Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՔԻՉ ՄԸ ԼԵԶՈՒ, ՔԻՉ ՄԸ ԲԱՌԱԽԱՂ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Գծագրութիւնը՝ Բենօ Միշոյեանի

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

 

***

Հերթական գիտաժողով: «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցում»: Բայց ի՛նչ վտանգաւոր բառ է այս մերձեցումը: Մերձեցումը տեղի կ’ունենայ միաձուլուելու նպատակով: Կը մերձենայ սիրահարուած զոյգը, օրինակ, որպէսզի անոնց երկու մարմինները միաձուլուին ու մէկ դառնան: Հոս միաձուլուելու խնդիր իսկ չկայ: Իւրաքանչիւր լեզու ինքնին արժէք է եւ երկուքին իմացութիւնը՝ հարստութիւն: Եւ դեռ այդ անուան տակ կը փնտռենք մեղսակիցներ, մէկը կ’ըսէ. «Ձեր հնչիւնը չի համապատասխաներ մեսրոպեան հնչիւնական համակարգին, ուստի մերն է ճիշդը», միւսը կողմինը կը պատասխանէ. «Ձեր ուղղագրութիւնը չի համապատասխաներ, ուստի մե՛րն է ճիշդը»: Իսկ երրորդ մը մերձեցման լուծումը կը գտնէ վերադարձի կոչ ուղղելով դէպի արմատներ, այսինքն՝ գրաբար, մանաւանդ հրեաներն ալ օրինակ բերելով:

Մօտեցում բառը հասկնալի է, փոխանակութիւնը՝ նոյնպէս, բայց մերձեցո՞ւմ… դժուար ըմբռնելի:

 

***

 

Բոլորս գիտենք, որ մարդիկ, մանաւանդ տղամարդիկ, երբ ջղայնանան կամ զայրանան, անմիջապէս իրենց բերնէն դուրս կը շպրտեն անէծքներ ու հայհոյանքներ (բացառութիւնները միշտ յարգելի են): Այդ անէծքներէն է, զոր օրինակ՝ «Հերդ անիծեմ» արտայայտութիւնը: Բայց զգո՛յշ, բառերը յանկարծ սխալ չստուգաբանէ՜ք  եւ «հերը» ՝ մազ (Նա հուր հեր ունէր)  ու անիծն ալ ոջիլի հունտը չկարծէ՜ք: Թէեւ ժամանակին աղջկայ մը վարսերը շատ մեծ նշանակութիւն ունէին եւ պատիւի համազօր արժէք կը ներկայացնէին: Անբարոյ աղջիկներուն մազերը շատ կարճ կը կտրէին ու կ’անիծէին զիրենք (ոչ թէ կ’ոջիլոտէին):

 

***

Կը կարծէի որ բառավերջի ճի թրքական մասնիկը, որ խօսակցական լեզուին մէջ մուտք գործած է, արեւմտահայերէնին պատկանող երեւոյթ մըն է. մանաւանդ արհեստի վերաբերող բառերուն ետեւը ճի մը կ’աւելցնես եւ այդ արհեստով զբաղողի իմաստը կու տաս: Եթէ օրինակ ինծի հարցնեն, թէ ամուսինս ինչ կ’աշխատի՝ կա՛մ կ’ըսեմ հաստոցի գործով կը զբաղի, կա՛մ, մանաւանդ մտերմիկ շրջանակի մէջ, կրնամ ըսել թորնոճի է, բայց եկուր տես որ Հայաստան ալ հասած է այս ճի մասնիկը, բայց այս անգամ չի տեսքով եւ այս օրերուն մարդոց շուրթերէն դէպի երկինք առատօրէն կը թեւածէ, նկատի առած որ ընդհանուր մաքրագործումի շրջան մը սկսած ենք եւ բոլոր ալան-թալանչիները երեւան պիտի հանենք ու պատժենք զանոնք:

 

***

Սուրիացի մը տրտունջք կը յայտնէ Հայաստանի նկատմամբ ու իր յոռետութիւնը երկրին մէջ կը գտնէ. «Բան մը չեմ հասկնար կոր, լեզունին չեմ հասկնար կոր», կը դժգոհի: «Սուրճ մը պիտ ապսպրես «տարը» պիտի ըսես եղեր լեղի ըսելու փոխարէն», կը գանգատի ու ինքզինք արդարացնելով կը շարունակէ. «Սուրճը ինչ գործ ունի «տարը»ին հետ»: Դժբախտ սուրիացին պահ մը մոռցեր էր իր դառն կեանքին մասին ու կռիւ տալով կը կրկնէր. «Մենք «տարը» «պէլիլէ»ին կ’ըսէինք»:

(Պէլիլէ- արաբերէն բառ՝ եգիպտացորեն)

 

***

-Ինչո՞ւ ռուսերէն բառեր կը խառնէք լեզուին:

– Ուրախ պէտք է լինես, որ բառ ենք շահում եւ հարստանում:

 

***

Հայաստանցին սուրիացի բարեկամին կը հարցնէ.

-Հայրդ ո՞նց ա, ի՞նչ է անում:

– Տունն է, պառկեր է, կը հանգչի:

– Ի՞նչ ես ասում. hանգա՞ւ եւ դու էսքան հանգիստ ես խօսում էդ մասին:

 

***

-Ի՞նչ մասնագիտութիւն ունէք:

-Բանասէր եմ, պա դո՞ւք:

-Իմն էլ ա բան,  բայց իմը՝ իրաւ-ա-բան ա:

 

 

***

Ուրախ էին, երբ բոլորին կողմէ «մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքը կը ստանային, լուր չունէին որ առաջին իսկ օրէն քաշքշուքը պիտ սկսէր:

 

***

Հայաստանցին նկատելով որ արեւմտահայերը անընդհատ կը դժգոհին, թէ արեւելահայերէնի մէջ միշտ առկայ է օտար բառերու օգտագործումը, կ’որոշէ այսուհետ շատ զգոյշ ըլլալ: Ու երբ իրեն կը հարցուի թէ ո՞ւր կ’երթայ՝ կը պատասխանէ.

-Շրթունքեանից կ’ուղղուեմ դէպի ձիթապտուղ:

Ան ընդամէնը ըսել կ’ուզէր, որ Պռոշեանէն դէպի Զէյթուն պիտի երթար, բայց լեզուն անաղարտ պահելու իր որոշումը վճռական էր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles