Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Հինգերորդ Տարելից

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ապրիլ 2-ին ազատամարտիկ, Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան 5-րդ տարելիցն էր: Պռօշեան համայնքի Զօրաց պանթէոն հաւաքուած էին անոր ընտանիքին անդամները, ընկերները, կուսակցական ընկերները եւ գիւղացիներ:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ Հրաչ Մուրատեանը իր մէջ կը մարմնաւորէր հայու պատմութեան փոքրիկ օրինակ մը: «Ծնած ըլլալով սփիւռքի մէջ, ապրեցաւ Հայաստան, զօրագրուեցաւ հայոց ազատագրման պայքարին, մինչեւ պատերազմի վերջը մասնակցեցաւ ազատամարտին, իսկ այնուհետեւ անցաւ խաղաղ աշխատանքի: Ան Հայաստան կառուցող մարդու կերպար էր, եւ այդ ձեռքը, որ բարձացաւ Հրաչին վրայ, ատիկա անձի վրայ չէր, ատիկա մեր պետականութեան վրայ էր», ըսաւ ան:Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ան աւելցուց, թէ այսօր Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործը տակաւին բացայայտուած չէ եւ նախաքննութեան փուլի մէջ է: «Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինը հետեւողական պիտի ըլլայ` շարունակելու պահանջել իշխանութիւններէն` բացայայտել այս գործը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական իր խմբակցութեան միջոցով», եզրակացուց ան:
Պռօշեանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան անունով, որուն անդամ եղած էր Հրաչ Մուրատեանը, խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Հաճեանը: Ան ընդգծեց, որ պիտի չսահմանափակուին այս երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք` Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին նուիրուած ժողովրդային հաւաքներով, այլ յառաջիկայ ամիսներուն գիւղապետի սպանութեան հինգերորդ տարելիցին առիթով պէտք է տեղի ունենան արդար բացայայտման կոչերով պահանջատիրական երթեր Հայաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ:
Պռօշեանի «Դրօ Կանայեան» կոմիտէի անդամ, բժիշկ Տարօն Տօնոյեան նշեց, որ Ապրիլ 2-ը ծանր օր է: «Այնպէս դասաւորուած է, որ մեր կեանքի ընթացքին մենք բազմաթիւ ընկերներ կորսնցուցինք, բայց Հրաչ ՄուրաՏեանի կորուստը միայն մեր կորուստը չէ, անոր մէջ ապագայի կորուստի վախ կայ, որովհետեւ ձեռք բարձրացուած է մարդու մը վրայ, տեսակի մը վրայ, որ երկիր պահող է: Խաղաղ պայմաններու մէջ արդար ապրող մարդու վրայ ձեռք բարձրացուած է», ըսած է ան:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles