ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Զարմանալի եւ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացող որոշում մը առնուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուր Նոր Աշխարհի սահմանադրութեան գործադրումը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ ենթաբաժանումներով, առաջնահերթութիւն մըն է՝ քաղաքացիի իրաւունքներու ապահովման եւ կիրարկման ի խնդիր:
Արդարեւ, յստակ չէ, թէ ինչ պատճառներով, Ուաշինկթընի դաշնակցային դատախազները յետս կոչած են այն բազմաթիւ մեղադրանքները, որոնք յարուցած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի անվտանգութեան 15 պաշտօնեաներէն 11-ի նկատմամբ։ Անոնք պարզ ու մեկին քաղաքացիի իրաւունքները ապահովող առաջին յաւելուածի (ծանօթ՝ Ֆըրսթ Ամենտմընթ անունով) խօսքի ու հաւաքի ազատութիւնները ոտնակոխ ըրած էին եւ խոշտանգած՝ անմեղ ցուցարարները, որոնք օրինաւորապէս ժամադրուած էին Լաֆայէթ հրապարակ, ուր ցոյցի ազդանշանը պիտի տրուէր՝ Սպիտակ Տան մէջ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի հետ տեսակցութեան ժամանակ:
Այլ անմեղ ցուցարարներ հաւաքուած էին տեղւոյն Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին դիմաց, ուր սուլթանամէտ բռնատէրը իր հանդիպումները կը շարունակէր՝ այս անգամ տեղացի գործարարներու հետ: Հոն ալ, կայծակնային միջամտութեամբ մը, Էրտողանի թիկնապահներէն եւ դեսապանատան անձնակազմէն «հերոս»ներ յաջողեցան քանդել տեղացի ոստիկաններու կազմած շղթան եւ յարձակում գործել ցուցարարներուն վրայ:
Մայիս 16, 2017-ին պատահած այս դէպքերուն, բազմիցս կոչ ուղղուած էր, որ այս գրոհին մասնակից թրքական դեսպանատան պաշտօնատարներուն եւ թրքական ծագումով ամերիկացի քաղաքացիներուն ինքնութիւնը բացայայտուէր։
Աշխատանք տարուած էր Քոնկրէսի մէջ, որ բողոքի եւ դատապարտութեան յայտարարութիւններ կատարուին այս յարձակումներուն առիթով։ Նոյնիսկ պահանջուած էր, որ այս գրոհին հետ առնչութիւն ունեցած թրքական հիւպատոսարանի պաշտօնատարները ենթարկուէին քրէական պատասխանատուութեան եւ վնասուց հատուցման, իսկ պետական քարտուղարութեան կողմէ հռչակուէին անբաղձալի տարրեր, իսկ թրքական ծագումով ամերիկաբնակները իրենց բնակութեան իրաւունքէն պէտք է զրկուէին եւ Ամերիկայէն հեռացուէին։
Տասնհինգ ամբաստանեալներէն միայն չորսը յանցաւոր կը սեպուին, սակայն այս գծով որեւէ ձերբակալութիւն կատարուած չէ:
Մնացեալ 11-ին պատմութիւնը հետաքրքական կը թուի ըլլալ: Արդարեւ, Նոյեմբեր 2017-ին, դատախազները պատասխանատու դատաւորին դիմած էին` չորս թիկնապահներու նկատմամբ մեղադրանքները չեղեալ նկատելու: Ապա, քանի մը ամիս ետք, Փետրուար 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարար Ռէքս Թիլըրսընի` Անգարա կատարելիք այցելութենէն մէկ օր առաջ, մնացեալ եօթ թիկնապահներուն նկատմամբ մեղադրանքները չեղեալ նկատուած էին։
Այս խափանարարական եւ բարբարոսական արարքներուն դէմ, կը կարծուէր, որ Ուաշինկթըն ժողովրդավարական օրէնքներու ալֆան եւ օմեկան պիտի կարենար պաշտպանել։ Սակայն, անլրջութիւնն ու անտարբերութիւնը հետզհետէ սկսած են կրկնուիլ ու զարգանալ պետական բնագաւառին մէջ: Իսկ այս բոլորը տեղի ունեցած է թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան արդիւնք՝ Հիւսիսային Սուրիոյ քրտական Աֆրին քաղաքի գրաւման օրերուն: