Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

 ԼԵԶՈՒԱԿԱՊ ( TONGUE TIE)

$
0
0

 

Լեզուակապ

 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

 

Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը ((band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum):  Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն: Ընդհանրապէս սանձիկը ամբողջութեամբ եւ կամ մասնակի կ’անյայտանայ ծնունդէն մի քանի ամիսներ ետք: Բնական պայմաններու մէջ  սանձիկի ներկայութեան լեզուն ազատօրէն կը շարժի, կը ցցուի բերնէն դուրս, եւ կը դպչի քիմքին ու ակռաներուն:

Շատ մը նորածին մանուկներու մօտ այս սանձիկը աւելի մեծ, հաստ, եւ նշմարելի կ’ըլլայյ եւ կ’երկարի լեզուին ծայրամասէն մինչեւ բերնին յատակը: Այս անբնական մաշկը կը կոչուի լեզուակապ: Ուրեմն լեզուակապը ընդոծին անբնական մաշկ մըն է լեզուին տակը:

Լեզուակապը կը սահմանափակէ լեզուի շարժումները: Լեզուակապ ունեցող մանուկը չի կրնար լեզուն ազատօրէն շարժել բերնին մէջ,  լեզուն բերնէն դուրս ցցել եւ լեզուն քիմքին դպցնել: Անոր լեզուին ծայրը կ’ըլլայ ճզմուած-ճնշուած

(pinched) երբ ան կը փորձէ լեզուն բերնէն դուրս ցցել: Ան կ’ունենայ ուտելու, խօսելու, կլլելու եւ մօրը կրծքագեղձի պտուկը ծծելու դժուարութիւն: Այս դժուարութիւններու տարողութիւնը կախեալ է լեզուակապի չափէն, հաստոթենէն եւ կարծրութենէն, այսինքն՝ պզտիկ լեզուակապ ունեցող մանուկը հաւանաբար վերոյիշեալ դժուարութիւնները չունենայ:

 

 

Լեզուակապը կը պատահի թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջիկներուn, սակայն առաւելաբար՝ տղոց: Ընտանիքի մը մէկէ աւելի անդամներ կրնան ունենալ լեզուակապ: Ան կը յայտնուի նաեւ սերունդէ սերունդ:

Լեզուակապ ունեցողը երեխան կ’ունենայ որոշ բարդութիւններ, այսպէս՝

Ճնշուած լեզուի ծայր

1.Սնանելու դժուարութիւն. Մանուկին մայրը չի կրնար բնական ձեւով դիեցնել իր զաւակը: Բնական պայմաններու մէջ դիեցումի ժամանակ մանուկը կը զետեղէ իր լեզուն վարի լինտին վրայ, որպէսզի կարենայ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը: Լեզուակապի պարագային մանուկը չի կրնար ազատօրէն շարժել իր լեզուն եւ զետեղել լեզուն վարի լինտին վրայ, հետեւաբար ան չի կրնար ծծել մօրը պտուկը: Մանուկը կը չարչարուի, կը հոգնի, կատարեալ չափով սնունդ չստանար, իսկ մայրը  կը տառապի պտուկի ցաւէ:

  1. Որոշ գիրերու հնչողութեան դժուարութիւն, մասնաւորապէս Դ, Տ, Զ, Ս, Ր  գիրերը: Մանուկը այս դժոարութիւնը կ’ունենայ, որովհետեւ չի կրնար իր լեզուն դպցնել քիմքին եւ շրթունքներուն:

3.Բերնի վատառողջ վիճակ, լինտաբորբ, ակռաներու փտում (decay) եւ վարի առջեւի երկու ակռաներու բացութիւն: Երեխան չի կրնար լեզուով մաքրել ակռաները եւ լինտերը լեզուի անշարժութեան պատճառով:

  1. Պաղպաղակ կամ սառոյց ծծելու դժուարութիւն:
  2. Շրթունքները ծծելու դժուարութիւն, հետեւաբար՝ համբուրելու եւ փողային գործիք նուագելու դժուարութիւն:

 

Լեզուակապի ախտաճանաչումը բացայայտ է:

Իսկ անոր դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական մանր գործողութեամբ մը:  Բժիշկները ունին երկու մօտեցում՝ կատարել գործողութիւնը ծնելէ անմիջապէս ետք եւ կամ սպասել, ամիսներ կամ տարիներ, ու ետքը կատարել գործողութիւնը:  Առաջին մօտեցումին ջատագովները կ’ըսեն հետեւեալը՝ կրնայ պատահիլ, որ լեզուի եւ բերանի աճման հետ լեզուակապը ինքնաբերաբար կրնայ պզտիկնալ եւ անհետանալ:

Վիրաբուժական գործողութիւնը կը կատարուի մանուկներու պարագային ընդհանուր զգազրկումով,  իսկ չափահասներու պարագային տեղային զգայազրկումով: Գործողութիւնը կը կատարուի երկու ձեւերով՝

1.Սանձիկի հատում (frenectomy). Այս ձեւը կը կիրարկուի երբ լեզուակապը պզտիկ է:

2.Սանձիկի գեղագիտական հատում (frenoplasty), որ կը կատարուի երբ լեզուակապը մեծ է: Այս պարագային լեզուակապը կը հատուի անբողջապէս գեղագիտականօրէն:

Երկու գործողութիւներն ալ թեթեւ գործողութիւններ են եւ ոչ մէկ բարդութիւն կը յառաջացնեն: Գործողութենէն անմիջապէս ետք մանուկը կը սկսի ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը դիւրութեամբ, ան լաւ կը սնանի, լեզուն կ’ունենայ բնական երեւոյթ երբ բերնէն դուրս կը ցցուի եւ բոլոր բարդութիւնները կ’անհետանան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles