Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 9-ին, յաջորդաբար 67-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան յիշատակելի իրադարձութիւնը այն է, թէ Քիթ Լոքըրթի ղեկավարած նուագախումբը, պիտի հնչեցնէ Էտկար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ»-ը (վերամշակուած՝ յօրինող եւ մաէսթրօ Ռուբէն Ասատրեանի կողմէ), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ:Image may be NSFW.
Clik here to view.Image may be NSFW.
Clik here to view.
Այս տարուան երիտասարդ արուեստագէտն է Հայկ Յովսէփեանը (Պելմոնթ, Մասաչուսէց) որ պիտի նուագէ ֆինլանտացի յօրինող Սիպելիուսի հանրածանօթ ջութակի համանուագը:
Յովսէփեան այժմ կ՛ուսանի Քլիվլենտի երաժշտանոցին մէջ: Ան բազմիս մասկացած է մրցանքներու եւ տիրացած առաջնութեան:
Այդ օրուայ հանդիսութեան, նաեւ պիտի հրամցուին Հոլիվոիտեան ժապաւէններու մէջ գործածուած երաժշտական յօրինումներ:
↧
Այս Տարուան «Պոսթըն Փոփս»-ին Պիտի Հնչէ «Սարդարապատ»-ը
↧