Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ի՞նչը եւ Որո՞նք Ստիպեցին Հեռանալ

$
0
0
Լուսանկար՝ ՀԵՏՔ-ի

Անի Առաքէլեան
Մեր աղբիւրները կը ներկայացնեն վերջին օրերու ժամանակագրութիւնը: Տեւական ժամանակ յատուկ ծառայութիւններու եւ ոստիկանութեան ղեկավարները «փափուկ բարձ» դրած են Սերժ Սարգսեանի գլխուն տակ, թէ` խնդիր չկայ, բողոքողներու քանակը մեծ չէ, «շուտով ինքիրենց կը մարի», հանգստացուցած են, թէ` կը տիրապետենք իրավիճակին եւ այլն: Յետոյ երբ բանը բանէն անցած է, համոզած են Սերժ Սարգսեանը, որ «խնդիրը Նիկոլն է»` Նիկոլին մեկուսացնենք, մէկ օրուան մէջ կը ճնշենք, կ’աւարտի: Նոյնիսկ մերձաւոր շրջապատէն ոչ ոք չէ համարձակած «բանալ» Սերժ Սարգսեանի աչքերը: Միայն երկու մարդ իրականութիւնը ներկայացուցած է այնպէս, ինչպէս կայ եւ առաջարկած են դիմում գրել ու երթալ: Մէկը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ միւսը` Հ.Յ.Դ. ղեկավար Հրանդ Մարգարեանը:
Մեզի պատմեցին, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին յոյսը եղած է Ղարաբաղը եւ Ղարաբաղի բանակը, որ կրնայ ամենավճռական պահուն աջակցիլ իրեն ու իր ներկայութեամբ վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ ցրուել ցուցարարները, ինչպէս ըրին 2008-ին, սակայն Բակօ Սահակեանը բոլորովին այլ դիրքորոշում ունեցած է: Ան այցելած է Սերժ Սարգսեանին եւ ուղղակի առաջարկած` մօտեցիր պատուհանին եւ տես, թէ ինչ կը կատարուի, յանուն երկրի` պէտք է հրաժարական տաս: Աւելի ուշագրաւ եղած է Հ.Յ.Դ.-ի պահուածքը: Երբ նախօրէին գլխաւոր դատախազը միջնորդութիւն ուղարկած է Ազգային Ժողով` պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միրզոյեանը եւ Սասուն Միքայէլեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջով եւ Հ.Հ.Կ.-ի մէջ յայտարարուած է համընդհանուր զօրաշարժ` նոյնիսկ գործուղումներէն ետ կանչած են պատգամաւորները, որ քուորում ապահովեն եւ կալանքի վաւերացումներ տան, Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը անսպասելիօրէն յայտարարած է, որ` իրենք կողմ պիտի չքուէարկեն: Ապա Հրանդ Մարգարեանը մտած է Սերժ Սարգսեանի մօտ, համոզած, որ նման ծայրայեղ քայլի չերթան ու խնդրած է իրեն թոյլատրեն այցելել Նիկոլին` կալանավայրի մէջ: Նիկոլ Փաշինեանի ու Հրանդ Մարգարեանի հանդիպումը բաւական ջերմ եղած է եւ Մարգարեանը անոր հաւատացուցած է, որ իրենց համար կարեւորը երկրի շահն է` իրենք պատրաստ են ամէն ինչով աջակցելու համաժողովրդական շարժման:
Եւ վերջապէս, այս բոլոր յորդորներն ու իրադարձութիւնները կրնային անպտուղ անցնիլ, եթէ չըլլար վերջին կաթիլը` բանակը չի սկսեր անցնիլ ցուցարարներուն կողմը: Երբ Կրկէսի մօտ գտնուող Խաղաղարար գունդէն խումբ մը ծառայողներ յայտնուած են ցուցարարներու կողքին եւ ազատամարտիկներ` զինուորականներու համազգեստներով, Սերժ Սարգսեան հասկցած է, որ յամառիլը ու հրաժարական չտալը կրնան շատ աւելի վատ հետեւանքներ ունենալ, իսկ ինքը չի կրնար կրկնել 2008-ը եւ կրակելու հրաման տալ` այս անգամ փողոցի մէջ երիտասարդութիւնն է եւ իրեն ատիկա երբեք ու ոչ ոք կը ներէ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles