Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն եօթներորդ օրը յատկացուեցաւ պետական արտօնութեամբ յատուկ դրոշմաթուղթի հրապարակման եւ միութեան հիմնադրութեան, կազմաւորման եւ տարածման նուիրուած՝ գիտաժողովին, որոնք տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ։
100-ամեակի դրոշմաթուղթի հրապարակման ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան փոխ նախարար Արմէն Արզումանեան, «Հայփոստ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հայկ Աւագեան, դրոշմաթուղթի հաւաքորդներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, հիւրեր եւ աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.–Հ.Ա.Ս.Կ.ի արենոյշներէն Անահիտ Անդրէասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առաւ «Հայփոստ»ի ներկայացուցիչ Մարգարիտա Յակոբեան եւ նշեց, որ այսօր շրջանառութեան կը դրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին նուիրուած յատուկ դրոշմաթուղթը, որ ունի 330 դրամի անուանական արժէք։ Դրոշմաթուղթը տպուած է ֆրանսական «Cartor» տպագրատան մէջ, 40 հազար տպաքանակով։ Դրոշմաթուղթին հեղինակն է «Հայփոստ»ի ձեւագէտ Վահէ Մուրատեան։ Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի խորհրդանշանը եւ հատուած մը միութեան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումներէն՝ տեղադրուած սկաուտի տեսքով պատկերի մը մէջ։
Դրոշմաթուղթի հրապարակման համար, հայրենի պատասխանատուներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը ստորագրեցին եւ կնքեցին նոր հրապարակուած դրոշմաթուղթերէն հինգական օրինակներ, որոնք փոխանակեցին իրարու հետ։
Դրոշմաթուղթի հրապարակման յաջորդեց 100-ամեակի գիտաժողովը, որուն սկիզբը երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախկին նախարար Ռոլանտ Շառոյեան անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն, երբ Հայաստանի մարմնակրթական մշակոյթի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի գիտական խորհուրդին կողմէ պատուաւոր փրոֆէօսէօրի վկայականով պատուեց հիմնարկի հեռակայ կարգով դասախօսներէն՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանը։
Գիտաժողովի բացման նիստին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան։ Ան ըսաւ, որ գիտաժողովը հիանալի առիթ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը ներկայացնելու, ուսումնասիրելու, հրապարակային քննարկման արժանացնելու եւ ըստ այնմ արժեւորելու միութեան դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կերտման մէջ։
Տէր Գրիգորեան շեշտեց նաեւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.- իր ստեղծման օրէն սկսեալ իրականացուցած է ազգապահպանման ծրագիրներ՝ սերունդները դաստիարակելով հայրենասիրական եւ մարդասիրական արժէքներով։ «Ես կը վստահեցնեմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է տեւաբար աջակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծրագիրներուն, ինչ որ կը յանգեցնէ որակական նոր մակարդակի համագործակցութեան։ Մենք այսօր սկիզբ կը դնենք Հայաստան-Սփիւռք կապերու նոր տեսակի՝ գործելով նոր Հայաստանի մէջ», եզրակափակեց ան։
Գիտաժողովին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց տոքթ. Իշխան Եղիայեան։ Ան ըսաւ, որ 100-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին մասին գիտաժողով կազմակերպելը օգտակար եւ կարեւոր է, որովհետեւ միութիւնը ունի հարուստ գրականութիւն, աշխարհի չորս կողմը սփռուած ահագին արխիւներ եւ նիւթեր, որոնց հետազօտելը պիտի հարստացնէ մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան էջերը։
Եղիայեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սոսկական շարժում մը չէ միայն, այլ՝ ան մարզական, ընկերային, մշակութային ու տակաւին բազմաթիւ այլ նախարարութիւններու գործը կատարողն է տասնամեակներէ ի վեր։ Հետեւաբար, առանց չափազանցութեան, ան «հայկերտման եւ հայապահպանման մեր նախարարութիւնն է»։
Իր խօսքին աւարտին, Իշխան Եղիայեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան՝ իր տրամադրած բոլոր դիւրութիւններուն համար, Հ.Մ.Ը.Մ.–Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան եւ գիտաժողովին յաջողութեան նպաստած բոլոր պատասխանատուներու համար։
Ապա, գիտաժողովը իր աշխատանքներուն անցնելով, չորս նիստերով լսեց չորս զեկուցումներ, որոնց շուրջ տեղի ունեցաւ միտքերու քննարկում եւ արժեւորում։ Նիստերը վարեցին չորս զրուցավարներ, որոնք ընդհանուր ներածականներով ներկայացուցին ներկայացուող իւրաքանչիւր նիւթը եւ զեկուցաբերը։ Նիստերը ընթացան հետեւեալ կարգով.-
Ա. նիստ- զեկուցաբեր՝ Հայկ Դեմոյեան, նիւթ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմաւորումը, առաջին քայլերը եւ գործունէութիւնը», զրուցավար՝ Գէորգ Յակոբճեան (Վիեննա)։
Բ. նիստ- զեկուցաբեր՝ Յարութ Չէքիճեան, նիւթ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մայր հայրենիք վերադարձը եւ գործունէութիւնը (1918-1921)», զրուցավար՝ Սեւան Նազարեան (Փարիզ)։
Գ. նիստ- զեկուցաբեր՝Տիգրան Ճինպաշեան, նիւթ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իբրեւ Սփիւռքի հայապահպանութեան ջահակիր եւ համահայկական կառոյցի տէր կազմակերպութիւն», զրուցավար՝ Յակոբ Գազանճեան (Նիկոսիա)։
Դ. նիստ- զեկուցաբեր՝ Գեղամ Մանուկեան, նիւթ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վերընձիւղումը հայրենիքի մէջ եւ գործունէութիւնը մինչեւ մեր օրերը», զրուցավար՝ Վիգէն Աւագեան (Պէյրութ)։
Նիստերու աւարտին, գիտաժողովին հիւրաբար մասնակցող տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան իր սրտին խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրումի մեր կամքը մարմնաւորող այն կենսունակ միութիւնը, որ հազարաւորներու կամքերը դարբնեց եւ միտքերը կոփեց։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ հայ մարդու վերանորոգ եռանդին, ինքնագիտակցութեան, ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան լաւագոյն արտայայտիչը։
Քրիսեան յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդ 100-ամեակին եւ նշեց, որ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի տեսլականը՝ հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու մարդկային ազնիւ սկզբունքներու եւ ազգային համահայկական իտէալներու շուրջ միշտ կը մնայ այժմէական ու թելադրական։
Կիրակի, Յուլիս 29-ի երեկոյեան, տօնակատարութիւնները իրենց աւարտին կը հասնին յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով, որուն կը մասնակցին 100-ամեակի առիթով Հայաստան ժամանած 2000 Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ՝ վարչական պատասխանատուներ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի մասնակիցներ, ծնողներ, հիւրեր, բարեկամներ ու բարերարներ։