Յ. Պ.
Երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին երբեմն կը խօսուի, կարծէք այդ սարսափէն զգուշանալու եւ աղէտը հեռացնելու համար: Մտահոգուելու պատճառներ միշտ կան, եթէ հետեւինք ամէն օր լրատուամիջոցներու ըսածին եւ գրածին, սիրուած զգայացունցի պատկերներով եւ մեկնաբանութիւններով:
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւններ կան: Արդար, անարդար, չափազանցուած: Կան մրցակցութիւններ՝ ազդեցութեան գօտիներ ունենալու, սպառման շուկաներ ձեռք բերելու, եւ երբեմն ալ անցելապաշտ կայսերական փառասիրութիւններու համար, օրինակ, երբ օսմանի կայսրութիւնը վերստեղծելու ցանկութիւն կը դրսեւորուի, ոմանք պիտի խորհին՝ անհեթեթ:
Ասկէ առաջ խօսած եւ գրած եմ այն մասին, որ Երրորդ համաշխարհայինը ընթացքի մէջ է, բայց անունը չենք տար: Արդարեւ, երբ նկատի ունենանք մոլորակի վրայ ամէն օր տեղի ունեցող բախումները, զէնքի եւ ռումբի զոհերը, երկիրներու ապակայունացումները, աւերները եւ այդ բոլորի հետեւանք գաղթականական ալիքները, ի՞նչ սահմանում պիտի տանք կացութեան:
Մէկ փորձութիւն կայ, որուն դեռ ընթացք չէ տրուած: Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդները խօսեցան իրենց սեղանին վրայ գտնուող ԿԱՐՄԻՐ ԿՈՃԱԿի մասին: Կը շղթայազերծե՞ն ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ աշխարհաւեր պատերազմը, աննախատեսելի վերջնական հետեւանքներով: Այդ ԿՈՃԱԿը իրենց սեղանին վրայ, կամ իրենց ընկերացող ճամպրուկներու մէջ ունին նաեւ ուրիշներ, ուրիշ հիւլէական պետութիւններ:
Պահ մը երեւակայեցէ՛ք ԱՂԷՏԻ ԴԻՊԱՇԱՐ մը, scenario catastrophe մը:
Եթէ այդ ԿՈՃԱԿը ունեցողներէն մէկը կամ միւսը յանկարծ ինքզինք վտանգուած զգայ, կամ պարզապէս խելագարի, կոսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ ըսէ՝ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»…
Խօսիլ Երրորդ համաշխարհայինի մասին ղեկավարը կամ լրագրողը ուշագրաւ կը դարձնէ, եւ այդ փորձութեան ոչ ոք կը դիմանայ պատկերի եւ աղմուկի դարուն: Ոչ ոք կրնայ խորհիլ, որ ինք պաշտպանուած է: Պէտք չէ մոռնալ, որ Չեռնոպիլի հիւլէակայանի ամպերը հասան Եւրոպայի զանազան երկիրները: Այդ հիւլէակայան մըն էր: Իսկ եթէ հիւլէական զինանոցի մեծ ռումբերը պայթին, Հիրոշիման եւ Նակազաքին մանկական խաղի պիտի նմանին անոնց բաղդատած:
Վարժուած ենք լսելու հրեաներու ողջակիզումին, հայոց կամ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն մասին: Անոնք սարսափելի գալիքին բաղդատած պիտի նմանին պարսատիկով գիւղի անտառին մէջ մանուկներու որսորդութեան:
Եթէ հետեւինք թերթերու, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհաններէն յորդող լուրերուն, պիտի խորհինք, որ Համաշխարհայինի սկզիբն է, ան սկսած է Քորէայէն կամ Չինաստանէն, ինչու ոչ Եւրոպայէն, ուր տարիներէ ի վեր կը տեւէ Ուքրայնիական պատերազմը, բազմահարիւր ճամբորդներով օդանաւ մը կը զգետնուի: Կը խօսուի եւ կը մոռցուի: Երկու դրկից երկիրներ, Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը հիւլէական տէրութիւններ են եւ տասնամեակպներէ ի վեր մնայուն եւ չաւարտող պատերազմի մէջ: Եթէ յանկարծ մէկը կամ միւսը ջղագրգռութեան ակնթարթի մը մէջ սեղմէ այլեւս ընդհանրացած ԿԱՐՄԻՐ ԿՈՃԱԿԸ… Եւ ուրիշներ. Ֆրանսա, Իսրայէլ, թերեւս Իրան, առանց երբեք մոռնալու հիւլէական ճոխ զինանոց ունեցող Ռուսիան:
Հիւլէական բռնկումի պատճառ կրնան ըլլալ նաեւ անոնք որոնք մաս չեն կազմեր այդ ուժին տիրապետողներու ակումբին: Անոնք ալ իրենց զիրենք վտանգուած զգալով, իրենց ունեցած անբաւարար միջոցներով կը փորձեն արտադրել հիւլէական նախնական զէնք եւ նոյնիսկ՝ գործածել: Բռկումի պահու եւ վայրի նախատեսութիւնը ոչ ոք կրնայ ընել, քանի որ այնքան պայթիւնավտանգ գօտիներ կան: Լիբանանը արդէն բախումներու դաշտ էր, ուր իրարու կը բախէին խուլ կամ բացորոշ կերպով, սիւննի եւ շիի իսլամները, քրիստոնեաները, հրեական ախորժակները Լիթանի գետի ջուրին համար, անոնց հետքերուն վրայ Արեւմուտքը, Իրանը, գումարեցէ՛ք Թուրքիան եւ Իրաքը, Քիւրտերը եւ Թուրքիան, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան, աւելցուցէ՛ք Ծայրագոյն Արեւելքը, առանց երբեք մտահան ընելու Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:
Ուշադիր հետեւողը պիտի նկատէ, որ դաշնակցութիւններու եւ համագործակցութիւններու նոր քարտէս մը կը գծուի: Խալիֆայութիւնը վերստեղծելու մեծամոլութեամբ տարուած, Թուրքիոյ նախագահը, կը շարունակէ օսմանեան պասքիւլի խաղը, որ այնքան արդիւնաւոր եղած էր պաղ պատերազմի շրջանին, բայց այս անգամ ան կը փորձէ կանգնիլ լծակին միւս կողմը, կը հեռանայ Ատլանտեան Զինակցութենէն եւ կը մօտենայ Ռուսիոյ, քաղաքական պատեհպաշտութեամբ
Համաշխարհայինի սպառնալիքը տեսութիւն չէ այլեւս: Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողան կը զգուշացնէ, որ եթէ Միացեալ Նահանգները սուրիական տարածքի վրայ զինուորական խարիսխներ հաստատէ, այդ կրնայ պատճառ ըլլալ Երրորդ Համաշխարհայինի: Թուրքիա կ’ընդվզի, որ Միացեալ Նահանգները կը զինէ Սուրիոյ քիւրտերը, ընդդէմ իրեն, որ Ատլանտեան Զինակցութեան անդամ է, լռելեայն հասկցնելով, որ իրենց զինակիցին պէտք էր որ օժանդակեն… Բայց քիւրտերն ալ Ամերիկայի զինակից են ընդդէմ Իսլամական պետութեան:
Սուրիա-Իրաք տարածքին համախմբուած են այնքան տարբեր, անհաշտ եւ անհակշռելի ուժեր, որոնք կրնան պատճառ հանդիսանալ մեծ պայթիւնին: Հոն են ամէն կարգի ծայրայեղականներ, տարբեր գոյներով «ճիհատ»ականներ, տասնամեակներէ ի վեր անկախ երկիր ունենալու համար կռուող քիւրտեր, սուրիական, թրքական, ամերիկեան, եւրոպական, ռուսական բանակներ:
Եւ աննախատեսելի պահու մը, կայծ մը կրնայ պայթեցնել ուժանակը:
Կրկին պէտք է յիշել Առաջին համաշխարհայինի օրերուն Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկանթաուի բնորոշումը Թուրքիոյ մասին, որ ան քաղաքական աւազակ մըն է: Իր երէկի եւ այսօրուան «բարեկամներ»ը այսքանը անպայման գիտեն, բայց…
Ո՞վ չի գիտեր որ Թուրքիա գործակցեցաւ «Իսլամական Պետութեան», նպաստելով կոյր, մոլեռանդ եւ ծայրայեղական անհանդուրժոութեամբ յատկանշուող ահաբեկչութեան, վաճառելով անոր նաւթը, եւ այդ ձեւով ապահովելով անոր նիւթական եկամուտները, նաեւ իր հիւթալի շահերը, երբ ինք կը գտնուէր «դաշնակից» ուժերու կողքին ( ՞ ), միաժամանակ կռուելով քիւրտերուն հետ: Այն ատեն եւ այսօր, ոչ ոք հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ո՞ր լարին վրայ կը խաղայ, եւ դեռ կը խօսուի անոր Եւրոմիութիւն մուտքի դիւանագիտական խաղերու մասին:
Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ իր բռնագրաւած հողերուն վրայ ապրած եւ անոնց տէր ժողովուրդներու մարդկային, մշակութային, ազգային եւ քաղաքական իրաւունքները:
Թուրքիոյ նախագահը յանկարծ հրապարակ կու գայ նաեւ Իրանի պաշտպանութեամբ, քննադատելով Սուրիոյ ամերիկեան զինուորական խարիսխները եւ չի վարանիր ըսելու, որ Ամերիկեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ համաշխարհային պատերազմի մը բռնկումին պատճառ կրնայ ըլլալ:
Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն, Թուրքիոյ կայսերական քաղաքականութիւնը ինքզինք աւելի յստակութեամբ պիտի դրսեւորէ, երբ քիւրտերը ճզմելու համար Սուրիա ներխուժած իր բանակները հոն տեղաւորուին, Կիպրոսի ներխուժման պատկերով: Արդէն Աֆրինի հրապարակին վրայ թրքական դրօշ պարզուած է: Իսլամական հանրապետութեան դէմ կռուող Եւրոպան եւ Ամերիկան ի՞նչ պիտի ընեն վաղը, երբ անպատիժ մնալու վարժ Թուրքիան, ուզէ ճզմել եւ ճզմէ իրենց «դաշնակից» քիւրտերը: Ի՞նչ կ’ըսէ պատմական փորձը. Ի՞նչ ըրին իրենց «փոքրիկ դաշնակից» հայերուն համար:
Ըսուեցաւ եւ գրուեցաւ, որ յաջորդ համաշարխհայինը լայն առումով քաղաքակրթութիւններու բախում պիտի ըլլայ: Եւրոպան, որուն մաս կը կազմէ Ռուսիան, Ամերիկան որ շարունակութիւնն է Եւրոպայի, իրենց առեւտրական անմիջական շահերէն թելադրուած անհասկացողութիւնները մէկդի դնելով, պիտի տեսնե՞ն հորիզոնին վրայ ուրուագծուող սպառնալիքը եւ անդրադառնալով վտանգին, համագործակցութիւններ հաստատեն:
Հաւատացողներ եղան, որ Թուրքիան մաս կազմելով Ատլանտեան Զինակցութեան, պիտի պաշտպանէր Արեւմուտքը եւ անոր արժէքները: Ան հիմա պատռած է իր դիմակը, բայց զարմանալի է, որ նոյն այդ լայն ըմբռնումով Արեւմուտքը, Եւրոպան, Ամերիկան եւ Ռուսիան, իւրաքանչիւրը անձնատուր իր մասնակի շահերու պաշտպանութեան, չի տեսներ կամ չ’ուզեր տեսնել վտանգը:
Բարենիշ տալու պէս, կը խօսուի Թուրքիոյ Եւրոպա մուտքի մասին:
Քաղաքականութիւնը, հակառակ անոր որ յաւերժական թշնամի եւ յաւերժական բարեկամ չունի, առնուազն պճեղ մը իրատեսութիւն եւ պճեղ մըն ալ բարոյականութիւն պէտք է ունենայ:
Բայց բարոյականութիւնը քաղաքականութեան համար միթէ՞ վերջնական կերպով ցնորք է, ուտոպիա…
Ինչ որ կ’ըսուի ոչ նորութիւն է, ոչ մարգարէութիւն: Ամէն ոք գիտէ: Բայց…