Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2013-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 7-րդ հանդիսութիւնը:
Այս առթիւ, պիտի պարգեւատրուին Զօհրապ Թազեան եւ Պոհճալեան, որոնք յաջորդաբար պիտի ստանան` “Վահան
Քրիս Գարտաշեան“ եւ “Ազատութեան“ շքանշանները:
Զօհրապ Թազեան, որ տարիներ շարունակ ստանձնած է ազգային պաշտօններ, եղած է Հայ Դատի հետեւողական գործիչներէն, շարունակ տրամադրելով ժամանակ եւ իրագործելով զանազան աշխատանքներ: Իսկ Քրիս Պոհճալեան, շնորհիւ իր լոյս ընծայած գիրքերուն, կրցած է ներկայացնել հայութիւնն ու հայկականութիւնը, օտար ընթերցողներուն:
Այս հանդիսութեան պատուոյ հիւրն է Փենսիլվանիոյ նահանգապետ Էտ Ռենտըլը, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատի առնչուող հարցերուն: Ձեռնակը պիտի վայելէ Արեւելեան Ա.Մ.Ն. շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի օրհնութիւնը:
Նշենք թէ, անցեալ տարի այս մեծարանքի հանդիսութիւնը, տեղի ունեցած էր Նիւ Ճըրզիի մէջ, եւ այս առթիւ պարգեւատրուած էին Տոքթ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ պարոնէս Քարոլայն Քոքս:
Այս տարուայ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնի “DoubleTree“ պանդոկին մէջ: Ձեռնարկը պիտի սկսի հիւրասիրութեամբ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ապա 8:00-ին պիտի կատարուի ընթրիքը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապ հաստատել Ճէյմս Գիզիրեանի հետ .-
(267) 767-0453. www.anca.org/erbanquet.