Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Միջազգային Ֆալքոն Շարժում Կազմակերպութեան Միջազգային Համագումարին

$
0
0

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 15-16 յունիս 2018-ին, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան միջազգային համագումարը:

Համագումարին կը մասնակցէին կազմակերպութեան անդամ քանի մը  տասնեակ միութիւններու 40 ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Անուշ Յովհաննիսեանը (Հայաստան):

Համագումարի ընթացքին նախագահութիւնը ներկայացուց իր նիւթաբարոյական գործունէութեան հաշուետուութիւնը:

Աշխատանոցներու մէջ քննարկուեցան կարգ մը երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, կրթութեան հասանելիութեան եւ այլ հարցեր:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը իր ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն  մասին: Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ  տարուող աշխատանքներուն` մատնանշելով Արցախի մեկուսացուած ըլլալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով երեխաներու եւ  երիտասարդներու առջեւ ծառացած խնդիրներուն, յատկապէս արտասահմանի մէջ կրթութիւն ստանալու դժուարութիւններուն, իբրեւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարում:.

Համագումարի օրակարգին մէջ ներառուած էին անդամ միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարց, նոր նախագահութեան ընտրութիւն, բանաձեւերու ընդունում եւ այլն:

Երկօրեայ հանդիպումներու ընթացքին մասնակիցները կարելիութիւն  ունեցան այցելելու Եւրոպայի պատմութեան թանգարան` ծանօթանալով Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթին:

Օրակարգի վերջին կէտով ընտրուեցաւ նախագահութեան նոր կազմ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles