Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՉԱՆՂԸՐԸ-Ի 99 ՀԱՏԻԿՈՎ ՀԱՄՐԻՉԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԺԽՏԵԼԻ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐԸ

$
0
0

 

Վարդերես Աթանասեանի համրիչը, 99 հատիկներով եւ 103 անուններու ցանկը

   

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

Ապրիլ 24, 1915-ին  Պոլսոյ մէջ կը կատարուի մեծածաւալ ձերբակալումներ թրքական իշխանութեան կողմէ նախապէս պատրաստուած ցուցակով:  Շուրջ 220 հայ երեւելիներ, որոնց մէջ կ’ըլլան մտաւորականներ, առեւտրականներ, բժիշկներ, դեղագործներ, հոգեւորականներ, փաստաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ անակնկալօրէն կը ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին Պոլսոյ մօտերը գտնուող Այաշ  գիւղաքաղաքին մէջ: Այս բանտարկեալներէն 45-ը կը սպաննուին եւ մնացեալը կը փոխադրուին Չանղըրը քաղաքի աքսորավայրի բանտը: Հոն ալ կը սպաննուին փոխադրուած խումբէն որոշ թիւով հայ երեւե-լիներ: Մնացեալ բանտարկեալներէն պոլսեցի առեւտրական եւ թաղապետ Վարդերես Աթանասեան, որ ետքը նահատակուած է Տէր Զօրի անապատի Մեսքենէ քաղաքին մօտերը, իր 99 հատիկներով համրիչին վրայ կը փորագրէ իր եւ մնացեալ բանտարկեալներէն 103-ին անունները: Համրիչի հատիկները իրար կապող մեծ հատիկին վրայ կը գրէ՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»:

Չանղըրը-ի համայնապատկերը՝ 1915-ին

Վարդերես Աթանասեանի ձերբակալութենէն միքանի օրեր ետք թուրք կառապան մը կը յայտնուի անոր տունը եւ տիկնոջը՝ Սրբուհիին կ’ըսէ՝ «ձեր ամուսինը ինծի ժամացոյց մը նուիրեց եւ խնդրեց որ այս մասունք համրիչը յանձ-նեմ ձեզի»: Սրբուհին կը ստանձնէ ամուսնոյն համրիչը առանց անդրադառնալու համրիչին հատիկներուն վրայի փորագրութիւններուն: Այդ օրուընէ ետք Վարդերես Աթանասեան բնաւ տուն չի վերադառնար: Վարդերես Աթանասեանի դուստրը, Էժենի,  Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատելով կ’ապրի Փարիզ իր հետ ունենալով հօրը համրիչը: 1946-ին ան կը փոխադրուի Հայաստան ու կը հաստատուի Երեւան: 1965-ին Էժենի Աթանասեան Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք կը գիտակցի որ իր հօր թողած համրիչ մասունքը արժէքաւոր էր ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլեւ՝ ողջ հայ ազգի համար: Ուրեմն ան 1965-ին համրիչ-ուլունքաշարը կը նուիրէ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին: Համրիչը կը ցուցադրուի թանգարանի ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ: Համրիչը ոչ մէկ մակագրութիւն չէ ունեցած եւ ոչ մէկ արձանագրութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակ ըլլալուն, միայն գրուած է՝ «19-20րդ դարերու զարդարուեստ»:

Մինչեւ 1984 ոչ մէկը չէ պատկերացուցած, որ այս համրիչը հայ աքսորեալի մը սովորական յիշատակ չէ, այլ՝ հայ ժողովրդի պատմութեան խորհրդաւոր փաստաթուղթ վաւերագիր մը: Նոյն իսկ թանգարանի պաշտօնէութենէն ոչ ոք կը հետաքրքրուի այս պատմական համրիչով եւ ան կը մնայ անշուք ցուցաբեղ-կին մէջ: 1984-ին թանգարանի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան-հնագէտ Կարինէ Աւագեան, որ 27 տարիներէ իվեր գործած է հոն, կը սկսի  պատրաստել Սեւակի 60-ամեակի նուիրուած պատի թերթիկ մը: Պատրաստութեան ընթացքին իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ ցուցաբեղկի 99 հատիկներով համրիչը:

Մանրակրկիտ  քննութենէ ետք ան կ’անդրադառնայ անոր պատմական կարեւորութեան: Կարինէ կը նկարէ համրիչը եւ կը տեղաւորէ նկարը պատի թերթին մէջ ու կը գրէ՝ «Վերագտնուած Մասունք»:

Կարինէ մեծ  հետաքրքրութեամբ բծախխնդրութեամբ կ’ուսումնասիրէ համ-րիչին պատմականը: Իյայտ կու գան հետեւեալ մանրամասնութիւնները՝ համ-րիչը կազմուած է 99 հատիկներէ: 97 հատիկներէն իւրաքանչիւրին վրայ Վարդերես Աթանասեան փորագրած է Չանղըրը բանտ աքսորուած հայու մը անունը: 55րդ հատիկին վրայ փորագրած է երկու անուններ իսկ 86րդ հատիկին վրայ 4 անուններ: 71րդ հատիկին վրայ փորագրած է իր անունը եւ հատիկները իրարու կապող աւելի մեծ հատիկին վրայ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»: Վարդերես բանտին մէջ գտնուող աքսորեալներէն միայն 103-ին անունները փորագրած է համրիչի հատիկներուն վրայ:


Վարդերես Աթանասեանի համրիչը, 99 հատիկներուն վրայ
փորագրուած է Չանղըրըի Հայ բանտարկեալներուն անունները

Ահաւասիկ համրիչին հատիկներուն վրայ փորագրուած հայ բանտարկեալ-ներուն անուանացանկը համրիչի հատիկի թիւի կարգով՝

1.Կոմիտաս վ., 2. Յովհան Վ, 3. Քաջունի քհնյ., 4. ճէվահիրճի, 5. Ռ. Սեւակ,

  1. Միսքճեան, 7. Թօփճեան, 8. Վարդան քհնյ., 9. Գ. Տէլալ, 10. Գազազեան,
  2. Թորգոմեան – բժիշկ, 12. Պօղոսեան, 13. Տինանեան, 14. Միրզա,
  3. Ալթունեան – ատամնա¬ բույժ, 16. Կխլիառան, 17. Զարեհ, 18. Եզնիկ,
  4. Ասատռւր Վ. – դեղագործ, 20. Մանիկեան, 21. Զարիֆեան, 22. Միսքճեան,
  5. Հաճեան, 24. Ղազարոս, 25. Թէրզեան, 26. Նշան, 27. Նար կիլէճեան,
  6. Արսենեան, 29. Դանիէլեան Պ. – փազտաբան, 30. Չերագ, 31. Մովսէս,
  7. Տ. Քէլէկ ֊խմբագիր, 33. Բ. Քկեան, 34. Թօփճեան, 35. Անտոնեան,
  8. Թօլայեան, 37. Շահնուր, 38. Մ. Մրենց – ուսուցիչ, 39. Խօճասարեան,
  9. Վարուժան, 41. Շամտանճեան, 42. Չավուշեան, 43. Թապագեան, 44. Տխբուխ
  10. Աղապապեան, 46. Բարսեյեան, 47. Տօրեան, 48. Եսայեան-տաղարտը,
  11. Գոչո Սրբին, 50. Երջանիկ, 51. Զենոբ, 52. հոսչիկ, 53. Հրանդ 54. Երեում,
  12. Լևոն-2, 56. Ազբիկ, 57. Գանթարեան, 58. Կոզմոս, 59. ՊԷյլերեան,
  13. Թաշճե- ան, 61. Հանեսեան, 62. Արամ, 63. ЦЪфр, 64. Տէօվլեթեան,
  14. Քէհեաեան – արհեստաւոր, 66. Մայյսպաճեան, 67. Պասմաճեան,
  15. Սե/քոնեան, 69. Զպճը – ճարտարապետ, 70. Արսչանեան, 71. Վարդերես-

մուխբար, 72. Ֆէրուխան, 73. Սարաֆեան, 74. Աւթունեան, 75. ճամպազ,

  1. Հրաչ, 77. Մոմճեան, 78. Գալէնտէր, 79. Վաղինակ, 80. Գալֆայեան-

պաշտօնեայ, 81. Պէյլերեան, 82. Պարոյր, 83. Նոյիկ-յանձնակատար,

  1. Թաթարեան, 85. Քէօլէեան, 86. Օհնիկեանք-4, 87. Թէրլէմէզ-սեղանաւոր,
  2. Տէբ֊Գէորզեան, 89. Պասմաճեան, 90. Դայըզ՜ճեան, 91. Ինճիճեան,
  3. Գարակէօզեան, 93. Մանեասեան, 94. Ղոնչէկիւլ 95. Փարիսեան,
  4. 3. Գորեան – վաճառական, 97. Քերոբեան – պատուելի, 98. Թումաճան,
  5. Պալազեան- Ծայր. Վարդապետ:

1992-ին Կարինէ կը հանդիպի Ծ.Վրդ. Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայ գողգո-թան» գիրքին. Ան կը վերյիշէ որ վարդապետին անունը փորագրուած էր համ-րիչին 99րդ հատիկին վրայ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայ վարդապետին գիրքը եւ կը տեսնէ որ վարդապետ Պալաքեան յիշած է միայն 69 աքսորեալներու անուանցանկը: Ուստի Կարինէին համար «Հայ գողգոթան» կը դառնայ խթան աւելի ուսումնասիրել համրիչին 99 հատիկներուն վրայ փորագրուած անունները: Երկարաշունչ ուսումնսիրութիւններէ ետք ան հետեւողական աշխատանքով եւ պրպտումներով կարողացած է գտնել համրիչի հատիկներուն   վրայ  փորագրուած  անուններու  ժառանգորդներէն  շատերը, կապ հաստատած է անոնց հետ եւ հաւաքած է անոնցմէ մանրամասն տեղեկութիւններ: Այս բոլորէն ետք Կարինէ Աւագեան 2002-ին հրատարակած է «Եղեռնահուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի» գիրքը, որ համրիչի վերծանիչ պատմութիւնն է: Գրքի հրապարակումէն ետք Կարինէին փոխանցուած են նորանոր տեղեկութիւններ համրիչի հատիկներուն վրայ արձանագրուած անուններու կարգ մը ժառանգորդներէն:

 

Կարինէ Աւագեան իր գիրքին մէջ յիշատակած է համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անուններու կենսագրականները, անոնց աքսորի ճանապարհը, նկարագրած է նահատակներու եւ վերապրողներու կեանքը ու յիշատակած է որոշ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւրի մասին: Ան յիշած է համրիչի անուններէն 35 նահատակներու անունները եւ վերապրած 61 անձերուն անունները. իսկ մնացեալ 7 անուններու մասին տեղեկութիւն չէ կրցած հաւաքել: Ան թուղթին յանձնած է նաեւ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք ստացած է վերոյիշեալ անուններու ժառանգորդներէն, օրինակի համար՝ բժիշկ Ճեվահիրճին ազատած է աքսորէն, որովհետեւ ան եղած է Սուլթանի հպատակ կիներուն կնաբուժը (gynecologist):

Շնորհիւ Կարինէ Աւագեանի պրպտումներուն եւ բացայայտումներուն այս համրիչը կը դադրի լքուած ըլլալէ ցուցափեղկին մէջ եւ կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի վաւերագիր մը: Կը մէջբերեմ Կարինէ Աւագեանի խօսքը՝ «Համրիչը եղած է մի պատմութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչ»:

 

 

Օգտագործուած աղբիւրներ

  1. Աւագեան, Կարինէ, «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի», Երեւան, 2000.
  2. Աւագեան, Կարինէ, «Չանղըրըի 1915 թ Ապրիլ 11, յիշատակ», Հանդէս ամ-սօրեայ, 2000.
  3. Աւագեան, Կարինէ, «Եղեռնապուրծ մասունք, վաւերագիր վկայութեան», Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրական հարցեր, Երեւան, 2002.
  4. Բաբաջանեան, Աննա, «Մի ցուցանմուշի պատմութիւն. Հայոց ցեղասպա-նութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչը», Երեւան, Նոյեմբեր 15, 2014.
  5. Իշխանեան, Վահան, «Փորագրություններ քարերի վրա. նոր գիրքը կապում է թզբեհի աքսորեալներին իրենց պատմութիւններին» Երեւան, Փետրուար 28, 2003.
  6. Մարտիրոսեան, Նայիրի ,«Թանգարանային համրիչի պեղումները շարունակւում են», Երեւան, Ապրիլ 27, 2007

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles