
ԵՐԵՒԱՆ («Եռագոյն» եւ «Երկիր»).- Ցոյցերն ու խռովութիւնները սաստկացած են, յատկապէս Էրեբունի շրջանէն ներս, ուր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան որոշած էր շարունակել բողոքի հաւաքը: Նիկոլ Փաշինեան եւ Սասուն Միքայէլեանը ձերբակալուած եւ ոստիկանատուն փոխադրուած են:
Ապրիլ 22-ի առաւօտեան՝ Երեւանի ժամանակով 10:00-ին, «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցած էր Սերժ Սարգսեան – Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը. որ տեւած էր միայն քանի մը վայրկեան։
Ըստ համաձայնութեան՝ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենային Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի մասին, բայց Սարգսեան յայտնած էր, թէ .- « Դուք չէք գիտակցիր պատասխանատւութեան աստիճանը: Եթէ այդ ոճով պիտի խօսիք, կը մնայ ձեզի մէկ անգամ եւս խորհուրդ տալ, որպէսզի գաք օրինական դաշտ եւ ընդհանրապէս տրամաբանական գործողութիւններու սահման, հակառակ պարագային ամբողջ պատասխանատւութիւնը ձեր վրայ է, դուք դաս չէք քաղած Մարտի մէկէն»:
Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած էր.- «Ոչ ոք չի կրնար սպառնալ մեզի, ես կը ներկայացնեմ ժողովուրդի կարծիքը»: Պատասխանելով, Սերժ Սարգսեան նշած էր, որ ինքը ցանկութիւն չունի շարունակելու բանակցութիւնները, եզրակացնելով, թէ.- «7-8 տոկոս ձայն ունեցող խմբակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ժողովուրդի անունով, եւ ես ձեզի հետ այլեւս ցանկութիւն չունիմ շարունակելու խօսակցութիւնները»: