Image may be NSFW.
Clik here to view.
Յ. Պալեան
Գրասէրը կը նայի գրողի հայելիին մէջ, կը տպաւորուի, կը սիրէ, կը քննադատէ՝ ճշդելով դրական կամ բացասական վերաբերում: Գրասէրը իրաւունք ունի սիրելու գնահատելու կամ չհաւնելու գրական երկ մը, բանաստեղծութիւն, վէպ, պատմուածք, թատրոն:
Գրասէրի խորք չունեցող ձեւականութեան տուրք տուող հիացումը գրողի գործին հանդէպ, զինք չի դարձներ գրող, այլ ձեւով մը՝ շողոքորթ պալատական, գրողի հռչակէն բաժին մը ստանալու ծաղրանկարային սեթեւեթով, հետեւողի դեր մը սահմանելով ինքնիրեն: Ոմանք ալ կը զրահուին իրենց անձին համար շռայլուած պատահական հաճոյախօսութեամբ, երբ գրող մը կ’ըսէ, թէ այսինչը կամ այնինչը «ապագայ կը խոստանայ» կամ «տաղանդ ունի», պատճառ դառնալով անորակ խօսքերու եւ յանգերու կուտակումի, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ տպուած թուղթի աննպատակ սպառումը:
Գրական երկի իսկական արժեւորումը պարագայական արտայայտութիւններէ, քարոզչական շատախօսութենէ, եւ ինչո՞ւ պարզապէս չըսել՝ շողոքորթութենէ տարբեր մակարդակ կ’ենթադրէ, գրականութենէ անդին տարբեր շահագրգռութիւններու տուրք տալով: Ըլլալով փոքրիկ ժողովուրդ մը, ինքնահաստատման համար կը փորձենք լուսապսակներ փնտռել եւ բաժնել, մանաւանդ սփիւռքեան կացութեան մէջ, շփոթելով զարտուղութիւն եւ տաղանդ, եւ անոնց շուքին աճող ինքնասիրութիւն շոյող նմանակումներ:
Այս չի նշանակեր որ փոքրիկ ժողովուրդներն ալ չեն կրնար տաղանդներ եւ հանճարներ ծնիլ, արտադրել գրական մեծ երկեր: Մեր պարագային՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Քիչ մը ամէն տեղ, բոլոր երկիրներու եւ մեր մէջ, գրելու եւ գրող դառնալու ցանկութիւնը վարակի բնոյթ ունի: Անցեալին եւ այսօր ալ, ամէն հայ որ հայերէն կը սորվի, «բանաստեղծել»ու ցանկութիւն կ’ունենայ, հայ կամ ոչ-հայ բանաստեղծին նմանելու ճիգով, նախակրթարանէն մինչեւ համալսարաններ: Կար ժամանակ, երբ յանգերու յարմարեցումը «բանաստեղծութիւն» կը համարուէր:
Անդրանիկ Ծառուկեան կոշտ սրամտութեամբ կացութիւնը պատկերած էր հետեւեալ յանգաւորուած երկու տողերով. «Երկու կանգուն կտաւ / Արեւը մարը մտաւ»: Հիմա, խորքի բացակայութիւնը յաճախ կը փոխարինուի զարտուղութեամբ կամ աննպատակ գայթակղութեամբ ուշագրաւ ըլլալու թափահարումներով, ինչպէս այդ կ’ընեն տպուած թուղթ ծախելու մտահոգութեամբ առաջնորդուող մետիաները եւ հրատարակութիւնները:
Գրելու փորձութիւնը հաւանօրէն օգտակար է ենթակային, տաղանդ ունեցողի պարագային ինքզինք իրականացնելու, այլ պարագաներու հոգեկան բարդոյթներ դարմանելու, երեւելիութիւն նուաճելու եւ ճանաչում ձեռք բերելու համար: Թէեւ այդպէս է նաեւ, օրինակ, գեղանկարչութեան պարագային, երբ գծելը կը շփոթուի նկարչութեան հետ: Բայց հանրային արեւին տակ տեղ մը ունենալու համար երբ գրելու փորձութիւնը կը տպուի, եւ ընկեր-բարեկամ պարտք կը համարեն «գովերգել», տեղի կ’ունենայ չափանիշերու խախտում եւ որակի կորուստ:
Եթէ տաղանդ եւ որակ բացակային, րելու փորձութիւնը կրնայ դիտուիլ նաեւ որպէս զգացումներ եւ ապրումներ դրսեւորելու եւ «բաժնել-կիսել»ու անվաղորդայն յաճախ դատարկ խոստովանութիւն մը, որ բառերէն անդին չ’երթար: Այս կացութեան յատկանշական օրինակները ֆրանսական գրականութեան précieuses ridicules բնորոշումով յատկանշուող տիպարներ են, կամ աւելի նոր արտայայտութեամբ՝ «գիտոսիկութիւն»ը, pédantisme, որ մեծ անուններու ետին կը թաքնուի, յանկերգելով Տոսթոեւսկի, Պուշկին, Ժան-Փոլ Սարթր, Սէն-Ճոն Փերս, Ռոլան Պարթ, Պոպ Տիլան…: Բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են եւ կան գրական տենչի թեթեւսոլիկներ, յիշուած précieuses ridiculesի պատկերով:
Միշտ պէտք է կրկնել, որ գրականութիւնը չի շփոթուիր շատախօսութեան հետ եւ ոչ ալ գրականութեան արժեւորումը՝ շողոքորթութեան եւ «քաղաքական» մարդորսութեան: Ընթերցումէ մը ետք տեւաբար հարց պէտք է տալ, թէ գրողը ի՞նչ կ’ըսէ եւ ինչո՞ւ: Այս ճիգը տպուած էջէն անդին, գեղեցիկի, խորքի, մարդկայինի եւ մնայունի մասին պիտի վկայէ: Այս վկայութիւնը կ’ենթադրէ ճանաչողութիւն մը, զոր կը ժառանգենք ոչ թէ ժամանակաւորէ եւ մասնակիէ, այլ՝ պատմութեան անյայտութեան չթաղուած հարստութիւններէն եւ արժէքներէն:
Իրաւ գրողը հոգեկերտման, քաղաքական եւ լայն ըմբռնումով բարոյական,- ոչ բարոյախօսական,- դեր ունի ընկերութեան մէջ, եթէ ինք տեսիլք ունի: Անոր խօսքը գիտակցութեան արթնացման պարարտ ենթահողն է: Այսպէս, Խորենացիի Պատմութիւնը հաւաքական գիտակցութիւնը դարերու համար դրոշմած է ազգայինով եւ իւրայատկութեամբ, Եղիշէի Պատմութիւնը զոհողութեան եւ ինքնութեան պահպանման գիտակցութեամբ սերունդներ ապրեցուց: Այդ ըրին մէկ կամ երկու սերունդ առաջ ապրած բանաստեղծները, առանց բառերը չարչրկելու, առանց տեսական մարզանքներու, Րաֆֆի, Թումանեան, Վարուժան, Թէքէեան, Չարենց: Նորեր ալ կան բայց ընթերցող չունին, ինչպէս Յարութ Կոստանդեան, եւ ուրիշներ:
Վաւերական գրողը գիտակից է ինքնիրեն համար սահմանած իր դերին, որ տպաւորելու մարմաջէն տարբեր որակ կ’ենթադրէ: Ան յանդգնութիւնը պէտք է ունենայ իր հաւատացած արժէքները եւ գաղափարները պաշտպանելու:
Իր ժամանակը եւ մինչեւ այսօր սերունդներ դրոշմած Վոլթէր* կ’ըսէր՝ «կը գրեմ գործելու համար»: Այդպէս եղաւ նաեւ մեզի գրեթէ ժամանակակից Ժան-Փոլ Սարթր**, որ հանդիսացաւ յանձնառու գրող (engagé), իրմով եզրի գործածութիւնը ընդհանրացաւ, որ կը յատկանշէ գրողը, որ ընկերութեան մէջ է, որպէս մարդ եւ որպէս քաղաքացի, որ պարտք կը համարէ իր գրականութեան ճամբով պաշտպանել իր հաւատացած եւ ընտրած գաղափարները եւ արժէքները: Թէեւ, ֆրանսական գրականութեան մէջ յանձնառութիւնը աւանդութիւն է, յիշեցի Վոլթէրը, նաեւ Ժան-Ժագ Ռուսոն, Տիտըրոն, Վիքթոր Հիւկոն, Ալպէր Քամիւն եւ ուրիշներ:
Պարզ է. գրականութիւնը ոչ բառախաղ եւ ոչ ալ բառերու կուտակում: Բառերը սոսկ ձայներ չեն գրողին համար: Գրողը պէտք է գրէ երբ ըսելիք ունի: Ան իր խօսքի ճամբով կ’ուզէ ազդել դէպքերու ընթացքին կամ բարքերու հոլովոյթին վրայ: Արդէն ժողովուրդն ալ գրողէն կ’ակնկալէ լուսաւորում մը, որ ոճիր-արկածի պատումէն աւելին ըլլայ: Իր մտածումը եւ դատումը բառերուն կու տան իւրայատուկ ուժգնութիւն: Գրողի ԳԻՐը կը պատկերացնէ ՏԱՐԲԵՐը, քննադատութիւն եւ ապագայի պատկերացում, ինչպէս Վոլթէրի «Արգիլուած է արգիլել»ը, Ժան-Փոլ Սարթրի «Յանձնառութիւնը մարդկայնութիւն է»ն, մեր մէջ Րաֆֆիի ամբողջ գրականութիւնը, կարդացէ՛ք Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» կամ Եշիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուածը», Արթըր Միլլըրի «Սալէմի Վհուկները»:
Հայրենահանման ենթարկուած հայուն հոգին կրծող ցաւը ժամանակէն վեր կը սաւառնի բանաստեղծին պարզ բառերով, որոնք իրենց ընթացիկ իմաստէն տարբեր հզօրութիւն կը գտնեն: Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն»ը, իր պարզ բառերով, ամբողջ ժողովուրդի մը ապրած-զգացած կորստեան մղձաւանջին արտայայտութիւնն է, ինչպէս նաեւ Յարութ Կոստանդեանի «Այս է իմ տուն»ը բանաստեղծութեան պարագային, կամ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ի «անհիւրընկալ պատերը», ինքնութիւն կը փոխանցեն, անհատէն անդին հասնելով հաւաքականի, սաւառնելով ժամանակին վրայ, տեղականէն անդին բանալով հոգեկանի հորիզոններ:
Գրողին բառերը իրենց ընթացիկ իմաստէն աւելին կը կրեն եւ կ’ազդեն մարդոց միտքին եւ վերաբերումներուն վրայ: Անոնք բարքերու եւ ընկերային յարաբերութիւններու քննադատութիւն են, բարեփոխման կամ արդարութեան հաստատման հեռանկարով, զգացումներու պատկերացման ինքնատիպ եւ համամարդկային ըլլալու միտումով: Գիտակցութեան զարթօնք յառաջացնելով, գրողը կը ձգտի ինքնաճանաչման, վարակելով նաեւ ընթերցողը, կամ կը պայքարի անհաւասարութեան եւ անարդարութեան դէմ: Միաժամանակ, կը տարածէ նոր գաղափարներ, օրինակ, յիշեցնելով, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ոչ աստուածային իրաւունքով թագաւորին: Այսինքն, գրողին խօսքը աւելի լաւ ընկերութեան մը հեռանկարով կ’առաջնորդուի: Այդ ընելու համար դրական եւ բացասական տիպարները կ’ըլլան գաղափարներու կրողներ, որոնց բախումը քննադատական միտքի զարգացման կը նպաստէ, սովորաբար կ’ըսենք՝ վիճարկումի (յիշեցէ՛ք Վարդանի եւ Վասակի տիպարներու շուրջ ստեղծուած գաղափարական-քաղաքական ըմբռնումներու բախումը):
Գրականութիւնը ինքնատիպ առաքինութիւն մըն է, բառին հռոմէական առումով, հոգեկան ուժ, virtus, որ դրսեւորումն է գրողի հոգեկան աշխարհին եւ տագնապներուն, որոնք կ’ըմբռնուին ընթերցողին եւ ընկերութեան կողմէ, եթէ նուաճեն մարդկայնութիւն եւ համամարդկային նկարագիր: Գրողի էջը կը դառնայ իրաւ գրականութիւն, եթէ հասնի եսէն անդին, կամ այդ եսին մէջ տեսնուի մարդը, իր լոյսերով եւ ստուերներով, այսինքն կ’ըլլայ ինքնաճանաչման եւ փոխճանաչման կամուրջ, յուզումներով, սխալներով, յոյսերով եւ խորտակուած երազանքներով, այս իսկ պատճառով, ան ըլլալով էապէս անհատական եւ եզակի, միաժամանակ ընկերային է, լաւագոյններու պարագային կ’ըսենք՝ համամարդկային:
Կրնանք մտածել, որ եսի իւրայատուկ աշխարհին գիրով դրսեւորումը, տագնապներու եւ յուզումներու գերանցման ճանապարհ է, նոյնիսկ իր երբեմն զուարճացնող, «ժամանակը սպաննելու» միտող ընթերցման իր դերով, միաժամանակ յիշողութիւնը մարդուն՝ առանց թիւ-թուականով պատմութիւն ըլլալու:
Հոս փակագիծ մը բանանք: Յուշագրութիւնը գրականութիւն կ’ըլլայ երբ մոռցնել կու տայ «պատում»ը, ժամանակի գիծին վրայ պատահած դէպքը, եւ կը նուաճէ խորքային եւ արուեստի հարստութիւն: Մեր մէջ ընդհանրացած «յուշագրութիւններ»ը ընդհանրապէս ընտանեկան, եսի փառաբանման եւ հաճոյախօսութեան սահմանին վրայ շնչահեղձ կ’ըլլան: Անոնց կը պակսի գերանցումի ներշնչումը:
Վաւերական գրողը յուշը կամ կեանքի պատառիկները կը կնքէ իւրայատուկ դրոշմով, զանոնք դարձնելով մեր անմիջական հարազատը եւ մտերիմը, անոնք կը դադրին մասնակի եւ ժամանակաւոր ըլլալէ: Հզօր գրողը ան է, որ տուեալ ժամանակի եւ անոր մէջ իր ապրող տիպարները եւ գաղափարները, անմահութիւն կը նուաճեն, կը դառնան սեփականութիւնը օրուան եւ գալիքի ընթերցողին:
Այսպէս, վիպասան եւ հրապարակախօս Րաֆֆիի գրականութիւնը չի սահմանափակուիր ԺԹ դարուն մէջ, քանի որ իր հերոսները եւ ստեղծած կացութիւնները մարդուն, անոր երազներուն, ցաւերուն, տխրութիւններուն եւ յանդգնութիւններուն պատկերացումներն են, հսկայ պաստառներ: Կամ Կոստան Զարեանի «Նաւը Լերան Վրայ» վէպը:
Այդպէս են, օրինակ, նաեւ օտար գրողները, ինչպէս Պալզաքը, Սթանտալը, Տոսթոյեւսքին, Հանրի Թրուայան, եւ ուրիշներ: Ասոնք տպաւորելու մարմաջ չունին, լեզուական եւ կացութիւններու զարտուղութիւններով ուշագրաւ ըլլալու հետամուտ չեն:
Այս գրողներու գիրքը երբ փակենք, ընթերցումը լուռ կը շարունակուի: Գրական արժէքի առաջին ըմբռնումը այդ շարունակութենէն կը բխի:
Իրաւ գրականութիւնը ոչ-օրացոյցային եւ ոչ-աշխարհագրական պատմութիւն է, նոյնիսկ երբ յիշուին վայրեր, պահեր, անուններ: Այս իմաստով ան մարդոց եւ մարդկութեան լինելութեան պահակը եւ փոխանցումը ապահովողն է: Այդպէս են նաեւ տեսիլք ունեցող յուշագրութիւնները, օրագրութիւնները: Մեր պարագային միշտ պէտք է յիշել Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» բազմահատոր ինքնատիպ յուշագրութիւնը:
Տաղանդաւոր գրողը միաժամանակ բառի պահակ է եւ բառը վերստեղծող, հարստացնող, անոր դրոշմած իր յուզականութեամբ, ուժով, երբ զայն կը դարձնէ պատկերի մէջ ընդելուզուած գեղօր: Կարդացէ՛ք Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը», Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի Հարսը», տեսնելու համար թէ ինչպէս բառերը կը դառնան պատկեր, ապա կը դառնան արձագանգող նուագ: Եւ այդ ձեւով գրողը, ան ըլլայ վիպագիր թէ բանաստեղծ, տեսիլքները, ցաւերը, զգացումները, յուզումները կը փոխանցէ, գերանցելով ժամանակը, պահերուն կու տայ յաւերժութեան կնիք:
Գրականութիւնը սորվեցնողի, ճշմարտութիւն տարածողի, դաստիարակի դեր ալ կրնայ ունենալ, առանց այդ նպատակը հետապնդելու, առանց ըլլալու տիրացու բարոյախօս կամ վարժապետ:
Երկու խօսք ալ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան (ոչ սոսկ լրատուութեան) մասին: Հրապարակագրութիւնը, ինչպէս գրականութիւնը, լեզուի մշակման, բառերու իմաստներով գործածութեան, անմիջական կեանքի, իրադարձութեանց, գաղափարներու եւ արժէքներու խմորման դաշտ է: Ռուբէն Զարդարեան եւ ֆրանսացի Ֆրանսուա Մորիաք հրապարակագիր եւ գրող էին միաժամանակ: Եթէ որակը միջամտէ, հրապարակախօսութեան եւ գրականութեան միջեւ հեռաւորութիւնը կը նուազի, մարդկային եւ գրական արժէքներու նուաճում կ’արձանագրուի:
Այս վերջին պարագան, մեր իրականութեան մէջ այլապէս ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ եւ չէ: Այս ուղղութեամբ հաւաքական վերաբերում եթէ ցուցաբերենք, այդ կ’ըլլայ նպաստ միշտ վտանգի ենթակայ մայրենիի հարազատու-թեան պահպանման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ հրապարակախօսական էջին եւ խօսքին անմիջական ժամանակէն անդին տեւելու փառասիրութեան:
Դեռ պէտք է խօսիլ գրականութեան եւ մեր մարդկային որակի զարգացման մասին, գիրքերու տարածումով եւ տպաքանակի աճումով, հայերէն թերթի իւրաքանչիւր հայու յարկի տակ անոր մուտքը իրականացնելով, որպէս հայ կեանքի մասնակցութեան եւ մշակութային շնչառութեան միջոց, միշտ յիշելով Խաչատուր Աբովեանը, որ եթէ լեզուն չըլլի մարդ ի՞նչ բանի նման կ’ըլլի…:
Եթէ ազնիւ յանդգնութիւնը ուենանք մտածելու, պիտի համոզուինք որ գրողը եւ համոզումներ ունեցող որակաւոր հրապարակագիրը կարեւոր դեր ունին, կարեւոր դերակատարութեան կոչուած են ընկերութիւններու մէջ: Այս դերը ընթացիկ վարչականէ տարբեր հորիզոն եւ որակ կ’ենթադրէ, ինչ որ հաւաքականութեան, ընկերութեան եւ մեր պարագային մեր ժողովուրդին առջեւ նոր հորիզոն կրնայ բանալ:
Այս մտածումները մենախօսութիւն պէտք չէ համարել:
* François-Marie Arouet, ծանօթ Voltaire անունով, (1694-1778), ֆրանսացի գրող եւ իմաստասէր, որ դրոշմած է ԺԸ դարը:
** Jean-Paul Charles Aymard Sartre (1905-1980), ֆրանսացի գրող եւ իմաստասէր, որ դրոշմած է Ի դարը: