Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՓԱԿ ՇՈՒ­ԿԱՆ ՎԵ­ՐԱ­ԲԱՑ­ՈՒԵ­ՑԱՒ

$
0
0

Pak Shuka  Վե­րա­բաց­ուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի պատ­մա­կան փակ շու­կան, որ կը գտնուի Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յին վրայ: Առա­ջին օրէն իսկ, երե­ւան­ցի­նե­րը սկսան փու­թալ իրենց աւան­դա­կան գնու­մի մի­ջա­վայ­րը, որ ներ­կա­յիս բա­րե­կարգ­ուած է  ու դար­ձած` ան­հա­մե­մա­տելի­օ­րէն մա­քուր, ճոխ ու ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան:

Առա­ջին տպա­ւո­րու­թեամբ տար­ուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը դրա­կան էր: Հին ոճին մէջ ար­դի ձե­ւով առեւ­տու­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուի Երե­ւա­նի փակ շու­կա­յի եր­դի­քին տակ, ուր կա­րե­լի է գտնել գրե­թէ ամէն ինչ:

Գոց շու­կան կա­ռուց­ուած է 1952-ին եւ կը պատ­կա­նի յետ­պա­տե­րազմ­եան շրջա­նի կա­ռոյց­նե­րու շար­քին, երբ շէն­քե­րը կը կա­ռուց­ուէ­ին յաղ­թա­նա­կած գա­ղա­փա­րի ժան­րով` մե­ծա­ծա­ւալ, հա­րուստ զար­դա­րում­նե­րով, լայն ու լու­սա­ւոր: Գոց շու­կան Մաշ­տոց պո­ղո­տա­յի սկզբնա­մա­սի կա­ռոյց­նե­րէն մէկն է (Մաշ­տո­ցի 5): Շու­կա­յի ճար­տա­րա­պե­տը` Գրի­գոր Աղա­բաբ­եանն է, որու նա­խա­գի­ծե­րով Երե­ւա­նի մէջ շատ մը կա­ռոյց­ներ կան, օրի­նակ, “Յաղ­թա­նա­կի“ կա­մուր­ջը, Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի տուն-թանգա­րա­նը, “Հայ­րե­նիք“ շար­ժան­կա­րի սրա­հի շէն­քը, դպրոց­ներ, բնա­կե­լի շէն­քեր եւայլն (1951-1959 թուա­կան­նե­րուն Գրի­գոր Աղա­բաբ­եան եղած է Երե­ւա­նի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը):P5 A

Գոց շու­կա­յի կա­ռուց­ման գա­ղա­փա­րին մէջ դրուած է միջ­նա­դար­եան հայ­կա­կան կա­րա­ւա­նա­տու­նե­րու գա­ղա­փա­րը` գի­շե­րե­լու, հանգս­տա­նա­լու, շփուե­լու եւ ապ­րանք­ներ փո­խա­նա­կե­լու ու վա­ճա­ռե­լու մի­ջա­վայ­րով փոր­ձե­լով ստեղ­ծել միջ­նա­դար­եան հայ­կա­կան կեն­ցա­ղի մաս կազ­մող այդ մշա­կոյ­թի նո­րօր­եայ կեր­պը:

Մաշ­տոց պո­ղո­տա­յի տա­րած­քին եղած են բա­ցօ­թեայ շու­կա­ներ եւ բնա­կե­լի տու­ներ: Առեւտ­րա­կան­ներն այս­տեղ կու­ գա­յին մօ­տա­կայ շրջան­նե­րէն` Էջմ­ի­ած­նի եւ Արա­րատ­եան շրջան­նե­րէն` Էջմ­ի­ած­նի եւ Արա­րատ­եան մայ­րու­ղի­նե­րէն:

Շու­կա­յի կեդ­րո­նը կա­ռուց­ուած էր նա­եւ ջրա­ւա­զան` շատր­ուա­նով: Այդ ջու­րի մէջ մանր մե­տա­ղադ­րամ­ներ նե­տե­լու սո­վո­րոյթ եղած է:

Ցայ­սօր, ջրա­ւա­զանն ու շատր­ուա­նը հայ­կա­կան հրա­պա­րակ­նե­րու, գիւ­ղա­մէ­ջե­րու, կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րու մէջ առ­կայ ջու­րի, աղ­բիւ­րի, պտղա­բե­րու­թեան խորհր­դա­նի­շի ար­տա­ցո­լու­մը կը նա­խան­շեն:

Պահ­պան­ուած են լու­սան­կար­ներ, որոնց մէջ կ՛երե­ւի, թէ ինչ­պէս առեւտ­րա­կան­նե­րը ուղ­տե­րով իրենց ապ­րան­քը, հիմ­նա­կա­նը` բնամ­թերք, կը բե­րէ­ին վա­ճա­ռե­լու այդ­տեղ: Առեւ­տու­րի այդ տա­րած­քէն սկիզբ կ՛առ­նէր նեղ­լիկ փո­ղոց մը. դժուար է հա­ւա­տալ, որ ատի­կա այ­սօր­ուան Մաշ­տո­ցի լայն պո­ղո­տան է: Նեղ­լիկ այդ փո­ղո­ցը կը կոչ­ուէր Արմ­յանս­քի, հե­տա­գա­յին` Սուն­դուկ­եան, իսկ ճար­տա­րա­պետ Թա­ման­եա­նի շնոր­հիւ ան դար­ձաւ պո­ղո­տայ, որ կը կրէր Սթա­լի­նի, ապա` Լե­նի­նի, իսկ այ­սօր` Մաշ­տո­ցի անու­նը:

P5 BԳոց շու­կան կա­ռու­ցե­լէ ետք Երե­ւա­նի մէջ դրուե­ցաւ գոց շու­կա­ներ կա­ռու­ցե­լու աւան­դոյ­թը, կա­ռու­ցե­ցին նա­եւ Երո­րորդ Մա­սի, Կո­մի­տա­սի Գոց շու­կա­նե­րը, սա­կայն միայն Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յի շու­կա­յի անու­նը մնաց այդ­պի­սին` Գոց. միւս­նե­րը կը կոչ­ուէ­ին այդ թա­ղա­մա­սե­րու անուն­նե­րով, ուր կը գտնուէ­ին:

Գոց շու­կան երե­ւան­ցի­նե­րու եւ դուր­սէն եկած հիւ­րե­րու նա­խընտ­րած առեւտր­ուի վայ­րե­րէն մէկն էր: Այս­տեղ կա­րե­լի էր գտնել քա­ղա­քի ամէ­նէն ըն­տիր պտուղ­ներն ու բան­ջա­րե­ղէն­նե­րը: 1950-1990 թուա­կան­նե­րուն Երե­ւա­նի մէջ ձե­ւա­ւոր­ուած էր հա­սա­րա­կու­թեան խաւ մը, որ կը հան­դի­պէր ծա­նօթ վայ­րե­րու մէջ, եւ այդ վայ­րե­րէն մէկն ալ Գոց շու­կան էր: Յա­ճախ անոնք կը պայ­մա­նա­ւոր­ուէ­ին եւ կը նշա­նա­կէ­ին շու­կայ գա­լու օրեր, որոնք կ՛ան­ուա­նէ­ին “հա­մով օրեր“: Մար­դիկ շու­կայ կ՛եր­թա­յին ո՛չ միայն առեւ­տուր կա­տա­րե­լու, այ­լեւ` շրջե­լու, ծա­նօ­թա­նա­լու, հի­ա­նա­լու հա­մար:

1968-ին Կեդ­րո­նա­կան Գոց շու­կա­յի շի­նու­թիւնը ստա­ցած է ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձա­նի կար­գա­վի­ճակ եւ նե­րառ­ուած է Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ պահ­պա­նուող պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ան­շարժ յու­շար­ձան­նե­րու ցան­կին մէջ: Երե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ Գոց շու­կա­յին առըն­չուող նիւ­թե­րը ներ­կա­յաց­ուած են առան­ձին ցու­ցադ­րու­թեամբ: Այդ նիւ­թե­րու մէջ են լու­սան­կար­ներ, կա­ռոյ­ցի ճար­տա­րա­պե­տա­կան մա­սե­րու առան­ձին ցուցադ­րու­թիւն­ներ, լրագ­րա­յին յօդ­ուած­ներ: Հա­յաս­տա­նի շար­ժան­կա­րա­յին պա­հոց­նե­րուն մէջ կը պահ­պանուին բա­ցա­ռիկ ժա­պա­ւէն­ներ` Գոց շու­կա­յի բա­ցու­մէն, անոր առօր­եա­յէն, ինչ­պէս նա­եւ` շի­նա­րա­րու­թե­նէն:Pak Shuka

Երե­ւա­նի մէջ ան­ցած դա­րու կէ­սե­րուն աւան­դոյթ կար շու­կայ եր­թա­լու հա­մար պա­յու­սա­կը տա­նիլ տու­նէն: Չկա­յին այ­սօր­ուան զա­նա­զան տոպ­րակ­ներն ու պա­յու­սակ­նե­րը, եւ շու­կայ տար­ուե­լիք պա­յու­սա­կը կ՛ըլ­լար կտո­րէ կամ ար­հես­տա­կան կաշիէ:

Շու­կա­յի մուտ­քին կը վա­ճա­ռէ­ին ծղօտ­եայ զամ­բիւղ­ներ, որոնց մէջ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­սահ­ման պտուղ տա­նող­նե­րը կամ ղրկող­նե­րը կը տե­ղա­ւո­րէ­ին իրենց գնում­նե­րը:

Շու­կա­յի այ­ցե­լու­նե­րէն եղած են քա­ղա­քի տար­բեր տա­րի­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, որոնք կը շրջէ­ին շու­կա­յէն ներս` պար­զա­պէս դի­տե­լով գե­ղե­ցիկ շար­ուած պտուղ­ներն ու զա­նա­զան չի­րե­րը: Իսկ գիւ­ղա­ցի­նե­րը, ճանչ­նա­լով զա­նոնք, իրա­րու կարգ չտա­լով կը հիւ­րա­սի­րէ­ին իրենց այ­գի­նե­րու բա­րի­քը: Շու­կայ յա­ճախ այ­ցե­լած է նա­եւ գե­ղան­կա­րիչ Մար­տի­րոս Սար­եան, որ իր բնան­կար­նե­րու հա­մար պտուղ­ներ ընտ­րած է շու­կա­յէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles