Այս տարի մեր պատմական թուականներու յոբելենական նշումներու տարի է։
Այս մասին արդէն զանազան ծրագրումներ, կլոր սեղաններ, հանդիսութիւններ եւ գիտաժողովներ սկսած են ծրագրուիլ ու նոյնիսկ արդէն ընթացք առած են, ամէն կողմ։
Այս ձեւով, հայ մարդը, մեր պատմական դէպքերու շարք մը գոյնզգոյն օղակներու իրարայաջորդ յիշատակումներուն ոչ միայն ներկայ պիտի գտնուի դրական եւ գեղեցիկ պատմական այն հպարտալի պատեհութիւններու տողանցումներուն, որոնք սփիւռքեան մեր ճակատագրի պահպանման եւ կազմութեան մէջ մեծ եւ բարերար դերեր ստանձնած էին, այլ նաեւ պիտի ջերմացնէ իր հոգին։
Խորքին մէջ, եթէ կ՚ուզէք յոբելենական այս թուականները մեր կողմէ նաեւ տեսակ մը գնահատանքի տուրքեր ալ են, որոնք կը բխին մեր արեան կանչէն, մեր գիտակցութիւնէն որովհետեւ իբրեւ ազգ, այս թուականները հպարտօրէն մեր ժողովուրդն է, որ ստեղծած է իր բազուկի ճամբով, իր մտքի թռիչքներով եւ զանոնք ապրած ու անոնցմէ անցած՝ ինքզինք ճանչնալու համար։ Որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր թուականի նշում, իր մէջ ունի նաեւ իր կեանքը հունաւորելու գաղտնի ու թագնուած ձգտում մըն ալ։
Վերջապէս այս նշումներով, նաեւ մենք զմեզ արժեւորած պիտի ըլլանք։
Արդ, այդ մեծ ու հպարտալի թուականներէն մէկն ալ է, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ այսինքն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, հիմնադրութեան հարիւրամեակը։
Հ.Մ.Ը.Մ. եւ հարիւր տարեկան, սակայն միշտ երիտասարդ։
Հպարտօրէն կարելի է հաստատել, թէ 1918-ին հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր ծննդեան օրէն սկսեալ, Սփիւռքեան մեր ժողովուրդին ոչ միայն փառքն ու պատիւը եղաւ այլ դարձաւ նաեւ անոր ուրախութիւնն ու հրճուանքը:
Ուստի, ինծի համար խօսի՛լ, գրե՛լ եւ կամ արտայայտուի՛լ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին, կը նշանակէ խօսի՛լ սփիւռքեան մեր հայոց պատմութեան մասին, ուր մեր նոր սերունդի ժառանգորդներուն մօտ տեսանելի է հայրենասիրութեան եւ հայապահպանման ոգին, իր անվերջ սաւառման թռիչքներով, պարուրուած իր հայակերտումի մտասեւեռումներով եւ այս բոլորը՝ մեր հայրենիքի ու անոր ազատութեան սէրով շաղախուած եւ հայու օրինակելի մարտնչող կամքով գօտեպնդուած։
Եւ օրին, տակաւին նախակրթարանի մեր վաղ տարիներուն, որպէսզի սփիւռքեան մեր հայութեան մնայինք աւելի հաստատ ու ամուր, ու նաեւ ըլլայինք տիպար քաղաքացի եւ սակայն հոգիով հայութեան կապուած, մեր ծնողները, պատիւ իրենց, հակառակ այդ օրերու կեանքի բազմազան դժուարութիւններուն, հայկական դպրոցի կողքին, մեզի առաջնորդեցին նաեւ դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.։
Ու ծնողական մեծ պարտականութիւն մը կատարողի խանդավառութեամբ, մեզի արձա-նագրեցին անոր շարքերուն, իբրեւ փոքր անդամ՝ գայլիկ անուան տակ։ Ունեցանք մեր «Պալու»ն եւ մեր «Ագելլա»ն եւ մեր «վոհմակը»։ Ճանչցանք ու ծանօթացանք «Մոկլիի»ին։ Խաղցանք, ուրախացանք, երգեր ու բազմազան եւ տեսակաւոր ու միեւնոյն ատեն անհասկնալի կանչեր ալ սորվեցանք եւ ապա զանազան առիթներով մեր քաղաքի նեղ ու լայն փողոցներուն եւ նոյնիսկ հսկայ պետական մարզադաշտին մէջ, անխոնջ եւ փոքրերու ինքնածին հպարտանքով՝ տողանցեցինք։
Եւ երբ քիչ մըն ալ հասակ նետեցինք, մեզի սկաուտ անուանեցին ու մեր խումբին՝ «Վագր», հոն ակնածանքով եւ անսակարկ նուիրումի խոստումով, երդում տուինք, ծառայելու ազգին, հայրենիքին։ Հո՛ն էր, որ մեր դպրոցէն բերած, սորված ու մեր մտքերուն մէջ դրօշմած Արարատի նկարն ու անոր վեհութիւնը, մեր հոգիներուն մէջ ամուր պահեցինք։ Սկսանք այս անգամ մեր դասագիրքերէն տարբեր դաստիարկուիլ, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ մարդու կեանքի ոգեղէն արժէքներուն ալ ծանօթանալ։
Ու աւելին՝ յաճախ գարնանային եւ ամառնային Կիրակի առաւօտները, իբրեւ մարզանք եւ խմբական քայլարշաւ-աշխատանք, մեզի քալելով տարին Նոր Գիւղի այդ օրերուն մեր միութեան միակ մարզադաշտ «Նաւասարդեան» քարքարոտ դաշտը։ Հոն, դաշտի մէկ ծայրին, մէկ շարք կազմած, իւրաքանչիւրս կամ զոյգով, ձեռքերնիս մէկական լաստիկէ թոյլեր բռնած, դէպի դաշտի միւս ծայրը կամաց-կամաց յառաջանալով մեզի սորվեցուցին մեր ճամբուն վրայ հաւաքել մեր տեսած կամ հանդիպած մանր քարերն ու խիճերը, որպէսզի ժամեր ետք, մեր միութեան մեծ տղոցմով կազմուած ֆութպոլի խումբերը, իրենց խաղերու ընթացքին գետին իյնալով, ծանրօրէն չվիրաւորուէին։
Այդ օրերուն դաշտը թիթեղապատ էր եւ իբրեւ «թրիւպին» թիթեղածածկ խեղճ ու փոքր բեմով մը «զարդարուն»։ Գետնին՝ խոտ չկար, նոյնիսկ դաշտին մէջ խմելու ջուր չկար։ Միայն խիճերով ծածկուած ֆութպոլի դաշտի ձեւ առած երկու «կոլեր» ունեցող քարքարոտ տարածութիւն մը, որուն վրայ իբրեւ մեծ սեփականութիւն՝ հպարտանքով կը գուրգուրայինք. մեծով ու պզտիկով։
Ու մենք յաճախակի մեր այս «աշխատանքը» սիրով եւ կամաւոր կը կատարէինք։ Առանց տրտնջալու։ Գոհունակ սրտով։ Մեծ պարտականութիւն մը կատարողի գոհունակու-թեամբ։ Ու քանի մը ժամ ետք, դարձեալ քալելով տուն կը վերադառնայինք, յոգնած ու ջարդուած, սակայն գոհունակ սրտով։
Ահա՛ եւ այսպէս մեծցանք իր շունչին տակ։ Ահա ա՛յս միութեան հայ մարդուն կեանքը իմաստաւորող եւ մանաւանդ ուսացանող գաղտնիքը։ Մեր այդ տարիքին արդէն դարձած էինք կամաւոր եւ անսակարկ զոհաբերող փոքր միութենականներ։
Ու տարուէ տարի, կարգապահութիւն, յանձնառութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նախանձելի ձգտումներ, «առողջ միտք, առողջ մարմին» վարկածին հետեւելով, մեր մտապաշարը հասրտացուցինք ու մեր կամքը զօրացաւ։ Մեր կեանքը սկսաւ լեցուիլ, լիցքաւորուիլ ազգային, նոյնքան ալ մարդկային արժէքներով։ Նոյնիսկ մեր յաճախած ազգային կամ պետական դպրոցներէն ներս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ ըլլալը կամ դառնալը, տեսակ մը աշակերտական կենսունակութիւն ներշնչնող եւ աւանդող «բան» մըն էր։ Արդէն գոց սորված էինք «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ն ու իր իմաստը ու անկէ ճառագայթող խտացուած ու լուսաւոր նշանակութիւնը եւ կը զգայինք, որ արդէն հաստատօրէն էինք հայ նահատակ ցեղի անմահներու շարքին։
Նոյնիսկ մեր բնակած թաղին մէջ, իբրեւ հսկայ նուիրումի կամաւոր բանակի մէկ անդամ, երբ ամէն անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարազով կ՚անցնէինք, արդէն բաւարար էր մեծ հիացմունք կործել մեզ դիտող, մեծ ու պզտիկ, հայ կամ տեղացի դրացի կամ թաղեցիներու աչքերէն։
Ապա վերջը, մեր պատանեկութեան տարիներուն, երբ խորունկ գիտակցութեամբ նաեւ իբրեւ պարզ անդամ մաս կազմած էինք այս սրբազան առաքելութիւնը ունեցող միութեան, կը տեսնէինք անոր հսկայութիւնը։ Մեր մորթին վրայ կը կրէինք այդ շօշափելին։
Ապա վերջը, մեր ծննդավայրերէն երբ կամայ թէ ակամայ հեռացանք, իբրեւ սրբազան մասունք «զինք» ալ օտար երկինքներու տակ, մեզի հետ բերինք։ Խնամքով ու մեր մտքերուն մէջ ամուր պահած մեզի հետ պտտցուցինք իր խորհուրդը, իր դրօշը, իր շունչը ու ամէն ճիգ թափեցինք, որ ինք մեր ստեղծած նոր կեդրոններէն ներս դարձեալ շնչէ, ապրի, ճառագայթէ, սերունդներ պատրաստէ։ Մէկ խօսքով վերակենդանանայ։ Վերապրի։
Իսկ հիմա, Հ.Մ.Ը.Մ. կ՚ըսենք.- Դուն այս տարիքիդ, մեր երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցող քու գուրգուրոտ խնամքովդ, հայ մարդ պատրաստելու չարքաշութեամբդ եւ մանաւանդ՝ ազգային արժէքներ սնուցանելու առողջ եւ կայտառ մարմին պահելու նախաձեռնութեամբդ, հակառակ մէկ դարու կեանքիդ, դարձեալ նշմարելի է յաղթական երթդ։
Դարձեալ տեսանելի է նոյն սրբազան առաքելութեանդ եւ աւանդիդ շարունակութիւնը։ Դարձեալ կառոյցներուն մէջ խանդավառ է երկսեռ հայ նոր սերունդներու հպարտալի խմբաւորումդ։
Պարզ նշումներ չեն այս բոլորը։
Լաւատես երեւոյթ ըլլալէ աւելի, կենսախինդ ու խանդավառութիւն բուրող տեսակ մը հաւաքականութիւն ես։ Այսօր դարձեալ կանգուն ես եւ դիմադրական կը յառաջանաս նուաճելով նոր յաղթանակներ, գալիք տեսլիքներու կամքը զօրակոչելու միշտ ծաղկեալ, կենդանի, առողջ ու նախանձելի վիճակով:
Հ.Մ.Ը.Մ.- չորս գիրով ինքզինքդ բացայայտող միութիւն, Դո՛ւն տակաւին երիտասարդ ես, որովհետեւ մէջդ խտացուցած է հայ երիտասարդ սկաուտին եւ մարզիկին առողջ միտք եւ մարմնով կեանքին իմաստը։
Դո՛ւն ես ճշմարիտ ներկայացուցիչը հայ ոգիով թրծուած մեր նոր սերունդին ու նաեւ ներկայացուցիչը ՝մեր ազգային ընտանիքին եւ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մաքուր եւ վեհ գիծերուն, որոնց շնորհիւ կ՚ամրապնդուին մեր ապագայի յոյսերը։
Ուստի բարի եւ փայլուն երթ, միշտ երիտասարդ, թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքներուն շնչող հայ ժողովուրդի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն։
Կեցցէ՛ս, Դուն։
↧
Հ.Մ.Ը.Մ՝. Միշտ Երիտասարդ
↧