Յուլիս 8-ին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, կատարուեցաւ բացումը «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 15-րդ փառատօնին։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Բացի գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչներէն, փառատօնի մեկնարկին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն այլ հանրածանօթ եւ յառաջատար դէմքեր։
Փառատօնը սկսաւ ֆրանսահայ շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Լա Վիլա» ժապաւէնի ցուցադրութիւնով։