Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.- ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ` 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԱԳՐՄԱՆ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ

$
0
0
 Հա­յոց Պա­տա­րա­գէն նմոյշ մը` Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի ``Հայր Մեր``ը

Հա­յոց Պա­տա­րա­գէն նմոյշ մը` Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի “Հայր Մեր“ը

ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

 

19-րդ դա­րու հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, մշա­կոյ­թի առա­ջին ակա­նա­ւոր գոր­ծի­չը որ ընդ­հա­նուր հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան հետ ձեռք բե­րած է նա­եւ երաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւն` մեծ լու­սա­ւո­րիչ Խա­չա­տուր Աբով­եանն է: Դո­պա­դի -այժմ­եան Տարտ­ուի- հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան տա­րի­նե­րուն, ան սոր­ված է նա­եւ կի­թար եւ եր­գե­հոն նուա­գել, ինչ­պէս նա­եւ մաս­նակ­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի բազ­մա­ձայն երգ­չա­խում­բի ելոյթ­նե­րուն:

Աբով­եանն այդ տա­րի­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է ծանօթա­նա­լու եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան, ձեռք բե­րած` ձայ­նամ­շակ­ման ար­ուես­տի եւ երաժշ­տու­թեան տե­սու­թեան գի­տե­լիք­ներ` նպա­տակ ու­նե­նա­լով այդ բո­լորն օգտա­գոր­ծել իր ժո­ղո­վուր­դի երաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման, ինչ­պէս նա­եւ մա­տաղ սե­րուն­դի երաժշ­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան կազ­մա­կերպ­ման հա­մար: Վե­րոգր­եալ ծրա­գիր­ներն ի յայտ կու գան Ներ­սէս Կա­թո­ղի­կոս Աշ­տա­րա­կեցի­ին գրած իր նա­մակ­նե­րէն:

Աբով­եան այդ օրե­րուն Կա­թո­ղի­կո­սին ներ­կա­յա­ցու­ցած է, Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր ձե­ւի ժո­ղովր­դա­կան դպրոց­ներ հիմ­նե­լու վե­րա­բեր­եալ իր ծրա­գի­րը 1834 թուա­կա­նին, յատ­կա­պէս ընդգ­ծե­լով աշա­կեր­տու­թեան երաժշ­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան նշա­նա­կու­թիւնը, շեշ­տե­լով որ “բո­լո­րը պէտք է երաժշ­տու­թիւն սոր­վին“:

Դո­պա­դի մէջ ձեռք բե­րած եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան գի­տե­լիք­նե­րը, Խա­չա­տուր Աբով­եան մօտ լայն ցան­կու­թիւն արթն­ցու­ցած են, զբա­ղե­լու հայ­րե­նի երաժշ­տու­թեան ձայ­նագր­ման եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան գոր­ծով: Ան շատ բարձր է գնա­հա­տած հայ ժո­ղովր­դա­կան, աշու­ղա­կան եւ եկե­ղե­ցա­կան երաժշ­տու­թիւնը: “Հօ, լսած ես շատ ան­գամ եր­գի ձայն, ըսէ, քու սազն ու պա­յա­թի՞ն քե­զի հա­ճե­լի է, թէ այն միւ­սը“, հարց կու տայ Աբով­եան: Իսկ, ու­րիշ առի­թով, խօ­սե­լով հայ հո­գե­ւոր եր­գե­րու մա­սին, ան շեշ­տած է, թէ “մեր եկե­ղեց­ւոյ երաժշ­տու­թիւն ամե­նա­կա­տար­եալն է“:

Խա­չա­տուր Աբով­եան իր ելոյ­թի ըն­թաց­քին կ՛աւելց­նէ, ըսե­լով “Հայ­տը­նի, Հեն­տե­լի, Վե­պե­րի, Մո­ցար­դի ամե­նա­գե­ղե­ցիկ եր­գե­րը դժուար թէ կա­րո­ղա­նա­յին աչ­քե­րէս` այն­պի­սի ար­ցունք­ներ, ներ­սէս` այն­պի­սի խոր հա­ռա­չանք­ներ հա­նել, ինչ­պէս այդ պարզ երե­խա­յա­կան թո­թո­վան­քը“:

Այ­դու­հան­դերձ, 19րդ դա­րու առա­ջին կէ­սի ըն­թաց­քին թէ­եւ կա­տար­ուե­ցան որոշ տե­ղա­շա­հեր, հան­դէս եկան առա­ջին երաժշ­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, ստեղծ­ուե­ցաւ Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գը, կա­տար­ուե­ցան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան առա­ջին փոր­ձե­րը, սա­կայն հայ­կա­կան մաս­նա­գի­տա­կան երաժշ­տու­թիւնը տա­կա­ւին չէր ձե­ւա­ւոր­ուած եւ այդ մա­կար­դա­կին հաս­նե­լու հա­մար, բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ պէտք էր:

Կա­տար­ուած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանքն իր նշա­նա­կու­թիւնն ու­նե­ցաւ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, հայ երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը խթա­նե­լու տե­սա­կէ­տէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles