Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ.- ԱՐ­ԴԷՆ ՀԻՆԳ ՏԱ­ՐԵ­ԿԱՆ Է

$
0
0

ss  ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

 

Սփիւռ­քը գի­տէր, որ օրհ­նու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար ու­նե­նա­լու իբր ապա­հով հաս­ցէն հայ­րե­նի­քի մէջ: Այդ փոր­ձա­ռու­թիւնը ան ու­նե­ցած էր դեռ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի օրե­րէն երբ Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ Մշա­կու­թա­յին Կա­պի  կո­մի­տէն տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ դար­ձած էր իրաւ կա­մուր­ջը մեր ժո­ղո­վուր­դի եր­կու թե­ւե­րուն` հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան եւ գաղ­թա­հա­յու­թեան:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մով կա­տար­ուած գնա­հա­տե­լի լուրջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ, ան­շուշտ որ Սփիւռ­քը մաս եւ բա­ժին վերց­նե­լու էր եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը բե­րե­լու էր իր մաս­նակ­ցու­թիւնը այն հա­մա­տա­րած աշ­խա­տան­քին` կեր­տե­լու Հա­յաս­տա­նի Գ. Հան­րա­պե­տու­թիւնը:

Ու այս­պէս մեր նո­րան­կախ պե­տու­թիւնը ու­նե­ցաւ խո­հե­մու­թիւնը, թէ­եւ քիչ մը ուշ, ծնունդ տա­լու Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան: Եւ առն­ուած այդ խո­հեմ քայ­լին հետ, նոյն­քան խո­հեմ եղաւ նշա­նա­կու­մը տի­կին նա­խա­րա­րին` Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նին, որ իր ամ­բող­ջա­կան կո­րո­վով, պե­տա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ, յոգ­նիլ չգիտ­ցող վազ­քով, տես­լա­պաշ­տու­թեամբ  եւ շրջա­հա­յեա­ցու­թեամբ, ահա այ­սօր հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր կ՛առաջ­նոր­դէ նա­խա­րա­րու­թիւնը, իր շուրջ բե­րե­լով որ­քան փոր­ձա­ռու, նոյն­քան` երի­տա­սարդ ու­ժեր:

Եթէ ար­ձա­նագ­րե­լու ըլ­լանք այն վիթ­խա­րի աշ­խա­տան­քը որ տա­րաւ ու կը տա­նի նա­խա­րա­րու­թիւնը, դժուար որ կա­րե­նանք պար­բա­կե­լու զա­նոնք տասն­եակ մը հա­տոր­նե­րու մէջ:  Ամէն բնա­գա­ւա­ռէ ներս Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը կրցաւ կա­մուրջ­ներ հաս­տա­տել Հա­յաս­տան հրա­ւի­րե­լով զա­նա­զան ար­հես­տա­վարժ հա­յեր, հա­մաշ­խար­հա­յին դիր­քե­րու հա­սած ազ­գա­յին­ներ, որոնք բե­րին իրենց ներդ­րու­մը հայ­րե­նի­քի վե­րել­քին:

Մինչ այդ “Արի Տուն“ եւ “Սփիւռք Ամառ­նա­յին Դպրոց“ի ծրա­գիր­նե­րով սփիւռ­քա­հայ մեր նոր սե­րուն­դը ու­նե­ցաւ փոր­ձա­ռու­թիւնը ակա­նա­տե­սի տես­նե­լու ու սի­րե­լու իր պա­պե­նա­կան հայ­րե­նի­քը, իսկ սփիւռ­քի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու ար­մա­տա­ւոր­ման հա­մար ոչ մէկ ճիգ խնա­յեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը:  Ու դեռ Սուր­ի­ա­կան քա­ղա­քա­կան տագ­նա­պով խու­ճա­պա­հար մեր սքան­չե­լի այդ գա­ղու­թին զա­ւակ­նե­րը հա­ւաք­ուե­ցան այն մի­ակ ապա­հով հաս­ցէ­ին, ուր­կէ ծնունդ պի­տի առ­նէր նոր կեանք մը այ­լեւս իրենց հայ­րե­նի­քէն ներս:

Գուր­գու­րա­լու ենք ազ­գո­վին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հնգամ­եա­կին առի­թով շնոր­հա­ւո­րե­լէ բա­ցի, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու ենք հայ­րե­նի մեր պե­տու­թեան եւ նա­խա­րա­րու­թեան, որ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան պահ­պա­նու­մով, սփիւռ­քի տա­րած­քին մեծ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն յա­ջո­ղե­ցաւ ծա­ւա­լել, յատ­կա­պէս հա­յա­պահ­պա­նու­թեան մար­զէն ներս:

Նիւ Եորք

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles