Յ. Պալեան
Քաղաքականութեան մէջ ընտրանքը լաւին եւ վատին
միջեւ չէ, այլ նախընտրելիին եւ գարշելիին միջեւ:
Ռէյմոն Արոն, 20-րդ դարու
ֆրանսացի իմաստասէր եւ ընկերաբան
Քաղաքականութիւնը կը վերաբերի անձին եւ հաւաքականութեան, միշտ ի մտի ունենալով այն պարզ իրողութիւնը, որ անձը առանց հաւաքականութեան տեսութիւն է, գոյութիւն չէ ունեցած, ան կը կազմակեպուի եւ կը ձեւաւորուի ընկերութեան մէջ. լեզու, հաւատալիքներ, արժէքներ:
Անձը ընկերութիւնն է իր ճակատագրով, կեանքով, յաջորդական ընտրանքներով, աշխարհը տեսնելու իր կերպով, կը ստանայ եւ կը կտակէ: Այսինքն հաւաքականութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է, հետեւաբար ան պատասխանատուութիւնն է անհատին եւ փոխադարձաբար:
Հայը նաեւ մաս կը կազմէ ընդհանուրին, միաժամանակ այն յատուկ հաւաքականութեան որ հայութիւնն է, յոգնակի մարդկութեան մէջ ապրելու եւ տեւելու իրաւունքով, մաս կազմելով մարդկութեան այլազանութեան:
Ընկերաբանութեան մէջ ընդունուած ճշմարտութիւն է, որ մարդը էապէս ընկերային կենդանի է: Հետեւաբար արուեստական վերաբերում է անջատել անհատը եւ հաւաքականութիւնը, անհեթեթ է զանոնք հակադրել:
Իսկ ինչպէ՞ս ապրած է եւ կ’իրականանայ այդ անբաժանելի գոյակցութիւնը, որ ընդհանուր բնութագրումով քաղաքականութիւն է: Անոր մէջ կը խտանան տնտեսութիւն, շահեր, մրցակցութիւններ, փառասիրութիւններ, ազգային եւ դասակարգային հակամարտութիւններ, եւ ի հարկէ՝ պատերազմներ, գրաւումներ, իրաւազրկումներ, միշտ փոխուող իշխանութեան մականին տակ, յաջորդական ընտրանքներով, երեւութապէս աւելի լաւին ձգտումով, որ ծնունդ կու տայ յառաջդիմութեան ազդակ հանդիսացող անբաւարարութեան, անկատարին:
Լաւին ձգտումը բարոյականի ճանապարհն է, որ պէտք է ըլլայ քաղաքականութեան առանցքը, բայց ան յաճախ կ’անտեսուի, տեղի կու տայ զանազան շահերու առջեւ, որուն հետեւանքով կ’այլասերի քաղաքականութիւնը: Պատմութիւնը բեմն է այս զոյգի սկսող եւ քանդուող գոյակցութեան:
Երբ քաղաքականութիւնը կը լճանայ եւ զայն վարողներ կը խափանեն փոփոխութիւնը, կանգ կ’առնեն յառաջդիմութիւնը, լաւի որոնումը, ինքնգոհութեան աղբիւսին վրայ կը ծնին անփոխարինելիութեան հեքիաթը եւ ղեկավարին կուրութիւնը: Վերջին հարիւրամեակը ցոյց տուաւ, թէ ինչ եղաւ այդ կուրութեամբ վարակուած անփոխարինելիներու ժառանգութիւնը եւ վախճանը, ժողովուրդներու հայր Ստալինէն մինչեւ Հիթլեր, Չաուչեսքու, Սատտամ Հիւսէյն, Պեն Ալի, Իտի Ամին Տատա, Մուամմար Քազաֆի եւ ուրիշներ: Բայց պատմութեան դասը չեն ունկնդրեր մարդիկ, միշտ կը վերածնի աղէտներով յղի մեսիանական փորձութիւնը, մեծ կամ փոքր շրջանակներու մէջ:
Ժամանակի թաւալման ընթացքին, տուեալ հանգրուանի մը, կ’ընտրենք, այսինքն կը մտնենք քաղաքականութեան խաղին մէջ, որպէս սոսկ ընտրող կամ որպէս ընտրուած: Օր մըն ալ կ’անդրադառնանք, որ մեր ընտրութիւնը սխալ էր, անհամապատասխան էր եւ կամ այլեւս անհամապատասխան է իրականութեան եւ անոր պահանջներուն, մեր կարողութիւններուն եւ կարելիութիւններուն: Երբ կ’անդրադառնանք երեւոյթին, կամ վերատեսութեան կ’ենթարկենք մենք մեզ, մեր ընթացքը, նորի ծնունդ հու տանք, կամ պատմութեան ցնցումները կ’աւլեն թիւր եւ թերի համարուածը: Այս գիտակցութիւնը պատմութեան շարժիչ ուժն է, որուն համար Ռէյմոն Արոն կ’ըսէ. «Տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը նկատառելի ազդակներն են Պատմութեան»: Այսինքն իմաստութիւն է փոխել, փոխուիլ, պամութիւն-ժամանակը կանգ չ’առներ, ան գերեզմանն է անփոխաինելիներուն եւ անփոխարինելիութեան:
Այսինքն, պատմութեան տուեալ մէկ պահուն, կը խորհինք, որ ընտրած ենք ճիշդ ուղին, կամ կը ներկայացնենք վերջնական ճշմարտութիւնը, կը յաւակնինք ըլլալ անսխալական, որ մեզմով կը փակուի օղակը, մինչդեռ տարրական իմաստութեամբ պիտի հասկնայինք, ինչպէս իրատեսութեամբ կ’ըսէ նոյն Ռէյմոն Արոնը, որ «Քաղաքականութեան մէջ ընտրանքը լաւին եւ վատին միջեւ չէ, այլ նախընտրելիին եւ գարշելիին միջեւ»:
Իսկ նախընտրելին յաճախ գարշելիէն հեռու չէ, հետեւաբար վառ պէտք է պահել աւելի լաւին ձգտումը, ընելով տգիտութեան եւ տխմարութեան ախտաճանաչումը, որպէսզի չխրինք անփոխարինելիութեան ախտավարակ հոգեկան աւերին մէջ, որ ընկերութիւններուն եւ ժողովուրդներուն դժբախտութեան պատճառ եղած է եւ կ’ըլլայ: Տգէտներն ու տխմարները միայն կը յաւակնին ըլլալ անսխալական, պատճառ դառնալով ընկերային չարիքներու:
Մարդկութեան մեծ խնդիրը եղած են արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը, որոնց ձգտած են մարդիկ, զորս ուզած են հաստատել, որոնց ճամբուն վրայ եղած են անդադրում պատերազմներ, խանգարուած է բնութեան կարգը եւ կը շարունակենք խանգարել: Այս հակասութեան մէջ ապրած է մարդը: Մարկոս Աւրելիոս հռոմէացի իմաստուն կայսրը հասկցած էր, որ «ով խաղաղութեամբ կ’ապրի ինք իրեն հետ, խաղաղութեամբ կ’ապրի տիեզերքին հետ»:
Ուրեմն խաղաղութիւնը հարկ է ապրիլ նախ մենք մեզի հետ:
Ի՞նչ կը նշանակէ «ով խաղաղութեամբ կ’ապրի ինք իրեն հետ»: Ան եսի, ընչաքաղցութեան, հպարտութեան, գերակայութեան զգացումի դէմ պայքար է, որպէսզի բռնատէրը չծնի նախ մեր մէջ, դառնալէ առաջ բռնատէր ուրիշներու նկատմամբ: Եթէ այս իմաստութեամբ առաջնորդուի մարդը, ընտրողը եւ ընտրուողը, կը յաղթահարուին անարդարութիւնները, անհաւասարութիւնները, կը հասնինք այն պարզ իմաստութեան՝ որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սէն, եւ այն ատեն անհատապէս եւ հաւաքաբար խաղաղութեամբ կ’ապրինք տիեզերքին հետ:
Այս մենք մեզի եւ տիեզերքին հետ խաղաղութեան հասնելու իմաստութիւնը կը նուաճուի, ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, աշակերտելով իրաւ մեծերուն, եւ ոչ թէ բանտարկուելով տգիտութեան եւ տխմարութեան քարանձաւներուն մէջ, վասն շահերու եւ չանհանգստանալու անասնական վատութեան: Երբեմն պէտք է մտածել մեծ գիտնական Ալպէր Այնշթայնի հետ, որ ըսած է, թէ «Աշխարհ պիտի չքանդուի անոնց կողմէ որոնք չարիք կը գործեն, այլ անոնց կողմէ որոնք կը դիտեն առանց ոչինչ ընելու»: Այսինքն չարին հանդուրժել ինքնին չարիք է:
Այս ազատ մտորումները կարելի է շարունակել, ինչպէս ոմանք կ’ըսեն, մեր առանձնութեան մէջ: Եթէ մենք մեզի, մեր նմաններուն եւ մարդկութեան կ’ուզենք խնայել չարին, տգիտութեան եւ տխմարութեան զոհ ըլլալու անփառունակ վիճակը, պէտք է յանձնառու ըլլանք չըլլալու առանց ոչինչ ընելու դիտող, որ պատճառ կ’ըլլայ, Այնշթայնի նախատեսութեամբ, աշխարհի քանդումին:
Այս մտածումները պէտք չէ լսել եւ դիմաւորել որպէս ընթացիկ տիրացուական բարոյախօսութիւն, այլ որպէս պաշտպանութիւն մարդու, արժէքներու, ընկերութեան եւ տիեզերքի՝ որուն կ’ուզենք տիրել:
Այսպէս պէտք է մտածել, որովհետեւ այսօր մարդը կը հակակշռէ տիեզերական հզօրութիւն եւ առանց միւսին մէջ մեր հաւասարը տեսնելու, մենք մեզ եւ աշխարհը կը տանինք ոչ թէ մասնակի, այլ տիեզերական աղէտի:
Ներկայ ժամանակին մէջ պէտք խօսինք եւ գործենք կանխելու համար մեր թաղի, երկրի, մոլորակի եւ տիեզերքի աղէտը, որ կ’ըլլայ մարդկութիւնը վերածելով առարկայի, իրի, անէացման:
Մենք մեզի պէտք չէ արգիլենք մտածելու, դատելու, պայքարելու եւ փոխելու առաքինութիւնը:
Մենք՝ մարդ, հայ, մտաւորական, քաղաքական, կրօնական ղեկավար եւ շարքային մի ոմն մարդ: