Ցեղիս Սիրտ՝ Դանիէլ Վարուժան, մարգարէական շունչով աւետած էր Վարդահեղեղ արշալոյսին մօտալուտ գալուստը: Կանխատեսած էր նաեւ «հերոսներով յղի ապագան», որ տարիներ ետք՝ յետ երկար դարերու ոսկի երազանքներուն եւ դիւցազնական պայքարներու արիւնալի հեղեղներուն, Վահագնեան հրեղէն երկունքով պատռելով հայոց արգանդը՝ ծնունդ տուաւ Մայիսեան նոր արշալոյսին: Զանգերու ղօղանջներով, թնդանօթներու որոտներով, կրօնաւորական դասի երկնասլաց շարականներով, շինականներու աղաղակներով եւ հայ մարտիկներու զէնքերուն շաչիւններով գիւղէ գիւղ, գաւառէ գաւառ տարածուեցաւ Անկախութեան մեծ աւետիսը:
Մայիս 28, հայ ազգին առջեւ բացաւ նոր հորիզոններ, մարտահրաւէրներ՝ ազատ ապրելու, հայրենիքը կառուցանելու, ժողովուրդը բարօրելու: Նաե՛ւ, իր ինքնութիւնը պարտադրելու անվիճելի հրամայականներ: Մայիս 28, եղա՛ւ ինքնաճանաչման, եւ ազգային գիտակցութեան մղիչ ուժ ուխտապահ հաւատաւոր հայորդիներուն անոնց երակներուն մէջ հոսեցնելով նոր արիւն: Հայ բազուկին տալով մոգական զօրութիւն:
Մայիս 28, անցնող հարիւր տարիներու հոլովոյթին հանդիսացաւ Հայկեան Ցեղի գոյատեւման ամրախարիսխ կռուան: Կերտեց խրոխտ սերունդներ:
Հրկիզեց հայրենիքի սիրով տրոփուն սրտեր: Ներշնչեց ազգային գիտակցութեամբ սնած ու ծաղկած մտքի եւ հոգիի սպասարկուներ եւ տիտաններ:
Մայի՜ս 28, ողջո՛յն անկասելի տողանցքիդ: Կախարդական դիմադրականութեանդ: Անբեկանելի կամքիդ: Անընկճելի վճռականութեանդ: Փառքի դափնեպսակով շքեղազարդ ճակատիդ: Համբո՜յր փաղանգ առ փաղանգ անմահութեան երկնակամարիդ վերեւ թեւածող հրաբորբ մարտիկներուդ, որոնց անաղարտ արիւնով ճեղքեցիր փշոտ ու ժայռոտ ճանապարհը որ առաջնորդեց քեզ գաղափարիդ երկնամերձ կատարին:
Մայի՜ս 28, երիտասարդական աւիշովդ մնաս: Հիւթե՜ղ պտուղներովդ լիանաս: Հաստատաքայլ շարունակէ՛ հարիւրամեայ դիւցազնական արշաւդ:
Քաջաբա՜ր կուրծք տուր, քեզ զգետնել փորձող անմեհի հովամրրիկներուն:
Դուն՝ բազմաչարչար, իրաւազրկուած, ազատատենչ ժողովուրդիդ ծոցէն ծնար: Այս ուղեմոլոր դարուս, եղի՛ր փարոս եւ ռահվիրայ ժողովուրդիդ:
Վարարէ՛ զայն ոգեղէն տեսլականներովդ: Ընթացի՛ր յառաջ: Սլացի՛ր միշտ դէպի վեր:
Մայիս 28, յաւերժի աննկո՜ւն ճամբորդ, կենա՛ց անսասան: Կենա՛ց յաւէտ: