ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ (՛՛Ապառաժ՛՛, ՛՛Եռագոյն՛՛) .- Մայիս 9-ի առաւօտեան, նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ուղեւորուեցաւ Արցախ՝ մասնակցելու ՝՝Յաղթանակի Օր՜՜ուան տօնակատարութիւններուն: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններու հետ Փաշինեան այցելոց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղեց Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներու գերեզմաններուն:
Հ.Հ. վարչապետը Մայիս 9-ի եռատօնին առիթով նաեւ ուղերձ յղեց՝ շնորհաւորելով ՝՝Յաղթանակի եւ խաղաղութեան՝՝ տօնը։ Ան յայտնեց.- ՝՝Հայրենական մեծ պատերազմին մեր նախնիներու տարած յաղթանակը իսկապէս պատմական էր։ Այդ յաղթանակն ու անով պայմանաւորուած խաղաղութիւնը նոր դռներ բացին մեր ժողովուրդի համար եւ նոր հորիզոններ բացին անոր ստեղծագործ աշխատանքի, երկրի շէնացման ու զարգացման համար:
Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները այդ յաղթանակին տուին այն ամէնը, ինչ կրնային եւ փառքով պսակեցին իրենց անունը երկրորդ աշխարհամարտի բոլոր ճակատներուն, ինչպէս նաեւ թիկունքին, պարտիզանական կռիւներուն եւ դիմադրական շարժումներուն։
Խորին ակնածանքով այսօր մենք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր վեթերաններուն։
Այսօր մեզի համար կրկնակի տօն է։ Մենք կը տօնենք Շուշիի ազատագրման հերթական տարեդարձը։ Այդ փառաւոր յաղթանակը սոսկ ռազմական յաջողութիւն չէր։ Անով արցախահայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջման վտանգէն եւ ձեռք բերաւ խաղաղ ապրելու հեռանկար…:
… Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս փառապանծ տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի փառս մեր երկրի եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի՛՛։
↧
Հ.Հ. Վարչապետի Այցը Ստեփանակերտ
↧