Գէորգ Պետիկեան
Իսկական հարստութիւնը առողջութիւնն է, շատ յաճախ ըսած եւ յիշեցուցած են մեր մեծերը: Եւ այդպէս ալ է: Սոսկ իրականութիւն: Թէեւ շատեր ճիշդ հակառակը
կը պնդեն, սակայն այդ մէկը ուրիշ հարց է:
Միւս կողմէ սակայն իրականութիւն է նաեւ, թէ կարգ մը պարզ կարծուած հիւանդութիւններ կամ ֆիզիքական ցաւեր տակաւին մնացած են անդարման:
Պետական գաղտնիքի նման են: Այսպէս, ասոնցմէ ամենէն յատկանշականը գլխու ցաւն է: Չես գիտեր ուրկէ եւ ինչէն յանկարծ այս մէկը կը ծագի:
Բժիշկներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, մեծ ու փոքր տարրալուծարաններ գիշեր ցերեկ ցաւազրկումի հետազօտութիւններ կ՚ընեն, որպէսզի այս անպիտան գլխու ցաւուն աղբիւրը գտնեն:
Այնպէս կ՚երեւի, թէ գիտութիւնը տակաւին շատ ճամբայ ունի կտրելու:
Մէյ մը ձեր շուրջը դիտելով յստակօրէն կը տեսնենք, թէ աշխարհի վրայ ամէն օր եւ գրեթէ ամէն վայրկեան միլիոնաւոր մարդիկ այս ցաւը կ՚ունենան, որ զիրենք իսկապէս նոյնիսկ կը տառապեցնէ ու ժամանակը կը դառնայ անըմբռնելի։
Անոր համար կ՚ըսեն, թէ համաշխարհային բնոյթ ունի այս ցաւը: Ճիշդ է ցաւազրկումի յատուկ դեղահատներ կան, «ասբէրին», թայլանոլ», սակայն ասոնք բոլորը ժամանակաւոր կերպով կը մեղմացնեն այս «հրէշին» չարիքը: Քանի մը ժամեր ետք կամ ալ յաջորդ օրն իսկ՝ հարցը նոյնն է:
Իմ պարագայիս, թերեւս բախտաւորներէն եմ, որովհետեւ հայ դրացիս իր ամէն ուրախ առիթներուն խորովածի շուրջ մեր հաւաքոյթներուն, իր «ցաւդ տանիմով» արդէն ինձմէ կը փորձէ հեռացնել այս մէկը:
Սակայն ամերիկացի դրացիս Ճիմը, այդպէս չէ: Խեղճը տարիներէ ի վեր այս ցաւէն կը տառապի: Տասնեակներով բժիշկ, մասնագէտ, նոյնիսկ բախտագուշակ տեսած է, բայց անօգուտ: Ճիշդ է, որ խմած դեղերուն վրայ ցաւը քիչ մը կը թեթեւնայ, սակայն քանի մը ժամեր ետք,կացութիւնը նոյնն է: Երբ ցաւը յայտնուէր կռուի գացող վիշապի նման կը պոռար։ Այլեւս իր յուսախաբութիւնը այն աստիճանի հասած է, որ մեր մարդուկը սկսած է երանի տալ նոյնիսկ «քանսէր» քաղցքեղ ունեցողներուն:
Մարդուն քիթէդ է ըսին, քիթը շտկեցին, ապա ծռեցին: Ակռաներէդ է ըսին, բոլորը քաշեցին ու ատամնաշար դրին: Նոր գիւտ մը ընելու նման աչքերէդ է ըսին ու հաստ ապակիներով ակնոցներ տուին: Ականջներէդ ըլլալու է, նոր գիւտ մը ընողի նման «բացայայտնեցի, այս անգամ ականջներէն սկսաւ տարօրինակ ձայներ լսեք։ Սիրտը նկարեցին, քիչ մը մեծ ըսին բաց չդպան։ Իսկ թոքերը քննեցին՝ «բան» մը, համոզիչ «բան» մը չտեսան ու միայն գլուխնին քիչ մը երկար եւ կասկածոտ շարժեցին ու մաշուած ու դիւրին գաղափարներ արտայայտելէ ետք, առաւել նոր մտմտուքներու մէջ նետեցին մեր խեղճ Ճիմը։
Եւ աւելին՝ օր մըն ալ իբրեւ մեծագոյն գիւտ՝ պէտք է ամուսնանաս ըսին։ Բայց, երբ տեսան, որ թոռներ ալ ունէր, «կնիկէդ է» ըսին: Արդարացան։ Ճիմին նախ հաւատաց, բայց վերջը համոզուեցաւ, որ կնկան հետ կապ չուներ ուստի նախ մեծ շունչ մը քաշեց եւ ապա ծածուկ, մտովի քանի մը անգամներ փառք տուաւ ամենակալին։
Սակայն բժիշկները չյուսահատեցան։ Զինք այս անգամ հոգեբուժի ղրկեցին: Քիչ մնաց «կեցած տեղը» խենթանար։ «Աղիքներէդ» է կրնայ ըլլալ փորձեցին համոզել, թերեւս տեսակաւոր եւ անծանօթ «կազեր» ունիս։ Ըսին ու կրկնեցին։ Լծողականներ տուին: Նոր դեղեր խմցուցին։ Մերմարդը իր ամօթէն, օրերով տունէն դուրս չելաւ: Այլ խօսքով, տխրութիւնը կրկին երկաթէ ծանր ոտքերով անցաւ իր վրայէն։ Տագնապն ու տառապան- քը եղբայրացան։ Կեանքը տակն ու վրայ եղաւ ու ծեր ուղտի նման սրունքնները ծալլած, խոհուն աչքերով ծամեց եւ որոճաց իր հրամցուածները։
Յետոյ օր մըն ալ «ստամոքսէդ» է ըսին: Հաւնաբար գլխուդ մէջ անծանօթ «բան» մը տեղ գտած է պատճառաբանեցին։ Շատ «մտածելէդ »է, արդարացուցին: Մարդուն մարմինը, կտրեցին, կարկտնեցին, տարբեր-տարբեր հեղուկներ խմցուցին, գունաւոր եւ անգոյն նկարներ առին,կանխահաս «ծերութիւն» ըլլալու է ըսին եւ օրերով հիւանդանոցներու մէջ պահեցին, պառկեցուցին, քնացուցին ու օր մըն ալ, երբ իրենք այս «մասնագէտները» ա՜լ յոգնեցան, ճարահատ՝ տուն ղրկեցին, իրենց դէմքերուն վրայ տեսակ մը անօրինակ զարմանք մը գծելով:
Ու ցաւն ու անոր ընկերացող սարսափը մնացին իրենց տեղերը:
Այս օրերուն, հաւատացէք, դրացիս երբեք չէր ուզեր այս մասին խօսիլ։ Նոյնիսկ խօսելու ի վիճակի չէր։ Ու իբրեւ ներքին հաշտութիւն, իր յոյսը կապեց անորոշ ու անյայտ բանի մը։ Մէկ խօսքով, հրաշքի։ Եւ սպասեց։ Օրեր, ամիսներ։ Զինաթափ կեցաւ կեանքի անակնկալներուն առջեւ, յաճախ արտասուքը ըմպելով եւ ամէն քայլափոխին հոգին պոռաց իր ցաւերէն։
Այնպէս կ՚րեւէր, թէ նոր առիթներ եւ նոր յոյսեր չկային իր կեանքի հորիզոնին վրայ։ Անոր համար նոր տագնապներ ապրեցաւ միաժամանակ մտովի յարատեւ տագնապներու երգերը կրկնելով։ Հաստատապէս կ՚ապրէր տարբեր մոլորակի մը վրայ, իրեն ու նաեւ մեզի համար բոլորովին օտար։
Բայց անդին, պարագան նոյնը չէր մեր պարտիզպան Հոզէին մօտ կամ հետ: Շուրջ քսան տարիներէ ի վեր զինք կը ճանչնայի: Մարդը, ամէն Երկուշաբթի կու գայ եւ իր աշխա-տանքը անխօս ու հնազանդ կը կատարէ: Պարտէզին խոտերը կը կտրէ, թուփերը կը մաքրէ ու կէս ժամէն իրգործը աւարտելով, կ՚երթայ ուրիշ յաճախորդի:
Ցարդ չեմ յիշեր, որ օր մը իր գլխէն կամ ընտանիքէն գանգատած ըլլլար: Ո՛չ գլխու ցաւ, ո՛չ ալ ուրիշ ցաւ: Միշտ նոյն հագուստով, նոյն գործիքներով, նոյն գլխարկով, սեւցած եւ կէս մը թափած ակռաներու ժպիտով, եօթը զաւակներու հայր ըլլալու հպարտանքով կու գայ, անձայնշաբաթական իր աշխատանքը տանելու:
Օր մըն Ճիմիյին վիճակը իրեն ալ բացատրեցի։ «Ջուրը ինկողը օձին կը փաթուի», կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։ Քիչ մը անգլերէն եւ քիչ մըն ալ սպաներէն խառնելով բառերուս դրացիից վիճակը միամտօրէն իրեն պարզեցի:
Հօզէն երկար խնդաց ու մատը գլխուն տանելով ըսաւ.-
-«Հի՛ր, էսթա», հո՛ս, հո՛ս, ըսաւ, ցոյց տալով իր գլուխը կամ աւելի ճիշդ ուղեղը:
Հաւանաբար ըսել ուզեց, թէ եթէ գլուխդ «պարապ» է, ցաւ չես ունենար: Կ՚րեւի իրը այդպէս ըլլալու էր: Ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ ալ «մաւ»: Երջանիկ Հօզէ: Որո՞ւ հոգը: Ինք տարիներ առաջ, իր կեանքի ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկուն՝ քանի մը երիտասարդ ընկերա-կիցներով, գաղտնօրէն եւ անօրինաւոր՝ մուտք գործած էր այս երկրին այս նահանգը։ Աշխատած գաղտնի ու զանազան ձեւերով տիրացած մր նահանգի իր նմաններուն յատուկ ընձեռած իրաւասութիւններուն։ Եւ ահա հիամ, նահանգը կը հոգայ իր ընտանիքին կարիքները: «Ֆուտ ըսթամբ», տան վարձք,իբրեւ եկամուտ միշտ կան, որովհետեւ արդէն ետեւ-ետեւի զաւակներ «շարած» է: Իսկ խոտ կտրելն ալ իրեն համար ժամանցի պէս բան մը ըրած: Երբեմն մեր տան պարտէզի լեմոնի ծառէն խակ եւ կանաչ փոքր լեմոնները կ՚ուզէ քաղել: Կ՚արտօնեմ: Ատոնք իր «սէրվէսային»գարեջուրին կամ «թիքիլային» համար կարեւոր էին:
Ինծի համար երջանիկ եւ «նախանձելի» ապօրէն քաղաքացի մըն էր: Ոչ հայրենիքի հոգ ունէր եւ ոչ ալ Դատի: Ինք ո՛չ իր թոռնիկին իր մայրենի լեզուն խօսելու հարցն ու մտահոգութիւնը ունէր եւ ոչ ալ ձուլուելու…:
Ահա մարդը։ Սակայն անկախ այս մարդուկէն, կը հաւատամ, որ մեր թաղին մէջ ալ շատեր կային, որոնք լուռ կը տառապէին մեր Ճիմիի ցաւէն: Միւս կողմէ նաեւ կը հաւատամ, որ գլխու ցաւեր ունին բոլոր հայ ծնողները, աղջիկ կամ տղայ ամուսնացնող-ները, երկրի նախագահէնմինչեւ ծերակուտականները, եթէ անշուշտ Հօզէին ըսածին նման, անոնց գլուխը «լեցուն» է:
Այս ցաւը «մօտա» մը չէ, թէեւ շատերուն մօտ կրնայ ըլլալ: Կարծեմ քիչ մըն ալ խղճի հետ կապուած է: Այսպէս՝ Միջին Արեւելքը դարձաւ աշխարհի գլխու ցաւը: Նոյնը՝ հայկական Ցեղասպանութիւնը ծրագրողն ու գործադրողն ալ: Հապա մենք…։
Տակաւին շատ օրինակներ կարելի է շարել: Արդեօ՞ք այս բոլոր ցաւերուն համար դրացի Ճիմիին նման, տունը պէտք է նստինք ու հրաշքի մը սպասենք
Հապա՞ եթէ գլխու ցաւին վրայ ուրիշ ցաւեր ալ աւելնան,ի՞նչ պիտի ընենք: Արդեօք այս մասին մտածող կա՞յ: