթ. Մ. Խալիտիի եւ տոքթ. Արամ Պաղտասարեանի կողմէ: Թարգմանաբար այդ գրութիւնը կ’ըսէր՝
ԵՍ ՊԻՏԻ
– Ըլլամ այնքան զօրաւոր, որ ոչ մէկ բան կարենայ խանգարել իմ մտքիս խաղաղութիւնը:
– Գործեմ այնպէս, որ իմ հիւանդներս իրապէ՛ս զգան, որ պիտի առողջանան:
– Տեսնեմ ամէն բանին լաւ կողմը: Պիտի ըլլամ լաւատես:
– Տեսնեմ սխալներս, որպէսզի առաւել եւս օգտակար դառնամ իմ հիւանդներուս:
– Ըլլամ մի՛շտ ուրախ, զուարթ եւ բարիացակամ՝ իմ հիւանդներուս հետ:
– Պիտի տամ շատ ժամանակ՝ իմ անձիս կատարելագործումին, որպէսզի ժամանակ չունենամ քննադատելու իմ գործակիցներս:
– Յիշեմ շարունակ, որ կեանքի մէջ ամենէն թանկագին բանը ուրիշին ծառայելն է:
– Գոհանամ ունեցածովս:
Կարծէք երկրորդ ուխտ մըն էր որ կը փոխանցուէր երէց, փորձառու եւ վաստակաշատ գործակից բժիշկէ մը: Միքանի անգամ կարդացի այդ
«ԵՍ ՊԻՏԻ» խոստմնագիր գրութիւնը, որ կու գար որպէս լրացուցիչ Հիփոկրատի ուխտին: Ան դարձաւ իմ բժշկական կեանքիս առաջին եւ մնայուն թանկարժէք եւ խորհրդատու նուէրը:
Ուրեմն՝
Բժշկութիւնը առաքելութիւն մըն է եւ հիմնուած է զոհողութեան եւ ծառայութեան սկզբունքներուն վրայ: Ծառայութիւն՝ մարդուն հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական առողջութիւնը պահպանելու, անոր կեանքը երկարաձգելու եւ անոր ցաւերը ամոքելու՝ առանց գոյնի, սեռի, տարիքի, եւ ընկերային կարգավիճակի խտրութեան:
Բժշկութիւնը կը պահանջէ անսահման զոհողութիւն, յարատեւ աշխատանք, համեստութիւն, համբերութիւն, գաղտնապահութիւն, զօրաւոր կամք, հաւատք եւ բարձր բարոյականութիւն:
Բժշկութիւնը համամարդկային առաքելութիւն մըն է, հետեւաբար՝ բժիշկը իր հիւանդները կը դարմանէ առանց խտրութիւն դնելու հիւանդներու միջեւ՝ ըստ իրենց ազգութեան, կրօնքին, գոյնին, սեռին, տարիքին, համոզումներուն, ընկերային ու տնտեսական վիճակին:
Բժիշկութիւնը անսակարկ զոհողութիւն է, հետեւաբար բժիշկը օգնութեան կը հասնի ոեւէ հիւանդի՝ որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամուն: Իրեն համար ժամանակը, վայրը եւ հիւանդին ինքնութիւնը առարկելի հարցեր չեն: Ան շտապ օգնութեան կը հասնի նոյնիսկ ամենէն վտանգաւոր կացութեան մէջ՝ մոռնալով իր անձը եւ իր անհատական կեանքը:
Բժշկութիւնը գաղտնապահութիւն պահանջող ասպարէզ մըն է, հետեւաբար՝ ամէն բժիշկ գաղտնապահութեամբ կը հետեւի իր հիւանդներուն եւ կը յարգէ անոնց անհատականութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
Բժիշկ-հիւանդ յարաբերութիւնը կ՚ըլլայ անկեղծ եւ թափանցիկ ու հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ: Հիւանդը տեղեակ կը պահուի իր ունեցած հիւանդութեան մասին եւ անոր կը բացատրուին հիւանդութեան դարմանումին եղանակն ու մանրամասնութիւնները: Բժիշկը դարմանումը կը կատարէ միայն ու միայն հիւանդին հաւանութեամբ եւ այդ՝ գործածելով անհրաժեշտ նուազագոյն քանակութեամբ դեղեր: Յաճախ բժիշկը կը մտերմանայ իր հիւանդին հետ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու անոր՝ բոլոր դժուարութիւններուն եւ նոյնիսկ անձնական հարցերուն կապակցաբար: Այս մտերմութիւնը կը դառնայ մնայուն եւ հաստատ՝ մարդկային առողջ մտածողութեամբ եւ ընկերական մօտեցումով: Սակայն այս մտերմութեան մէջ բժիշկը ինքնաբերաբար կ՚ըլլայ վերապահ եւ զգոյշ: Ան չի գործածեր այս մտերմութիւնը անձնական յետին նպատակներու համար: Ան կը դառնայ խոհեմ, համբերատար եւ ճկուն ու կը գործէ ոչ միայն որպէս բժիշկ, այլ նաեւ որպէս փիլիսոփայ, հոգեբան եւ ընկերաբան, այլ խօսքով ամբողջական եւ իտէալ բժիշկ:
Բժիշկութիւնը ասպարէզ եւ գիտութիւն ըլլալով հանդերձ, նաեւ արուեստ եւ փիլիսոփայութիւն է: Անդարմանելի հիւանդութեան մը պարագային բժիշկը ի գործ կը դնէ իր ամբողջ էութիւնը՝ առաւելագոյն խոհեմութեամբ պարզաբանելու կացութիւնը թէ՛ հիւանդին եւ թէ՛ անոր պարագաներուն, որպէսզի անոնք ապրին մտքի հանդարտութեամբ եւ սրտի ու հոգիի գոհունակութեամբ:
Բժշկութիւնը մարդկային առաքելութիւն մը ըլլալով, բժիշկը նկատի կ՚առնէ չքաւորը, նիւթապէս անկարողը, որբը, բազմանդամ ընտանիքը, անկարը եւ անգործը: Ան յաճախ կը հրաժարի իր պատուագինէն եւ փոխարէնը կը ստանայ հոգեկան գոհունակութիւն:
Բժշկութիւնը ազատ ասպարէզ մը ըլլալով, բժիշկը հեռու կը մնայ առեւտրական միտումներէ եւ գործելակերպէ: Անոր բժշկական հաստատագրերը եւ վկայագրերը կը ցոլացնեն իր ուղղամտութիւնը, բարոյականութիւնը, օրինականութիւնը եւ բժշկական գիտապաշարը: Ան կը գործէ իր ասպարէզի օրինական պայմաններու եւ ընդունուած սովորութիւններու համաձայն ու իր կարողութիւններուն շնորհիւ կը զարգացնէ իր ասպարէզը եւ իր ժողովրդականութիւնը:
Վերոնշեալ բոլոր յատկութիւններով բժիշկը կը դառնայ հեղինակաւոր ՄԱՐԴ ԲԺԻՇԿ: Ան կ’արժանանայ յարգանքի, գուրգուրանքի եւ վստահութեան իր հիւանդներուն եւ իր շրջապատին կողմէ:
Բժշկական բարոյագիտութիւնը խոր արմատներ ունեցած է հայկական բժշկութեան պատմութեան մէջ:
Դաւիթ Անյաղթ Ե. դարուն լայնօրէն խօսած է բժշկական հարցերու մասին եւ մեծ կարեւորութիւն տուած է բժշկական բարոյագիտութեան:
Կիլիկեան իշխանութեան շրջանին ընդհանուր բժշկական բարոյագիտութիւնը հիմք ծառայած է բժիշկներու բժշկական ծառայութեան: Դիտաւորեալ ոճիր նկատուած է բժիշկին մերժումը՝ հիւանդը տեսնելու իր տան մէջ: Բժիշկին մասնագիտական անկարողութիւնը եւ կամ թերացումը նկատուած է կանխամտածուած ոճիր: Յաճախ բժիշկը ամբաստանուած է իր բարոյական թերութեան համար եւ՝ ծանր պատիժներու ենթարկուած:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի 15րդ դարուն ձգտած է միշտ բժշկական կատարելագործումի եւ հաւատացած է, որ իւրաքանչիւր բժիշկ յարատեւ կարդալու է եւ հետազօտելու է ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան եղած է պահանջկոտ՝ բժշկական բարոյագիտութեան նկատմամբ եւ ուզած է տեսնել «իտէալ բժիշկ»-ը միշտ եւ ամէն տեղ: Ան ըսած է՝ «Բժիշկը պէտք է օժտուած ըլլայ բանականութեամբ եւ պարտքի գիտակցութեամբ. ան պէտք չէ գինեմոլ, ագահ եւ շահախնդիր ըլլայ. ան պարտաւոր է սիրել աղքատները, ըլլալ գթառատ, նուիրուած, աստուածավախ եւ բարոյապէս մաքուր»: