Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Եկեղեցի, Վիժում, Յետոյ

$
0
0

   Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան

Եկեղեցին, յանձնառու մարդկային կեանքի պաշտպանութեան, յստակ կեցուածք ունի վիժումին դէմ: Կեանքը սկիզբ կ’առնէ մօր արգանդին մէջ, ուրեմն անոր պաշտպանութիւնը՝ ա՛յդ հանգրուանէն սկսեալ, անձեռնմխելի ճշմարտութիւն մըն է. եկեղեցին անշեղ է իր պատգամին եւ կեցուածքին մէջ: Եկեղեցւոյ սրբազան պարտականութիւնն է օգտագործել բոլոր միջոցները՝ դէմ դնելու ընկերութեան եսապաշտական ձգտումներուն, վիժումը անհատական հարցի վերածելու ու այդ պարունակին մէջ միայն տեսնելու: Եկեղեցին կը հաւատայ որ այս հարցը խորապէս ընկերային է, որովհետեւ մարդկային կեանքն ու անոր պահպանութիւնը կարելի չէ թողուլ սոսկ անհատական որոշումներու:

Եկեղեցին նաեւ կարեկցանք ու սէր քարոզող, ներողամտութեամբ իր մեղաւոր զաւակները գրկաբաց ընդունող մարմինն է: Այո՛, հակառակ որ անիկա դէմ է մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը վիժումով ոտնակոխած բոլոր արարքներուն, միւս կողմէ ան երբեք չի զլանար ընդունիլ վիժումի դիմած կիներուն ապաշխարութեամբ մղկտացող սրտերը, որոնք կ’ապաւինին Աստուծոյ ողորմութեան: Գիտութիւնը այսօր կը փաստէ, որ վիժումի դիմած կիներուն մեծագոյն տոկոսը կ’ունենայ հոգեբանական լուրջ հարցեր: Եկեղեցւոյ խնամքին է յանձնուած հոգեւոր եւ այլ կարիքները իր սիրելի զաւակներուն եւ հակառակ որ եկեղեցին դէմ է վիժումի գաղափարին, ան խորապէս կը հասկնայ կեանքի մէջ առնուած որոշումներուն բարդութիւնը ու միշտ սիրով կ’ընդունի իր գիրկը զղջումով եւ ապաշխարութեամբ վերադարձող բոլոր զաւակները: Ո՛չ միայն այս: Եկեղեցին ի՛նք նախաձեռնութիւնը կ’առնէ կորսուած ոչխարները գտնելու, որոնք տարբեր մեղքերու ու անոնց հետեւանքներուն պատճառով հոգեկան տուայտանքներով ներքնապէս կը շիջին:

Յետվիժումնային շրջանին յատուկ իրավիճակ մը կայ, որ հոգեբանական շրջանակին կողմէ կ’անուանուի Յետվիժումնային ախտանիշ (Post-Abortion Syndrome): Կարգ մը հոգեբաններ կ’ըսեն, որ այս ախտանիշը կը նմանի այլ վիրային (traumatic) տագնապալի պատահարներու, ինչպէս բռնաբարում, ինքնաշարժի լուրջ արկած, երկրաշարժներ, յարձակումի ենթարկուիլ եւայլն: Այս շրջանին հոգեբանական լուրջ հարցեր կը սկսին ու վիժումի դիմած կիներ կ’ունենան տարբեր հոգեվիճակներ, ինչպէս ամօթի զգացում, յանցաւորութիւն, վախ, ընտանիքին եւ ընկերութեան կողմէ մերժուելու մտահոգութիւն, զղջում, ներքին տառապանք, ընկճում, բարկութիւն, կասկածներ եւ անձկութիւն:

Վիժումէն անմիջապէս ետք չէ որ հոգեբանական հարցերը ի յայտ կու գան: Ընդհանրապէս որոշ ժամանակ անցնելէ ետք է որ ժխտական անդրադարձը տեղի կ’ունենայ: Երբ տարի մը կ’անցնի ու եղած վիժումին «տարեդարձ»ը կու գայ, հոն է որ երեւան կ’ելլէ այն ստապատիր համոզումը, որ վիժում ընելէ ետք բնական կեանքը շարունակել կարելի է, առանց ոչ մէկ անդրադարձի: Յուշեր կ’երթան ու կու գան: Գէշ զգացումներ յանկարծ մէջտեղ կ’ելլեն: Կիներ, այս ընթացքին, կը նկատեն որ ընդյատակեայ հսկայ աշխատանք կատարուած է: Վերջերս հրապարակուած Բրիտանական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ այս հանգրուանին կիներուն մօտաւորապէս ութսունմէկ առ հարիւրը կ’ունենայ մտային ու հոգեկան լուրջ հարցեր, որոնք կը շարունակուին ֆիզիքական անհանգստութեամբ:

Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ: Ինչո՞ւ վիժումի յուշերը կիները հանգիստ չեն ձգեր:

Երբ ընտանիքի մը անդամ մը կը մահանայ, միւս անդամները առիթ կ’ունենան լալու, ողբալու ու սգալու: Վիժումի պարագային՝ այս բոլորը չկան: Երբ վիժումի յուշերը մէջտեղ կ’ելլեն, կինը կ’ուզէ սգալ, ցաւ զգալ, բայց այս պարագային գերեզման ու նկար չկան, թաղման արարողութեան մը յուշը չկայ: Այս բոլորը հոգեբանական վատ ազդեցութիւն կ’ունենայ կնոջ վրայ: Աւելի՛ն: Վիժումներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը գաղտնի կ’ըլլայ: Այսինքն՝ կա՛մ կինը ինք միայն գիտէ, կա՛մ ալ կինը եւ ամուսինը: Կինը առանձին կը զգայ իր ցաւին մէջ: Մէկը չկայ որ զինք մխիթարէ, երբ վիժումի յուշերը կը յայտնուին եւ ինք զղջումի ու ներքին ահաւոր ցաւի զգացումներ կ’ունենայ: Ան չ’ուզեր իր ընտանիքին բան մը ըսել, որովհետեւ (յատկապէս աւանդապաշտները) ընտանիքին անդամները իր արարքին համար զինք պիտի դատապարտեն: Հոս է որ Յետվիժումնային ախտանիշը իր դերը կը կատարէ եւ կինը սարսափի օրեր եւ ամիսներ կ’ապրի, որ նոյնիսկ անձնասպանութեան կը տանի:

Հոգեբանական անկիւնէ դիտած, անհրաժեշտ է սգալու ժամանակ ունենալ. յիշել անցեալը, խօսիլ վատ զգացումներուն մասին: Խօսիլ եղածին մասին ու թեթեւութիւն զգալ: Հաւանաբար ուրանալ եղածը, որուն վստահաբար պիտի յաջորդեն լուրջ կսկիծը, վիշտը, ինչպէս նաեւ եղած վիժումին իրականութեան ու անոր պատճառած ցաւին ընդունում: Այս բոլորէն ե՛տք միայն կը սկսի հոգեկան բուժումը:

Եկեղեցին ի՞նչ կրնայ ընել: Պէ՞տք է որ բան մը ընէ:

Եկեղեցին շատ բան կրնայ ընել: Չմոռնանք որ եկեղեցականներուն կը դիմեն բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կ’ուզեն անհատական խոստովանութիւն ընել: Եւ եկեղեցականները պէտք է ըլլան գաղտնապահ եւ ինչ որ ըսուի իրենց՝ արձակում շնորհեն: Եկեղեցականները մեծ պարտականութիւն ունին այս ուղղութեամբ, որովհետեւ կին մը կրնայ չպատմել իր ընտանիքին վիժումին մասին, բայց եկեղեցականին կրնայ մօտենալ, պատմել ու անոր խոստովանիլ:

Ամէն բանէ առաջ, եկեղեցին պէտք է գիտնայ Յետվիժումնային ախտանիշին մասին: Առանց գիտնալու այս երեւոյթին մասին՝ տեղի կու տանք թիւր մեկնաբանութիւններու, դաժան յարձակումներու եւ անողոք դատապարտութիւններու: Այո՛, շատ ճիշդ է դէմ դնել վիժումին եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ. Կաթողիկէ եկեղեցին մեծ օրինակ կը հանդիսանայ, որմէ պէտք է սորվինք: Միւս կողմէ, եկեղեցիներ այնքան կը կեդրոնան կիներու վիժումի դիմելու մտածումներուն եւ վիժումի արարքին վրայ, որ կ’անտեսեն յետագայ դառն փորձառութիւնն ու անբաղձալի իրականութիւնը: Հետեւաբար, վիժումի դիմած կիներ բնաւ փորձութիւնը չեն ունենար դիմել եկեղեցի՝ օգնութեան նպատակով կամ սոսկ մեղայի դարձով, որովհետեւ կը կարծեն որ դատապարտական խօսքերէ զատ ուրիշ ոչինչ պիտի լսեն:

Հետեւաբար, եկեղեցին պէտք է գիտնայ վիժումին ի՛նչ կը յաջորդէ եւ առիթներ ստեղծէ, գէթ տարին մէկ անգամ, խօսելու Յետվիժումնային ախտանիշին մասին, հաւանաբար այս մասին պատրաստուած թերթիկներ բաժնելով Ս. Պատարագէն ետք, ներկայացում ընելով ծուխի անդամներուն, ինչպէս նաեւ փոքր խմբակներու մէջ այս նիւթին մասին զրուցելով:

Եկեղեցին պէտք է ներում շնորհելու մասին ալ խօսի եւ աստուածային ողորմութիւնը յիշեցնող քայլերու դիմէ, որպէսզի անառակ որդիին դարձը ընդունող հայեացքով նայի վիժումի դիմած մայրերուն եւ զիրենք ապաշխարութեան եւ իսկական զղջումի առաջնորդէ: Կարեւոր է այս կիները հրաւիրել մասնակցելու Ս. Պատարագին, խոստովանելու եւ հաղորդութիւն ստանալու: Պէտք է հոգեւոր առաջնորդութեամբ զիրենք մօտեցնել Աստուծոյ եւ աղօթական կեանքին, որպէսզի իրենց սիրտերը բանան գթառատ Երկնաւոր Հօր, որ պատրաստ է զիրենք ընդունելու եւ հոգեւոր բալասանով իրենց  վէրքերը դարմանելու:

Այս վերջինին կը յաջորդէ խորհրդատուութիւն, եկեղեցականի կամ աշխարհական մասնագէտի մը միջոցաւ, որ անցեալի հարցերէն ետք կը կեդրոնանայ դրական բաներու վրայ, ինչպէս՝ անարժէք անձ չըլլալու եւ տակաւին Աստուծոյ աղախին ըլլալու իրականութիւնն ու լաւ կեանք ապրելու եւ անցեալի սխալները չկրկնելու հրաւէրը:

Այս մասնագիտացած դարուն, լաւագոյն ձեւերը մէկը դիմելն է այնպիսի հաստատութեան, որ մասնագիտացած է Յետվիժումնային հոգատարութեան մէջ: Ամերիկայի մէջ Կաթողիկէ համայնքը ունի յատուկ ծրագիր՝ Project Rachel անունով, որ վիժումի դիմած կիներու խնամքին նուիրուած է, անոնց կեանքը բարելաւելու եւ հոգեւոր խորհրդատուութեամբ բարեյոյս ապագայ կերտելու:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles