Ա.Ա.
Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ՝ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Լեւոն Մնացականեան քսան չորս ժամուան տարբերութեամբ կատարեցին բաւական կարծր յայտարարութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հնարաւորութիւնները զերօ կէտի վերադարձուցած Ատրպէյճանի հասցէին, բացայայտելով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքականութիւններուն մէջ նոյնութեան ու նաեւ՝ պաշտպանական դիրքէ հակահարուած տալու պատրաստ ըլլալու հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն բանակներուն մարտավարութիւնը։
Յստակ է, որ Հայաստանի մէջ իրականացած՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Արցախեան տագնապին լուծման խաղաղ բանակցութիւններուն նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն կեցուածքը բաւական նշանակալից փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ բանակցութիւններուն լիարժէք կողմի կարգավիճակով Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մասնակցութիւնը կարեւոր է։ Ասիկա բնականաբար պէտք է դիտել ընդհանուր մարտավարութեան մը շրջագիծին մէջ, որ սակայն բախեցաւ Ատրպէյճանի կարծր եւ անզիջող կեցուածքին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմէթ Հաճիեւ յստակացուց, թէ Պաքու կը պատրաստուի բացառապէս բանակցութիւններ վարելու միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։
Դիւանագիտական այս դիրքորոշումներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարները արտայայտիչը եղան վերջին շրջանին հայաստանեան եւ արցախեան հասարակութիւններուն այն մտավախութիւններուն, թէ Ատրպէյճան պատերազմի կը պատրաստուի։ Այս մտավախութիւնները անշուշտ ունին պատճառաբանուած հիմնաւորումներ։ Նախ երկար տարիներ Հայաստանի հետ Նախիջեւանի ինքնավար մարզի սահմանին վրայ կատարեալ անդորրէն ետք, այս շրջանին կը նկատուի ատրպէյճանական բանակային ուժերու շարժումներ, տեղակայումներ եւ դիրքերու բաշխումներ, որոնք մտահոգութիւններու դուռ կը բանան։ Նաեւ՝ Արցախ- Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ ալ կը նկատուին զինուորական շարժումներ,որոնք գէթ ենթադրել կու տան, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բանակին տուած են յստակ հրահանգներ՝ զերօ ժամանակի մը պատերազմը սկսելու մասին։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի մամլոյ ասուլիսը հետեւեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի մամլոյ ասուլիսին, եւ որուն ընթացքին Տօնոյեան բառացիօրէն յայտարարեց, որ Հայաստանի բանակը Ատրպէյճանի պիտի տայ որոշիչ հակահարուած՝ զինուորական որեւէ յարձակման պարագային։Ան նաեւ յստակացուց, թէ զինուորական որեւէ բախում՝ նախիջեւանի ճակատին վրայ, յղի է մեծ պատերազմի մը բորբոքմամբ, որ կ՛առնչուի շրջանային այլ դերակատարներու։ Ան յատկապէս ի մտի ունէր Իրանն ու Թուրքիան։ Իսկ յատկանշանական եղաւ Փաշինեանի կեցուածքը, ուր ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Տօնոյեանի նման կարծր յայտարարութեան եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը խանգարէ խաղաղութեան մթնոլորտը եւ թէ հայկական կողմը համարժէք գործողութիւններու պիտի դիմէ՝ առաջնորդուելով Հայաստանի ազգային անվտանգութեան շահերով։
Տօնոյեանի այս յայտարարութիւններէն առաջ՝ Մնացականեան քիչ մը աւելի հեռուն գացած էր եւ յայտարարած, որ եթէ ատրպէյճանական բանակը զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկէ Արցախի դէմ, ապա արցախեան բանակը որոշած է Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը անդամալուծել։ Ան ճշդած էր տնտեսական թիրախներ առնելու արցախեան մարտավարութիւնը եւ նոյնիսկ ակնարկութիւն կատարած Մինկեչաուրի ջրելեկտրակայանին մէջ պատահած պայթումին, որ ամբողջ Ատրպէյճանը ելեկտրականութեան հոսանքէ զրկեց եւ դուռ բացաւ լուրջ հարցադրումներու, թէ երկրին ելեկտրուժի հայթայթման համակարգը որքան խոցելի է։
Տօնոյեանի եւ Մնացականեանի այս յայտարարութիւններուն միտք բանին կարելի է բանաձեւել հայկական կողմին ձեռք ձգած զինամթերքին, հայկական զոյգ բանակներուն բացառիկ մարտունակութեան եւ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ առկայ ամբողջական համակարգման ծիրին մէջ, որ Ատրպէյճանն ու մանաւանդ Արցախի տագնապին դիւանագիտական խաղաղ լուծում մը գտնելու ճիգեր թափող՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին համանախագահ պետութիւնները կրնայ մղել առնուազն դիւանագիտական քայլի մը դիմելու, լարուածութիւնը մեղմացնելու համար։Ամենայնդէպս՝ այդ քայլն ալ չուշացաւ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան հաստատեց, որ Մինսքի համանախագահները առաջարկած են հանդիպում մը կայացնել՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի միջեւ։ Երկուքին միջեւ վերջին հանդիպումը կայացած էր Յուլիս 11-ին, Պրիւքսէլի մէջ։