Յառաջիկայ Նոյեմբեր 28-ին, տեղի պիտի ունենայ “Հայաստան“ համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Վարդենիս – Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման:

“Բնական է, որ միայն մէկ շնչերակով անհնար է ապահովել լիարժէք անվտանգու-թիւն եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ուժականութիւնը: Հետեւաբար անհրա-ժեշտ է կառուցել այլ նմանատիպ մայրուղիներ: Այս ծիրէն ներս չափազանց կարե-ւոր է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին‘ յատկապէս հաշուի առնելով, որ դա պէտք է անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններով, որն, ի հարկէ, ռազմավա-րական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի:… Սա կը լինի այն կմախքը, որի վրայ այնուհետեւ կը ճիւղաւորուեն բազմաթիւ այլ ճանապարհներ“, կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:
Սփիւռքահայութիւնը եւ “Հայաստան“ հիմնադրամը նախապէս, արդէն ճանապարհաշինական երկու մեծ նախագծեր, կեանքի կոչած է: Առաջինը` Հայաստանը Արցախին կապող միակ գլխաւոր ճանապարհը` Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին, կառուցուած է 1990-ական թուականներուն: Երկրորդը` Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհն է, որ Արցախի հիւսիսային Մարտակերտ քաղաքը կը միացնէ հարաւային Հատրութ քաղաքին, անցնելով տասնեակ մը գիւղաքաղաքներէ:
Այսպէս, երրորդ հսկայ ծրագրի մեկնարկին ազդանշանը կը տրուի այս տարուայ գոհաբանութեան օրը: Թէեւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը կը գործէ, սակայն վերանորոգման եւ ընդլայնացման կարիքը կայ, մանաւանդ որ ձմրան ամիսներուն, անգործածելի կը դառնայ: Ըստ նախնական տուեալներու, անհրաժեշտ է որ հանգանակուի շուրջ երեսուն միլիոն տոլար:
Ճանապարհի կառուցումը եւ մշտական ճանապարհային հաղորդակցութիւնը իր ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ճանապարհէն մինչեւ երկու տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տարածուող համայնքներու բնակիչներուն ընկերա-տնտեսական կեանքին վրայ:
Նշենք թէ, այս ճանապարհը պիտի անցնի Դադիվանքէն, որ հայկական վաղ միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխգործոց կառոյցներէն է: Այսպէս, երբ վերանորոգուի եւ վերակառուցուի Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին, բազմաթիւ սփիւռքահայեր, զբօսաշրջիկներ եւ առ հասարակ ճամբորդութեան սիրահարներ, պիտի օգտուին այդ ճանապարհէն: Աւելին, նաեւ կարելի պիտի ըլլայ ընբոշխնել Քարվաճառի հրաշք բնութիւնը: