Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ամէն կիրակի առաւօտ, մեր թաղեցի տղոց հետ` գայլիկութեան կանաչ շապիկները հագած, քալելով կ՛ուղղուէինք Ազատամարտ ակումբ, որ մեր թաղէն բաւական հեռու կը գտնուէր:
Տարազներով մեր խմբովին քալելը, օտարանցորդներու ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Տողանցքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, մանաւանդ որ երբեմն խմբովին կ՛երգէինք գայլիկութեան մեր սորված երգերէն:
«Մոկլին օր մը կ՛արշաւէր, տեսաւ շատ շուներ»:
Հաճելի արշաւներու կը տանէին մեզ, իսկ տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընդհանուր բանակումը:
Հաճոյքի կողքին կար նաեւ դաստիարակչական բաժինը,երբ մեզի կը սորվեցնէին գործադրելուՀ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի՛ր… Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:
Երկու այնքա՜ն իմաստալից բառեր, զորս տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մը պարտի գործադրել:
Բարձրանալ եւ բարձրացնել ուրիշը:
Ամէն տարի, Սուրբ Զատկուան շրջանին, շաբթուան մը համար, կը մեկնէինք Հալէպ` մասնակցելու «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն, իսկ վերջին օրը տողանցքով մը կ՛աւարտէր անմոռանալի շաբթուան մը հանդիսութիւնները:
Հալէպահայութեան փառքի տարիներն էին: Հալէպը կ՛եռար:
Մեզ փոխադրող պասերը տակաւին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբ չհասած, խուռներամ բազմութիւն մը կը սպասէր: Եկած էին, իրարմէ «գողնալու» գայլիկ մը կամ արենուշ մը, եւ շաբթուան մը համար տանելու իրենց տուները: Պանդոկներու մէ՞ջ զետեղել Պէյրութէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները: Հիւրասէր hալէպահայուն համար ամենամեծ ամօթ էր այդ մէկը:
Մանկութեանս երկչոտ եղած եմ (քիչ մըն ալ լալկան): Ծնողքս նախապէս այնպէս մը կը դասաւորէր, որ Նոր Գիւղ բնակող մեզի ծանօթ ընտանիքի մը մօտ մնայի այդ շաբաթ: Երկուքիս ընտանիքները իրարու մօտիկ էին: Ազգականներս կը կարծէի: Հաւանաբար հօրս կամ մօրս հայրենակիցներն էին, սակայն այդ տարիքին հայրենակից կամ խնամի մեզի համար ազգականի համազօր էր:
* * *
Գայլիկութեան տարիներս դժբախտաբար շատ երկար չտեւեցին: Փոխադրուեցանք հայահոծ Պուրճ Համուտ: Ծնողքիս պարտադրանքով, հոն եւս արձանագրուեցայ գայլիկ, սակայն երկչոտ բնաւորութեանս պատճառով չվարժուեցայ մթնոլորտին: Նախապէս թաղեցիներով բոլորս միասին էինք, ներկայիս` շուրջս բոլորը անծանօթ դէմքեր են:
Քանի մը շաբաթ մնայուն բացակայութիւնս պատճառ դարձաւ, որ ինքնաբերաբար հեռանամ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերէն:
Տարիները անցան: Պատանեկութեան տարիներս են: Մանկութեանս երկչոտ բնաւորութեանս հակապատկերը դարձած եմ: Ընկերներուս հետ շուտ կը շաղուիմ: Կը սիրեմ ու կը յարգեմ բոլորը: Նաեւ սիրուած ու յարգուած եմ ամէնքէն:
Մաս կը կազմեմ Պուրճ Համուտի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պասքեթպոլի երկրորդական խումբերէն մէկուն: «Կամք» էր մեր խումբի անունը, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը դասընկերներս էին, իսկ քանի մը հատը, մեր թաղի տղոցմէ:
Միջակ կարողութեամբ խաղացող էի: Շատ արագ կը վազէի, բայց շուտ կը յոգնէի:
Մեր մարզիչը նկատած էր այդ մէկը: Յանձնարարեց, որ մաս կազմեմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «աթլէթիզմի» խումբին` որպէս 100 կամ 200 մեթր երկարութեամբ վազող:
Այդպէս ալ ըրի:
Ամէն կիրակի առաւօտ կը հաւաքուէինք Սարդարապատ ակումբին առջեւ, ուրկէ պասերով մեզ կը տանէին «Քամիլ Շամուն» մարզաւանը, կատարելու մեր փորձերը:
Իբրեւ պասքեթպոլի մարդիկ միջակ խաղացող մըն էի, սակայն իբրեւ վազող, կրնամ վստահեցնել, որ բաւական լաւ արդիւնքներ տուած եմ:
Տարի մը Հալէպի փոխարէն պիտի մեկնէինք Գահիրէ, ուր տեղի պիտի ունենային մարզախաղեր: Ընտրեցին լաւագոյն մարզիկները, որոնց ցանկին մէջ էր անունս: Անձնաթուղթս յանձնեցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի պէտք եղած թուղթի գործերը կատարեն, եւ շաբաթէ մը մեկնինք բուրգերու քաղաքը: Ուրախ էի, որ անձամբ պիտի տեսնեմ պատմութեան մէջ մեր սորված եգիպտական փառաւոններու պալատներն ու բուրգերը: Մրցումներէն աւելի պատմական վայրերով ոգեւորուած էի, սակայն մեր մեկնումի թուականէն քանի մը օր առաջ աջ ոտքիս բթամատը, չես գիտեր ինչպէս, բորբոքեցաւ: Նոյնիսկ կօշիկ չէի կրնար հագնիլ, եւ այսպէսով մեկնումի երազներս ցնդեցան օդին մէջ:
Տարիներ ետք, երիտասարդութեանս տարիներուն, դարձեալ քանի մը անգամ առիթը ներկայացաւ այցելելու Եգիպտոս, որպէս երաժիշտ, սակայն ամէն անգամ ալ, տարբեր պատճառներով չկրցայ մեկնիլ եւ վայելել հնութիւններով լեցուն այդ քաղաքը: Քաղաք մը, որ Ցեղասպանութենէն ետք երկար տարիներ եղած է սփիւռքի ամենաբեղունը: Ունեցած ենք հայ մշակոյթ, հայ մամուլ եւ գրագէտներ, յայտնի կուսակցական գործիչներ: Հոն է, որ հիմնուած է Համազգային մշակութային միութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հոն ունեցած է բազմաթիւ մասնաճիւղեր:
* * *
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը տարեկից են: 100 տարեկան:
1918-ի անկախութիւնը դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ, սակայն սփիւռքի մէջ ծնունդ առած ու հասակ առած Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մնաց մի՛շտ ներկայութիւն: Բազմացան իր շարքերն ու մասնաճիւղերը: Տարիքի յառաջացումը աւելի երիտասարդացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, իսկ երբ 1991-ին վերանկախացաւ մեր հայրենիքը, Հ.Մ.Ը.Մ. մուտք գործեց նաեւ մայր հող:
Իրարու յաջորդեցին Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու քաղաքացիական պատերազմները: Մեծ թիւով հայեր ակամայ գաղթեցին արեւմտեան երկիրներ: Գաղթեցին, սակայն մնացին կառչած Հ.Մ.Ը.Մ.-ին: Արեւմտեան երկիրներու մէջ ծնունդ առին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նոր մասնաճիւղեր: Բազմացան իր շարքերը:
Ես ալ իմ կարգիս, չդիմանալով Լիբանանի աւերիչ ռումբերուն, գաղթեցի Լոս Անճելըս, որ ներկայիս դարձած է սփիւռքի հայկական մեծագոյն գաղութներէն մին:
Ամէն տարի, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնի, յուլիս 4-ի շաբաթը, տեղի կ՛ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նաւասարդեան» շաբաթը, որ այնքա՜ն կը յիշեցնէ Հալէպի այդ երանելի օրերը, երբ բազմահարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական գայլիկներ, արենուշներ ու մարզիկներ կը հասնէինք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբը:
Իրենց տան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական հիւր մը ունեցողներուն դրացիները «աչքի լոյս»-ի կու գային, այնպէս, ինչպէս երբ ընտանիք մը բախտաւորուէր նորածին զաւակով մը:
Քալիֆորնիոյ տարբեր վայրերէն Լոս Անճելըս կը ժամանեն մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, սակայն ո՛չ ոք «կ՛որդեգրէ» մարզիկ մը կամ գայլիկ մը: Այդ մէկը միջին արեւելեան, յատկապէս հալէպահայերու սովորութիւն էր:
Մարզիկի տարիներս շատոնց անցած են: Ինծի կը փոխարինէ տղաս, որ մաս կը կազմէ մեր շրջանի «Մասիս» մասնաճիւղի պասքէթի խումբերէն մէկուն, իսկ ծնողներէն շատերու նման, կինս ու ես փառատօնի շաբաթը մեր կամաւոր մասնակցութիւնը կը բերենք ուտեստեղէն ծախելով բազմահազար ներկաներուն, իսկ եկամուտով օգտակար կը հանդիսանանք մեր մասնաճիւղի նիւթական կարիքներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հաւատացողին համար կամաւոր գործերը չեն պակսիր:
Գաղութի գրեթէ բոլոր հայ երգիչները սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` խանդավառելով ներկաները: Անհաւատալի եռուզեռ: Հազարաւոր հայեր մէկտեղուած, եւ այս բոլորը` շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրեալներու ժրաջան աշխատանքին:
Երկրի մը սովորութիւնները անպայմանօրէն կ՛ազդեն այդտեղի բնակիչներու կենցաղին վրայ:
Հալէպի մէջ Լիբանանէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները, անմիջապէս «կ՛որդեգրուէին» հայ ընտանիքի մը կողմէ: Այդպէս էր հալէպահայուն կենցաղը: Լոս Անճելըսի «Նաւասարդեան» փառատօնի շաբաթը նմանապէս մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ կը ժամանեն Սան Ֆրանսիսքոյէն, Սէն Տիէկոյէն կամ մօտ ու հեռու քաղաքներէ, սակայն նման հիւրընկալութեան չենք հանդիպիր արեւմտեան որեւէ երկրի մէջ: Այդ մէկը իւրայատուկ է միջին արեւելքցի հայուն, մասնաւորաբար` հալէպահայուն:
Երկրի մը սովորութիւնները որքան ալ ազդեն մեր կենցաղին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանաբանը հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի ոեւէ երկրի կը մնայ անփոփոխ`
ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր… ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ: